Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ՄԻՊ ԱՆԱՀԻՏ ՄԱՆԱՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆ ԷՆՏՐՈՒ ԹԸՐՆԵՐԸ

June 21, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ՄԻՊ ԱՆԱՀԻՏ ՄԱՆԱՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆ ԷՆՏՐՈՒ ԹԸՐՆԵՐԸ

 

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրու Թըրնըրը։

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Արքթիքայի հարցերով ղեկավար, Եւրասիոյ եւ Եւրոպայի հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ռոպերթ Սինքլըրը եւ դեսպանի խորհրդական Աարոն Քոն:

Ողջունելով հիւրերը՝ Անահիտ Մանասեան ներկայացուցած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի լիազօրութիւններուն շրջանակը՝ որպէս սահմանադրական մարմին, աշխատանքային առաջնահերթութիւնները, գործունէութեան ուղղութիւնները։

Անդրադարձ կատարուած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հաւաքներուն, այդ ընթացքին արձանագրուած մարդու իրաւունքներու խախտումներուն։ Այս ծքիրին մէջ Պաշտպանը նշած է, որ 12 Յունիս-ին աշխատակազմին հետ այցեր իրականացուցած է Ոստիկանութեան բաժիններ եւ բժշկական հաստատութիւններ, հանդիպած է հաւաքին բժշկական օգնութիւն ստացող մասնակիցներուն եւ Ոստիկանութեան ծառայողներուն, արձանագրած է խնդիրները։ Անոնք, այդ շարքին` Ոստիկանութեան կողմէ յատուկ միջոցներու կիրառման հարցը, քննարկման ընթացակարգի շրջանակներուն մէջ այս պահին կ՛ուսումնասիրուին Պաշտպանի աշխատակազմին մէջ։ Ուսումնասիրութեան բերումով Պաշտպանը պիտի ներկայացնէ իր դիրքորոշումը յատուկ միջոցներու կիրառման իրաւաչափութեան վերաբերեալ։

Պաշտպանը ընդգծած է նաեւ ոստիկանութեան բարեփոխումներուն կարեւորութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պատշաճ համակարգի արմատաւորման տեսանկիւնէն։ Քննարկուած են նաեւ հաւաքներու ազատութեան իրաւունքին, խօսքի ազատութեան իրաւունքին առնչուող հարցեր։

Զրուցակիցները քննարկած են ներկայիս Հայաստանի մէջ իրաւահաւասարութեան երաշխաւորման եւ հակախտրականութեան ոլորտին մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն առնչուող հարցեր։ Այս ծիրին մէջ, Պաշտպանը ընդգծած է ատելութեան խօսքի, խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի անթոյլատրելի ծաւալները այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ անոր դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անձամբ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին եւ աշխատակազմին կողմէ իրականացուած փաստահաւաք աշխատանքներուն։

Փաստագրուած տեղեկութիւնները ամփոփուած են Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի արտահերթ զեկոյցին մէջ, որ իսկութիւնը ապացուցող խորհրդապահական հատուածով Պաշտպանին կողմէ ներկայացուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մանտաթ ունեցող միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ դերակատարներուն։

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Պաշտպանին ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ քննարկման համար։

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԸ ԵՒ ՎԱՍԻԼԻՍ ՄԱՐԱԿՈՍԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՄ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ՊԱՀԵՍՏԱԶՕՐԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԵՌԱՄՍԵԱՅ ՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐ ԿԱՅԱՑՆԵԼ

Next Post
ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ՊԱՀԵՍՏԱԶՕՐԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԵՌԱՄՍԵԱՅ ՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐ ԿԱՅԱՑՆԵԼ

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ՊԱՀԵՍՏԱԶՕՐԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԵՌԱՄՍԵԱՅ ՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐ ԿԱՅԱՑՆԵԼ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.