Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԿԸ ՓՈՐՁԵՆՔ ՀԱՍՆԻԼ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԻ»

June 27, 2024
in Միջազգային
0
«ԿԸ ՓՈՐՁԵՆՔ ՀԱՍՆԻԼ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԻ»

 

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթի հետ գումարած ժողովէն ետք յայտարարեց, թէ կը փորձեն դիւանագիտական լուծում գտնել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանային շրջաններու բնակչութիւնը վերադարձնելու համար իրենց բնակավայրերը: Ան զգուշացուց, թէ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի բռնկումը պիտի ըլլայ կործանարար: Օսթըն աւելցուց, որ այսպիսի պատերազմ մը կրնայ դիւրութեամբ վերածուիլ շրջանային մեծ բախումի: Ան վերահաստատեց ԱՄՆ-ի նեցուկը Իսրայէլի պետութեան:

Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, թէ պայմանաժամը որ տրուած է՝ հասնելու համար դիւանագիտական լուծումի լիբանանեան կողմին հետ, սկսած է մօտենալ իր աւարտին: Ան աւելցուց, որ պատրաստ են ամէն տեսակի լուծումի՝ փոխելու համար վիճակը հիւսիսային սահմանին վրայ:

Իսրայէլի կառավարութիւնը երկարաձգեց հիւսիսային շրջաններէն գաղթած ընտանիքներու պանդոկի մէջ մնալու պայմանաժամը մինչեւ Օգոստոս ամսուան վերջը:

Share61Tweet38
Previous Post

Next Post

ՎԻՃԱԿԸ ՊԷՏՔ Է ՓՈԽՈՒԻ

Next Post
ՎԻՃԱԿԸ ՊԷՏՔ Է ՓՈԽՈՒԻ

ՎԻՃԱԿԸ ՊԷՏՔ Է ՓՈԽՈՒԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.