Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ ՀԻՆԳ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՃԱԾ Է 11,2 ՏՈԿՈՍՈՎ

June 27, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ ՀԻՆԳ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՃԱԾ Է 11,2 ՏՈԿՈՍՈՎ

 

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը այս տարուայ Յունուար-Մայիս ամիսներուն 11,2 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ:

Այս մասին կը փաստեն ՀՀ Վիճակագրական կոմիտէին հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը Յունուար-Մայիս ամիսներուն նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 22 տոկոսով:

Շինարարութեան ծաւալը 2024-ի առաջին 5 ամսուան մէջ աւելցած է 14,9 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեան մէջ աճը եղած է 24,6 տոկոս: Նոյն ժամանակահատուածին մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը աւելցած է 3,7 տոկոսով:

2024 թուականի Յունուար-Մայիսին սպառողական գիներու ցուցակը նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 0,8 տոկոսով, իսկ արդիւնաբերական արտադրանքի գիներուն ցուցակը աւելցած է 2,2 տոկոսով: Ելեկտրուժի արտադրութեան ծաւալներուն մէջ արձանագրուած է 1,5 տոկոս աճ:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը այս տարուայ առաջին հինգ ամսուան մէջ 2023-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 2,2 անգամ: Ընդ որում՝ արտահանումը աճած է 2,5 անգամ, իսկ ներմուծումը՝ 99,6 տոկոսով:

Դրամի փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարին նկատմամբ Յունուար-Մայիս ամիսներուն կազմած է 397.69 դրամ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՖԻՏԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ 15 ՅՈՒԼԻՍԷՆ ԿՐՆԱՆ ԴԻՄԵԼ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԲՆԱԿԵԼԻ ՏԱՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Next Post
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ 15 ՅՈՒԼԻՍԷՆ ԿՐՆԱՆ ԴԻՄԵԼ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԲՆԱԿԵԼԻ ՏԱՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ 15 ՅՈՒԼԻՍԷՆ ԿՐՆԱՆ ԴԻՄԵԼ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԲՆԱԿԵԼԻ ՏԱՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.