Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՊԱՆԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

June 12, 2024
in Միջազգային
0
ՍՊԱՆԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

 

Ամմանի մարդասիրական համագումարին մասնակցող Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչէզ յայտարարեց, թէ իր երկիրը 60 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ պաղեստինցիներու օժանդակութեան համար: Ան աւելցուց, որ օրէնքը պէտք է ըլլայ գերակայ եւ այս է պատճառը որ իրենք միացան Հարաւային Ափրիկէին պաղեստինցիներու իրաւունքի պաշտպանութեան դատին մէջ: Վարչապետը հաստատեց, որ պէտք է աւելցնել օժանդակութիւնը պաղեստինցի գաղթականներու հարցով զբաղող  ԻՒՆՐՈՒԱ-ին ու Կազայի բնակչութեան:

Նոյն համագումարի ընթացքին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ յայտարարեց, թէ Կազայի բնակչութեան 80 առ հարիւրը զուրկ են ըմպելի մաքուր ջուրէ: Ապահով շրջան չկայ Կազայի մէջ, ըստ ընդհանուր քարտուղարին: Ճամբաները փակ են ու պարէն մեծ դժուարութեամբ կը հասնի գաղթականներուն: Կութերէշ կոչ ուղղեց անյապաղ զինադադար հաստատելու Կազայի մէջ՝ բնակչութիւնը փրկելու համար ներկայի աղիտալի վիճակէն:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄՆ ՊԻՏԻ ՕԺԱՆԴԱԿԷ

Next Post

ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՁԵՌՔՆ Է

Next Post
ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՁԵՌՔՆ Է

ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՁԵՌՔՆ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.