Լիբանանահայ նորահաս սերունդներու ծառայութեան նուիրուած ՀԿԲՄ-ի Սահակեան Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, տակաւին տարի մը առաջ ամբողջացուցած ըլլալով իր պանծալի հարիւրամեակը:
Գոլէճի 12-րդ աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխումի սպասուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2024-ի երեկոյեան, վարժարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, եւ իրենց զաւակներուն այս յաջողութեամբ խանդավառ ծնողներու եւ հարազատներու: Ժպիտը անպակաս էր «Արմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահին մէջ մէկտեղուած հարազատներու, բարեկամներու եւ հիւրերու դէմքէն, որովհետեւ բոլորը ժամանած էին տօնելու խումբ մը աշակերտներու դպրոցէն մեկնումը դէպի համալսարան եւ կեանքի ասպարէզ:
Շրջանաւարտներու խորհրդաւոր մուտքէն ետք, Փաթիլ Յակոբեան հակիրճ խօսքով ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց, թէ այս օրը իրենց՝ շրջանաւարտներուն համար կեանքի ամէնէն կարեւոր պահերէն մէկն է: Ապա յաջորդաբար հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով իրենց վկայման ուղերձները արտասանեցին Մարի-Սիպէլ Կիւլեանը, Սիէլ Ուլիկեանն ու Տեսիլ Քէշիշեանը: Անոնք վեր առին Սահակեանի դերը իրենց կեանքին մէջ, երախտագիտութիւն յայտնեցին ծնողաց եւ ուսուցիչներուն ու շեշտեցին, որ Սահակեանի տրամադրած զէնքերով, այսօր պատրաստ են դիմագրաւելու կեանքի բազում մարտահրաւէրները: Մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Սահակեանի մէջ շրջանաւարտներուն յուշերը ամփոփող տեսանիւթ մը, որմէ ետք մատուցուեցաւ քանի մը պար ու երաժշտութիւն՝ դաշնամուրով եւ կիթառով:
Տարեշրջանը եզրափակող իր խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն Կարօ Ղազարեան ամփոփեց 2023-2024-ի աշխատանքները, մարտահրաւէրներն ու յաջողութիւնները, երախտագիտութիւն յայտնելով վարժարանի մայր միութեան՝ Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան վարչութեան անմիջական օժանդակութեան: Ան կոչ ուղղեց յոտնկայս ծափահարելով գնահատելու շրջանաւարտներուն ծնողները, որոնք տարիներ շարունակ ոչ մէկ ջանք խնայած են յանուն իրենց զաւակներու բարօրութեան: Ղազարեան շրջանաւարտներուն յորդորեց չվախնալ կեանքի մարտահրաւէրներէն, չյուսահատիլ խոչընդոտներու առջեւ, այլ սահակեանցիի անկոտրում կամքով միշտ առաջ ընթանալ՝ ծարաւ ուսումի եւ զարգացումի: Ան ապա օրուան ամէնէն կարեւոր հատուածին՝ վկայականներ յանձնելու համար բեմ հրաւիրեց ընկ. Վանիկ Տագէսեանն ու ՀԿԲՄ-ի ատենապետ, ՊԷյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արամ Մալեանը: Եւ մինչ ուրախ ծնողները կը վայելէին անկրկնելի պահը, շրջանաւարտ Սիէլ Ուլիկեան Սահակեանի անմար ջահը փոխանցեց 11-րդ դասարանի աշակերտներէն Վանիկ Մալճեանին:
Հուսկ բանքը այս տարի վստահուած էր «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի ընկ.հի Անի Եփրեմեանին, որ վստահեցուց, որ Սահակեանի յարկին տակ շրջանաւարտներուն ստացած կազմաւորումը խթան պիտի հանդիսանայ յաջողութեամբ շրջանցելու կեանքի բոլոր մարտահրաւէրները: «Պինդ պահեցէք այս դպրոցին մէջ ձեր ստացած արժէքները եւ վստահ եղէք, որ ոչ մէկ հոսանք կամ ալիք կրնան շեղել ձեզ ձեր նպատակասլացութենէն: Իսկ երբ ապագային խօսիք ձեր պատանեկութեան օրերուն մասին, դուք հպարտութեամբ պիտի նշէք, թէ աշակերտած էք հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող, աշխարհին լաւագոյն հայեր տուած, լաւ մարդ ու լաւ հայ մշակած Սահակեան Լ. Մկրտիչեան Գոլէճին մէջ», ոգեշնչեց ընկ.հի Եփրեմեան, շրջանաւարտներուն կոչ ուղղելով պատիւ բերելու իրենց ընտանիքներուն, վարժարանին ու ազգին:
Եզրափակիչ խօսքով, շրջանաւարտ Սէրլի Ճիկէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն, հաւաստիացնելով որ իրենք երբեք պիտի չմոռնան Սահակեանը, այլ անպայման դարձեալ պիտի այցելեն եւ անոր զօրավիգ ըլլան:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Գոլէճի շրջափակին մէջ, ուր շրջանաւարտները հատեցին յաջողութեան կարկանդակը եւ ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորանքները, մինչ հպարտ ծնողները իրենց տեսախցիկներով յաւերժացուցին այդ յուզումնախառն պահերը: