Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՄԱԿ ՄՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

June 21, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՄԱԿ ՄՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ՄԱԿ մշտական համակարգող Ֆրանսուազ Ժաքոպը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են աշխատանքի եւ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ շարունակական համագործակցութեան, համատեղ իրականացուած ծրագրերու արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ գործող ծրագրերու ընթացքին առնչուող շարք մը հարցեր։

Ընդգծելով ՄԱԿ-ի կառոյցներուն հետ ունեցած ոլորտային արդիւնաւէտ համագործակցութեան դերը՝ նախարար Մկրտչեան բարձր գնահատած է վերջիններուս ներդրումը Հայաստանի մէջ իրականացուող առանցքային բարեփոխումներուն աջակցելու գործին մէջ։ Այս առումով, մասնաւորապէս, շեշտուած է համատեղ իրականացուած աշխատանքներուն կարեւորութիւնը աշխատանքի եւ զբաղուածութեան, ընկերային աջակցութեան, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, կանանց հիմնահարցերու եւ մարդոց թրաֆիքինկի ոլորտներուն մէջ։

«ՄԱԿ-ի կառոյցներուն հետ ունինք համագործակցութեան լայն շրջանակ, որ կ՛ընդգրկէ աշխատանքի եւ ընկերային պաշտպանութեան համակարգի գրեթէ բոլոր ոլորտները։ Ուրախ ենք եւ պատրաստակամ՝ շարունակելու համատեղ աշխատանքները ինչպէս արդէն նախանշուած, այնպէս ալ նոր ուղղութիւններով»,- նշած է նախարարը։

Անդրադառնալով ոլորտային ռազմավարություններուն՝ Նարեկ Մկրտչեան ներկայացուցած է ժողովրդագրութեան, զբաղուածութեան, ընկերային աջակցութեան ոլորտներուն մէջ սահմանուած առաջնահերթություններն ու այդ ուղղութեամբ նախատեսուող աշխատանքները։ Նախարարը նշած է, որ աշխատանքի եւ զբաղուածութեան ոլորտի գերակայութիւններուն անդրադարձ կատարուած է նաեւ օրերս Ժընեւի մէջ կայացած Աշխատանքի միջազգային համաժողովի 112-րդ նստաշրջանին, որու շրջանակին մէջ քննարկուած են նաեւ աշխատանքային իրաւունքներու խթանման, կայուն զբաղուածութեան ապահովման, արժանապատիւ աշխատանքի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի ուղղութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր։

Ֆրանսուազ Ժաքոպը եւս շեշտած է նախարարութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ վերահաստատած է պատրաստակամութիւնը՝ ներդնելու անհրաժեշտ միջոցներ ու ջանքեր՝ ոլորտի զարգացման ուղղութեամբ։

Հանդիպման աւարտին կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են գործնականին մէջ ընթացք տալու քննարկուած հարցերուն։

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ՊԱՀԵՍՏԱԶՕՐԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԵՌԱՄՍԵԱՅ ՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐ ԿԱՅԱՑՆԵԼ

Next Post

ՀՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՒ ՄԱԼԹԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԵՐԿԿՈՂՄ ԵՒ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱԿ

Next Post
ՀՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՒ ՄԱԼԹԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԵՐԿԿՈՂՄ ԵՒ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱԿ

ՀՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՒ ՄԱԼԹԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԵՐԿԿՈՂՄ ԵՒ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.