Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

June 21, 2024
in Միջազգային
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթ կոչ ուղղեց ընդարձակ հետաքննութիւն բանալու 7 Հոկտեմբերի պաղեստինեան յարձակումին նախորդած տասնամեակի իրականութիւններուն շուրջ, յայտնաբերելու համար այդ սխալները, որոնք Համասին հնարաւորութիւն տուած են ծրագրելու եւ իրականացնելու 7 Հոկտեմբերի յարձակումը: Անոր խօսքով, անհրաժեշտ տեղեկութիւններուն ամբողջական բացակայութիւնը դիւրացուցած էր պաղեստինեան գործողութիւնը: Նեթանիահուի որդին, միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժի հրամանատարին հարց տուաւ, թէ ուր կը գտնուէր Համասի յարձակումին ընթացքին:

Իսրայէլեան բողոքի շարժումներու ծիրին մէջ, հազարաւոր քաղաքացիներ երէկ ցոյց մը կազմակերպեցին իսրայէլեան Քնէյսէթին առջեւ, դատապարտեցին վարչապետ Նեթանիահուի կառավարութեան քաղաքականութիւնները: Ցուցարարները շեշտեցին, որ Նեթանիահու ձախողած է զսպել Համասի վտանգը:

 

 

 

Ամերիկեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն չ՛ուզեր նոր պատերազմ տեսնել Միջին Արեւելքի մէջ, մինչ Իսրայէլ կ’ամբողջացնէ Լիբանանի մէջ գործողութիւն իրականացնելու ծրագրերը: Մեկնաբանելով այդ ծրագրերը, Փենթակոն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն չ՛ուզեր նոր պատերազմի բռնկումը շրջանին մէջ:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ նախագահ Ճօ Պայտընի տեսակցութիւնը չեղարկելու ամերիկեան որոշումը ցոյց կու տայ, որ Նեթանիահուի քաղաքականութիւնները եւ արարքները պիտի ունենան հետեւանքներ: Նշենք, որ ամերիկեան վարչակազմը վերջերս կը բարձրաձայնէ իսրայէլեան կառավարութեան նկատմամբ ունեցած մտահոգութիւնները եւ դժգոհութիւնը, մինչ Նեթանիահու կը վստահեցնէ, որ ռազմական գործողութիւններու ծրագիրը պիտի շարունակէ, անտեսելով ամերիկեան մեկնաբանութիւնը:

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին գրասենեակը եւս մտահոգութիւն յայտնեց Կազայի մէջ քաղաքացիական թիրախներու շարունակական թիրախաւորումին առնչութեամբ: «Իսրայէլեան ուժերը գուցէ շարունակաբար խախտած են ռազմական կանոնները եւ չեն կրցած զանազանել քաղաքացիներուն եւ զինեալներուն միջեւ», յայտարարեց գրասենեակը, գնահատում կատարելէ ետք իսրայէլեան վեց գործողութեան, որոնք պատճառած են բազմաթիւ քաղաքացիական զոհեր: Յայտարարութիւնը ցաւ յայտնեց նաեւ, որ նշեալ յարձրակումերէն ոմանք տեղի ունեցած են ամիսներ առաջ, սակայն իսրայէլեան կողմը որեւէ հետաքննութիւն չէ կատարած եւ պատասխանատուութիւններ չէ ճշդած:

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Next Post

ՌՈՒՍ-ՔՈՐԷԱԿԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՌՈՒՍ-ՔՈՐԷԱԿԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

ՌՈՒՍ-ՔՈՐԷԱԿԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.