Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

June 21, 2024
in Լիբանանեան, Միջազգային
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

 

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթ յայտնեց, որ «Հըզպալլա պատերազմ սկսաւ, իսկ մեր պարտականութիւնն է փոխել իրավիճակը»: Իսկ Իսրայէլի մէջ Կիպրոսի դեսպանը դիտել տուաւ, որ «երբ մեզի կը սպառնայ Նասրալլայի նման անձ մը, անշուշտ պիտի հահադարձենք»:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը այցելեց Լիբանանի հետ սահմանային գօտի, ուր ստուգեց զինուորական դիրքերը եւ նախապատրաստութիւնները, ապա յայտնեց, թէ «բանակը ունի ռազմական շատ մեծ հնարաւորութիւններ, իսկ մեր թշնամին ծանօթ է միայն անոր մէկ փոքր մասին»: Բանակի բանբերը, իր կարգին, վերահաստատեց, որ «զինուած ուժերը պատրաստ են բոլոր հաւանականութիւններուն», աւելցնելով որ Լիբանանի հետ որեւէ առճակատում պիտի աւարտի համաձայնութեամբ: «Մենք յանձնառու կը մնանք ահմանային բնակավայրերու բնակիչները տուն վերադարձնելու խոստումին», ըսաւ բանբերը:

Իսրայէլեան օդուժը քանի մը յարձակում գործեց Սուրի Շարպիհա եւ Պուրղուլիա շրջաններուն վրայ, որոնք թիրախաւորուած էին նաեւ նախանցեալ օր: Ըստ իսրայէլեան կողմին, նշեալ շրջանին մէջ հիմնայատակ կործանուած է Հըզպալլային կողմէ ռազմական նպատակներով գործածուող շէնք մը:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ լիբանանեան հողերէն «Քաթիուշա» տիպի 10 հրթիռ արձակուած է սահմանային Քրիաթ Շեմոնա բնակավայրին ուղղութեամբ, վնասներ պատճառելով բնակավայրին արդիւնաբերական շրջանին: Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, թէ հրետանիով եւ հրթիռներով թիրախաւորած է նշեալ բնակավայրին մերձակայ զօրամասը, պատճառելով նիւթական ծանր վնասներ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ տեղեկութիւններ հրապարակեցին նաեւ Հայֆայի շրջանին մէջ Հըզպալլայի իրականացուցած «Յոպոպ» գործողութեան մասին: Այնտեղ, Հըզպալլայի ուղարկած անօդաչու թռչող «Յոպոպ» տիպի լրտես սարքերը ժամերով սաւառնած եւ նկարահանումներ իրականացուցած են, խուսափելով իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներէն: Իսրայէլեան բանակը միայն երէկ յայտարարեց Հըզպալլայի երեք սարքերու ներթափանցումին մասին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՄ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.