Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՖԻՏԱՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ

June 27, 2024
in Հայաստան
0
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՖԻՏԱՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ

 

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ։

Անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ շարունակական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր, անդրադարձած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացները 2022-ի ամռան պայմանաւորուած են բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անցագիր ունեցողներու համար: Եւ չնայած հետագային տարբեր առիթներով վերահաստատած են այս յանձնառութիւնը, միեւնոյնն է այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց չկայ:

Երկու նախարարները հանդիպում ունեցած էին Մարտին, ներկայ գտնուած էին նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչները։

Իսկ մօտ մէկ շաբաթ առաջ հեռախօսազրույց ունեցած էին երկու երկիրներուն ղեկավարները։ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռեճեպ Էրտողանը վերահաստատած էին իրենց քաղաքական կամքը առանց որեւէ նախապայմանի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման վերաբերեալ։ Կարեւորած էին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն շարունակականութիւնը եւ վերահաստատած էին մինչ այժմ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

Շուրջ երեք տասնամեակ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող Երեւանն ու Անքարան առանց նախապայմաններու յարաբերութիւնները կարգաւորելու յայտարարութիւններ կատարեցին 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԻՒՏՃԷԷՆ 50 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԻ ՋՐՀԵՂԵՂԷՆ ՏՈՒԺԱԾ ԱԼԱՎԵՐՏԻԻՆ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.