Անցեալ դարասկիզբին հայ ժողովուրդի տիտաններուն հերոսական պատգամը վերստին բարձրաձայնելու եւ վերանորոգ կամքով մերօրեայ խնդիրները դիմագրաւելու վճռականութեամբ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ոգեկոչեց կուսակցութեան Քսան անմահ ղեկավարներուն նահատակութեան 109-ամեակը:
Հայկական միասնականութիւնը մարմնաւորող եւ լիբանանահայութեան համագործակցական ոգին դրսեւորող պատկերով մը, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան սրահը Ուրբաթ, 7 Յունիսի երեկոյեան, հիւրընկալեց ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանը, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանի ղեկավարները, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսը, լիբանանահայ միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչները:
ՀՄՄ-ի փողերախումբին կողմէ քայլերգներու կատարումէն ետք, ոգեկոչումի հանդիսութիւնը սկսաւ Վարիչ մարմինի ատենադպիր ընկ. Տիգրան Միհրանեանի բացման խօսքով: Ան նաեւ ստանձնեց հանդիսավարի պարտականութիւնները:
ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Քսաններու նահատակութեան պատգամը ուսանելի է հայկական եւ համամարդկային առումով, որովհետեւ ոչ միայն հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի ամէնէն փայլուն էջերէն է, այլեւ անքակտելի օղակ է օսմանեան բռնատիրական կայսրութեան մէջ ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրութեան եւ ժողովրդավարացումի համար տարուող պայքարի համամարդկային յեղափոխութեան: Ընթերցելով «Հնչակ» օրկանի Յուլիս 1915-ի թիւին մէջ Քսաններու նահատակութեան նուիրուած առաջնորդող յօդուածէն հատուածներ, ընկ. Տագէսեան նշեց. «Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր կոչերով Իթթիհատի դիւային ծրագրերը մերկացուց, ցուցամատովը գծեց փրկութեան միակ ճամբան՝ յեղափոխութեան ճամբան: Մեր այսօրուայ արիւնածարաւ ոսոխներն ալ վերջապէս պիտի խորտակուին յեղափոխութեան անվրիպելի հարուածներէն եւ իրենց աւերակի վերածած երկիրին վրայ պիտի բարձրանայ ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»:
Ընկ. Տագէսեան ապա յիշեցուց, որ եթէ Քսաններուն ծրագիրը իրապէս յաջողէր, ապա պիտի խնայուէր կեանքը հարիւր հազարաւոր հայերու, արաբներու, քիւրտերու, յոյներու, եզտիներու եւ այլ ժողովուրդներու: «Այդ պարագային Իթթիհատի կառավարութիւնը պիտի տապալէր, Թուրքիա դուրս պիտի գար Համաշխարհային առաջին պատերազմէն եւ այս տարածաշրջանին ճակատագիրը ամբողջութեամբ ուրիշ պիտի ըլլար հայերուն եւ այլ ժողովուրդներու համար», ըսաւ ան, ապա նշեց, որ անդրադառնալով նորօրեայ զարգացումներուն, այս օրը առիթ է պատասխանատու գիտակցութեամբ ժողովուրդի դատողութեան առջեւ դնելու ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինին գործունէութիւնը: «Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ պահովական անօրինաչափ պայմաններուն տակ, Վարիչ մարմինը իր բոլոր ջանքերը կեդրոնացուց կուսակցութեան կառոյցներն ու յարակից միութիւնները կանգուն ու աւելի բարւօք վիճակի հասցնելու, համախմբեց կուսակցութեան բոլոր ընկերերը, ամուր կապեր պահեց հայ երեք յարանուանութիւններուն, հոգեւոր իշխանութիւններուն, հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ գաղութային բոլոր կառոյցներուն հետ», ըսաւ ան եւ անվերադարձ որոշում համարեց լիբանանահայութեան միասնականութեան պահպանումը, պատրաստակամութիւն յայտնեց գործելու յանուն հաւաքականութեան եւ նոյնը ակնկալեց բոլորէն: Անդրադառնալով վերջերս ամէն տեղ մտահոգութիւն յառաջացնող ընկերային հաղորդակցութեանց ցանցերու ժխտական երեսին, ընկ. Տագէսեան յայտարարեց, թէ «մեր երեխաները, պատանիներն ու երիտասարդները այդ վտանգներէն պաշապանելու նպատակով շատ խիստ միջոցներու ձեռնարկած ենք, կապի մէջ ենք հայկական կազմակերպութիւններուն հետ՝ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու մեր աշխատանքները եւ վտանգազերծելու այդ կործանարար ցանցերը»: Ան վերահատատեց նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան յանձնառութիւնը համայնքի միասնականութեան եւ համագործակցութեան՝ ի շահ Լիբանանին ու լիբանանահայութեան:
Յատուկ այս առթիւ հիւրաբար Լիբանան գտնուող՝ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան օրուան գլխաւոր պատգամը նուիրեց հայկական արդի զարգացումներուն եւ կուսակցութեան դիրքորոշումներուն: Անհրաժեշտ համարելով ամբոխավարութեան փոխարէն իրապաշտ եւ առարկայական միտքերու արտայայտումը, ընկ. Սարաֆեան շեշտեց անկեղծ ըլլալու հրամայականը, որովհետեւ այլ ձեւով կարելի չէ վարուիլ այսօրուայ մարտահրաւէրներուն հետ: Խօսելով այս օրերուն գլխաւոր նիւթ համարուող սահմանազատումի թղթածրարին մասին, ընկ. Սարաֆեան անհրաժեշտ համարեց սահմանագծումն ու սահմանազատումը, սակայն դիտել տուաւ, թէ Հնչակեան կուսակցութիւնը գոհ չէ այս հոլովոյթի ներկայի պայմաններէն: «Այնուամենայնիւ, մենք մեզի պէտք է հարց տանք, թէ ինչ է այլընտրանքը, որ հակառակորդին պարտադրենք մեր պայմանները», ըսաւ ատենապետ ընկերը՝ կոչ ուղղելով խուսափելու առանց այլընտրանք ունենալու հռետորական ուղերձներ արտասանելէ, որովհետեւ այլընտանքը պատերազմն է: Այն ինչ կը վերաբերի միջանցքի հարցին, ղեկավար ընկերը զգուշացուց Հայաստանի ինքնիշխանութենէն զիջելու վտանգներէն եւ ընդգծեց, որ եթէ համաձայնութիւն գոյանայ միջանցքին շուրջ, ապա ան պէտք է ըլլայ հայկական գերիշխանութեան տակ եւ անոր զոյգ կողմերուն պէտք է գտնուին հայ սահմանապահները:
Ան բացատրեց, թէ 44-օրեայ պատերազմը սթափութիւն եւ պատասխանատուութիւն վերականգնելու կոչ էր, ուստի այսօր եւս պէտք է ըլլալ իրապաշտ եւ առարկայական, որպէս պետութիւն եւ կազմակերպութիւններ, խուսափելով սին երազներէն: «Մենք պիտի շարունակենք ունենալ հայրենիքին եւ Հայ դատին վերաբերեալ մեր երազներն ու նպատակները, սակայն այսօր առաջնահերթ է հայրենիքին անվտանգութեան պահպանումը, անոր ներկան ու ապագան», ըսաւ ընկ. Սարաֆեան:
Ընկեր Սարաֆեան խօսեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ յարաբերութիւններուն մասին ու շեշտեց, որ ռուս-ուքրանական պատերազմը փոխած է համաշխարհային իրավիճակը, պէտք չէ ակնկալել, որ Ռուսիան անվերապահ պիտի հասնի մեր օգնութեան, այլ չափէն աւելի սերտ յարաբերութիւններու մէջ է Ատրպէյճանի հետ: Նշելով, թէ հասած ենք փուլի մը, երբ Հայաստան պիտի առնէ իր պետական շահերէն մղուած քայլեր, որովհետեւ մենք որեւէ այլ երկրի պատասխանատու չենք եւ ուրիշին հաճոյանալու կամ մտահոգութիւնները փարատելու դիրքի մէջ չենք, ընկ. Սարաֆեան կարեւորեց բազմաբեւեռ յարաբերութիւններու մշակումը եւ կոչ ուղղեց մտերմանալու մանաւանդ այն ուժերուն հետ, որոնք զանազան նկատառումներով աւելի մեծ կարեւորութիւն կու տան Հայաստանին: Ան սակայն զգուշացուց այն կոչերէն, որոնք կը պահանջեն բոլորովին հրաժարիլ Ռուսիոյ հետ պատմական մտերմութենէն եւ անցնիլ արեւմտեան ճակատ: Ան ընդգծեց, որ վերջին տարիներու միջադէպերը ապացուցեցին, թէ Հայաստան պաշտպան կամ փրկիչ չունի, այլ մենք ենք մեր միակ ապաւէնը, այլապէս որեւէ կողմ պիտի չհասնի օգնութեան: «Ուստի պէտք չէ թերագնահատենք թշնամիին կարողութիւնները եւ գերագնահատենք մերը, այնպէս ինչպէս կատարեցինք տարիներ շարունակ», ըսաւ ան: Անդրադառնալով քաղաքական ներքին հարցերուն, ընկ. Սարաֆեան շեշտեց, որ եկեղեցին պէտք է ստանձնէ ազգայինի պաշտպանութեան եւ միաւորողի դերը եւ խուսափի բաժանարար գիծերէն եւ քաղաքական նեղ առճակատումէն: Ընկ Սարաֆեան կոչ ուղղեց չենթարկուելու թշնամիի ծածուկ դաւերուն, այլ ցուցաբերելու միասնութիւն: «Այսօր շատ հարցեր կան հայրենիքի մէջ, սակայն կարեւորագոյնը այժմ պետութեան պահպանումն է, արտաքին վտանգի չէզոքացումը, հրաժարելով ներքին խնդիներէն եւ պատրաստուիլ վտանգին իրապաշտ ձեւով», ըսաւ ընկ. Սարաֆեան եւ զգուշացուց, թէ հայաստանեան ներքին քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք չէ խնդիրներ հրահրեն Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ այսօրուայ միասնական իրավիճակին հասնելու համար երկար ժամանակ եւ ջանք տրամադրուած է:
Իր ուղերձը դրականութեամբ եզրափակելով, ընկ. Համբիկ Սարաֆեան նշեց, որ Ապրիլէն ի վեր կան դրական քայլերու նշաններ՝ արտաքին միջնորդութեամբ հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան առաջին քայլեր: «Դժուարութիւները շատ են, սակայն ես Երեւանի փողոցներուն վրայ ժպիտ տեսայ, ապագայի նկատմամբ յոյս տեսայ, ուստի կը շարունակեմ հաւատալ, որ հայրենիքը պիտի մնայ կանգուն, իսկ մեր պարտականութիւնն է աջակցիլ հայրենիքին մինչեւ այն օրը, երբ վերջնականապէս հանգրուանենք մեր հայրենիքին մէջ», ըսաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:
Գեղարուեստական յայտագրի ծիրին մէջ, հանդիսութեան բացումը «Արցախ» պարով կատարած էր Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ԱՐԵԳ պարախումբը, ապա ազգային եւ հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան Լարիսա Աւետիսեանն ու ընկ. Յովիկ Թաֆրանեանը: Ելոյթը եզրափակուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ «Ուխտի հրաւէր»-ի միացեալ կատարումով: