Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՅ

June 12, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՅ

 

Հըզպալլա երէկ յայտարարեց հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռով մը իսրայէլեան «Hermes 900» տիպի յարձակողական անօդաչու թռչող սարք մը վար առնելու մասին: Իսրայէլեան բանակը խոստովանեցաւ, թէ իր անօդաչուներէն մէկը ջախջախուած է Լիբանանի մէջ, մինչ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Հըզպալլա կործանած է նշեալ տիպի երեք անօդաչու սարք: Հըզպալլա այլ յայտարարութեամբ մը դիտել տուաւ, որ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Կոլանի իսրայէլեան 210 զօրախումբի կեդրոնատեղիին վրայ եւ զայն մասամբ կործանած է:

Իսկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան զինուորական շարժումները կը նշեն, թէ բանակը կը նախապատրաստուի Հըզպալլայի դէմ զինուորական լայնածաւալ գործողութեան: Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումներու բազմացումին, գործակալութիւնը նշեց, որ Իսրայէլ կը փորձէ որեւէ յարձակումէ առաջ թուլացնել Հըզպալլայի ռազմական կարողութիւնները:

Նոյն ծիրին մէջ, Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանաանի յայտնեց, որ «դիմադրութիւնը ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ դիմէ որեւէ արկածախնդրութեան»: Անոր համաձայն, իսրայէլեան կառավարութենէն նախարարներու հրաժարականները նշաններ են ներքին քայքայումի:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԸՐՐԻ . «ԱՌԱՆՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵԼՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ»

Next Post

ԴԱՏԱԽԱԶ ԱՈՒՆԻ ԶԱՅՐՈՅԹԸ

Next Post
ԴԱՏԱԽԱԶ ԱՈՒՆԻ ԶԱՅՐՈՅԹԸ

ԴԱՏԱԽԱԶ ԱՈՒՆԻ ԶԱՅՐՈՅԹԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.