Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ԱՇԽԱՏԻԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՕՊՐԱՅԸՆ

June 12, 2024
in Հայաստան
0
«ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ԱՇԽԱՏԻԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»  Կ՛ԸՍԷ ՕՊՐԱՅԸՆ

 

Հայաստանի քաղաքական զարգացումները կ՛արտացոլեն Հայաստանի ժողովուրդին ժողովրդավարական յաւակնութիւնները։

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան նիստի ժամանակ ունեցած ելոյթին այս մասին ըսաւ ԱՄՆ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործերու փոխնախարար Ճէյմզ Օպրայընը։

«Մեզի համար ոգեւորիչ է տեսնել այն մեծ քայլերը, որ կառավարութիւնը կատարած է, որոշները նաեւ մեր աջակցութեամբ՝ իրաւունքի գերակայութիւնը դարձնելով հիմնարար, պայքարելով փտածութեան դէմ, հնարաւորութիւն տալով մարդոց իրենց դիրքորոշումները ժողովրդավար կերպով յայտնելու։ Մենք կ՛աջակցինք այս բոլոր ջանքերուն»,- նշեց Օպրայըն։

Ան յաւելած է, որ ԱՄՆ նաեւ կ՛աջակցի տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատի տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ։

«Գիտենք, որ Հայաստանի համար անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը կողք-կողքի գոյութիւն ունին։ Այդ ուղղութիւններով իրականացուող բոլոր ջանքերուն կ՛աջակցինք։ Մենք կ՛աջակցինք նաեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն։ Մենք կ՛աշխատինք տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ՝ Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միջերկրական ծով։ Եթէ տեւական խաղաղութիւն ըլլայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ, ապա այդ հնարաւորութիւնները աւելի լայն պիտի ըլլան»,- մանրամասնեց ԱՄՆ արտաքին գործերու փոխնախարարը։

Ան յիշեցուց, որ վերջերս Հայաստան այցելած էր ԱՄՆ արտաքին գործերու փոխնախարարներէն Պրենտըն Եոտըրը, որ կը համակարգէ թմրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան հարցերը։

«Մենք պիտի շարունակենք արդարադատութեան բարեփոխումներու ոլորտին մէջ աշխատանքները։ Մենք նաեւ պաշտպանութեան, անվտանգութեան հարցերով պիտի շարունակենք աշխատիլ։ Նախորդ տարի տեղի ունեցաւ մեր համատեղ առաջին զօրավարժութիւնը, մենք կը սպասենք աւելիին։ Կ՛ակնկալենք աշխատիլ կիպեռանվտանգութեան, սահմաններու, ուժանիւթային, պարէնային անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։ Մենք պատրաստ ենք աջակցելու Հայաստանին։ Մեր ծրագիրը այն է, որ այս ռազմավարական երկխօսութիւնը փոխարինենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովով, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ աւելի մեծ խորութեամբ կառուցել փոխգործակցութիւնը»,- եզրափակեց Ճէյմզ Օպրայըն։

Share61Tweet38
Previous Post

ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱԳՆ-ԷՆ ՊԱՐԲԵՐԱԲԱՐ ՀՆՉՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՕԳՏԱԿԱՐ ՉԻ ՀԱՄԱՐԵՐ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՍՆԷ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՍՆԷ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՍՆԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.