Լեռնալիբանանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները կ’ապրին ոչ թէ պետութեան, այլ ագարակի մէջ: «Մենք երկընտրանքի առջեւ ենք՝ կամ պետութիւն պիտի կառուցենք, կա՛մ պիտի շարունակենք ապրիլ փտած իրավիճակի մէջ», ըսաւ Աուն՝ խօսելով իրեն զօրակցող հաւաքի մը ընթացքին: Անդրադառնալով իր նկատմամբ պատիժներ սահմանած Վճռաբեկ ատեանի դատախազի նորագոյն որոշումին, Աուն զայն համարեց ապօրինի: