Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ 15 ՅՈՒԼԻՍԷՆ ԿՐՆԱՆ ԴԻՄԵԼ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԲՆԱԿԵԼԻ ՏԱՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

June 27, 2024
in Հայաստան
0
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ 15 ՅՈՒԼԻՍԷՆ ԿՐՆԱՆ ԴԻՄԵԼ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԲՆԱԿԵԼԻ ՏԱՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

 

Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած մարդիկ 15 Յուլիսէն կրնան դիմել անհատական բնակելի տան կառուցման բաղադրիչէն օգտուելու համար: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնէն:

«Կառավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային ապահովութեան պետական աջակցութեան ծրագրի իրականացման ընթացակարգը հաստատուելէ յետոյ 15 Յունիսէն սկսած է դիմումներու ընդունման գործընթացը։ Առցանց եղանակով դիմում ներկայացնելու հնարաւորութիւն ունին միայն ծրագրի առաջին փուլի պայմանները բաւարարող շահառուները, որոնք կը փափաքին ձեռք բերել բնակարան կամ կառուցուող շէնքէն բնակարան գնելու իրաւունք կամ անհատական բնակելի տուն: Անոնք են՝ երեք եւ աւելի անչափահաս երեխայ ունեցող ընտանիքները, զոհուածի, կերակրողը կորսնցուցածի կամ առաջին կամ երկրորդ խումբի հաշմանդամութիւն ունեցող անդամով ընտանիքները, գործող հիփոթեքային վարկ ունեցող ընտանիքները, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ կազմի ընտանիքները, որոնք պիտի համարուին վարկունակ եւ դրամատունէն պիտի ստանան աջակցութեան առնուազն 50%-ի չափով յաւելեալ վարկ։

15 Յուլիսէն մեր հայրենակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան դիմում ներկայացնելու անհատական բնակելի տան կառուցման բաղադրիչէն օգտուելու համար, իսկ Օգոստոս 1-էն՝ գործող հիփոթեքային վարկի մարման աջակցութեան բաղադրիչէն օգտուելու համար»,- նշուած է Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ի պատասխան հարցումին՝ որո՞նք կը համարուին որեւէ այլ կազմի ընտանիքներ, եւ կրնա՞ն դրամատունէն ստանալ աջակցութեան առնուազն 50%-ի չափով յաւելեալ վարկ, յայտնած են.

«Դիցուկ, ընտանիքը բաղկացած է չորս անդամէ եւ անոնք կը նախընտրեն բնակարանը ձեռք բերել ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի հաշուով 5 միլիոն դրամ արժէքով բնակավայրերէն որեւէ մէկուն մէջ։ Այս պարագային ընտանիքին հասանելիք աջակցութեան չափը պիտի կազմէ 20 միլիոն դրամ, եւ եթէ գործընկեր ֆինանսական կազմակերպութիւնը այդ ընտանիքի վարկունակությեան գնահատման արդիւնքով պիտի որոշէ ընտանիքին տրամադրել եւս առնուազն 10 միլիոն դրամ վարկ՝ իրենց կողմէ մարումները իրականացնելու նպատակով, ապա այս պարագային ընտանիքը կրնայ ընդգրկուիլ ծրագրի առաջին փուլին՝ անկախ այն հանգամանքէն՝ ընտանիքին մէջ կայ երեք եւ աւելի անչափահաս երեխայ, զոհուած, կերակրողը կորսնցուցած, կամ առաջին կամ երկրորդ խումբի հաշմանդամութիւն ունեցող անձ, թէ ոչ»:

Ծրագրի առաջին փուլի շրջանակին մէջ Օգոստոս 1-էն կրնան դիմել նաեւ այն հայրենակիցները, որոնք 16 Մայիս 2024 թուականի դրութեամբ ունին գործող հիփոթեքային վարկ։ Այս պարագային աջակցութեան չափը ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի հաշուով պիտի կազմէ 2 միլիոն դրամ, բայց ոչ աւելի քան դիմելու պահին այդ հիփոթեքային վարկի մնացորդային գումարի չափն է (բացառութեամբ, եթէ գոյքը կը գտնուի կամ կը կառուցուի Երեւան քաղաքի վարչական տարածքին ներառուած առաջին կամ երկրորդ գօտիին մէջ)։

16 Մայիս 2024 թուականէն յետոյ հիփոթեքով բնակարան ձեռք բերած ընտանիքները չեն կրնար օգտուիլ ծրագրէն։

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ ՀԻՆԳ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՃԱԾ Է 11,2 ՏՈԿՈՍՈՎ

Next Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է, ԹԷ ԵՐԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԵՆ ՆՈՐ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

Next Post
ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է, ԹԷ ԵՐԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԵՆ ՆՈՐ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է, ԹԷ ԵՐԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԵՆ ՆՈՐ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.