Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

June 28, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ տիրող պատերազմական դրութիւնը եւ Իսրայէլի ու Հըզպալլայի միջեւ առճակատումի աշխարհագրական ընդարձակումը կը գրաւեն միջազգային ուժային կեդրոններու հետեւողական ուշադրութիւնը: Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել շեշտեց պատերազմի դէպի Լիբանան ընդարձակումը կանխելու անհրաժեշտութիւնը, յիշետնելով որ իրավիճակը արդէն խիստ լարուած է: «Նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկած ծրագիրը տակաւին չէ գործադրուած, ռմաբակոծումը եւ քաղաքացիները սովի մատնելու ռազմավարութիւնը կը շարունակուին, մարդասիրական օգնութիւնները մուտք չեն գործեր Կազա», բողոքեց Պորել:

Եւրոմիութենէն պաշտօնատարներու հետ Պրիւքսէլի մէջ տեսակցութիւններ ունեցաւ արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը՝ արծարծելով Հարաւի շուրջ լարուածութիւնը մեղմելու միջոցները՝ խուսափելու տարածաշրջանային բաց առճակատումէ մը: Զրուցակիցները քննարկեցին հակամարտութիւնը խաղաղ դիւանագիտական միջոցներով լուծելու կարեւորութիւնը:

Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը կոչ ուղղեց յարգելու 1701 բանաձեւը: «Փարիզ խիստ մտահոգ է Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական վիճակի վտանգաւորութեամբ», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ: Ֆրանսայի իշխանութիւնները բոլոր կողմերէն պահանջեցին դիմել ինքնազսպումի եւ յարգել 1701 բանաձեւին բոլոր յօդուածները: Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը ամերիկացիներուն վերյիշեցուց, որ այս փուլին անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել Լիբանան ճամբորդելու ծրագրերը, որովհետեւ «ապահովական դրութիւնը բարդ է եւ կրնայ արագօրէն փոխուիլ»: Ըստ դեսպանութեան, Լիբանանի կառավարութիւնը կարողութիւն չունի անակնկալ զարգացումի պարագային երաշխաւորելու ամերիկացիներուն անվտանգութիւնը: Իսկ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտըր Ռոտաքով յստակացուց, որ հակառակ լրատուամիջոցներու տարածած անհիմն տեղեկութիւններուն, Մոսկուա իր քաղաքացիներուն չէ արգիլած Լիբանան ճամբորդել, ոչ ալ այդ մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն հրապարակած է, այլ ինքն է որ հարցազրոյցի մը մէջ ռուսերուն խորհուրդ տուած է յետաձգել ոչ-անհրաժեշտ այցելութիւնները, նկատի առնելով հարաւային զարգացումները: Ռոտաքով միաժամանակ խօսած է կացութիւնը հանդարտեցնելու փորձերուն մասին:

Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան արեւմտեան երկիրները նախօրօք ամբաստանեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան հաւանական գործողութեան զօրակցելու մէջ: «Կը ցաւիմ, որ ազատութեան, արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու մասին խօսող պետութիւններ դարձած են Նեթանիահուի նման մտային հիւանդի մը պատանդը», ըսաւ Էրտողան եւ շրջանի բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց զօրակցելու Լիբանանին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՖԻՏԱՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ

Next Post

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Next Post
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.