ՊԱՀՈՑ
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ԱՆՏԻՊ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԸ.
«ՍԵՒ ԿԱՏՈՒ»
Հայոց ցեղասպանութենէն քիչ գրողներ փրկուեցան: Անոնցմէ մէկը Վահան Թէքէեանն էր: Նիւթական ծանր պայմանները թոյլ չեն տուած անոր ամբողջութեամբ հրատարակել իր բոլոր գործերը: Թէքէեանի մահէն յետոյ (1945 թուականին) անոր ընկերները նախաձեռնեցին հրատարակել գրողի երկերու ամբողջական ժողովածուն՝ 15 հատորով, սակայն այդ ալ կիսատ մնաց: Գիտութեան եւ արուեստի թանգարանի (ԳԱԹ) արխիւին մէջ է Թէքէեանի արխիւը, ուր նաեւ անտիպ գործեր կան:
Գրականագէտ Արփիկ Աւետիսեանի արխիւին մէջ կը պահուի Վահան Թէքէեանի «Սեւ կատու» անտիպ պատմուածքը, որ ան, ամենայն հաւանականութեամբ, վերծանած է ձեռագրէ: Պատմուածքը գրուած է 1917 թուականին:
Սեւ կատու
Վահան Թէքէեան
Ժամանակաւ բարեկամը եղած եմ սեւ կատուի մը,- ասիկա հպարտութեամբ կը խոստովանիմ, – որուն եւ իմ միջեւ անգամ մը «սեւ կատու անցաւ», ու ատիկա ցաւով կը յիշեմ մինչեւ հիմա:
Համպուրկի մէջ ֆրաու Օսքար Միւլլերի ֆամիլիէն բանսիոնը կը բնակէի: Մուկերը մինչեւ ննջասենեակս բարձրանալով՝ գիրքերուս եզերքները ժանեկել սկսած էին, աւելորդ տարտ, որուն համար գանգատեցայ ֆրաու Միւլլերին, որ քանի մը օր ետքը կատու մը բերաւ տուն. իրաւ շարժուն պատնէշ՝ ընդդէմ այդ աշխոյժ ու աւերիչ «նիբոն»-ներուն (Nippon-ֆրանս. ճափոնցի-խմբ.): Ռուս-ճափոնական պատերազմին ընթացքին էր, եւ այդ միջոցին Գերմանիոյ մէջ, ինչպէս քիչ մը ամէն տեղ, այժմէութիւնը կ’ուզէր, որ բոլոր պզտիկ ու ժիր բաները ճափոնցիի նմանէին…
Այս կատուն հազիւ մեծ մուկէ մը քիչ մը աւելի մեծ էր եւ գրեթէ բնաւ գործ չունեցաւ մուկերուն հետ: Հակառակ ատոր՝ սիրեցի զինք: Սեփ սեւ, փայլուն մետաքսի կծիկ մըն էր կարծես կամ ձեռնամուշտակը տանտիրուհիին, երբ բազմոցին անկիւնը, ինքն իր վրայ պլորուած, ինքզինքը կը յանձնէր տիւանդորրի հեշտութեան: Մնացած ժամանակը կը խաղար որեւէ գլորուող կամ օրօրուող առարկայի հետ, որ ճանկին տակ կ՛իյնար:
Գալով մարդոց հետ իր յարաբերութիւններուն՝ Բուսին, ըսի՞, թէ ֆրաու Միւլլեր «բուսի» մկրտած էր զայն, անուն մը, որ գտնելու համար ուղեղատապ չէր ունեցած հարկաւ – իր գալուն առաջին օրերուն փոխ առ փոխ այցելութիւն տուաւ իւրաքանչիւր տնեցիի, ճաշասեղանին տակ, իւրաքանչիւրին ոտքին իր ծոծրակը քերեց մեղմիւ եւ խաղաց ծայրովը անձեռնոցներուն, որ կամացուկ մը վար կը քաշէր, երբ շատ քաջալերութեան հանդիպէր վերէն: Բայց աս իր կողմէն կարծես փորձ մըն էր ամէնուն մէջէն իրեն համար լաւագոյն բարեկամը, պաշտպանն ու զուարճութեան ընկերը գտելու, ինչպէս որ ալ գտաւ իրօք: Եթէ մեծամիտ չըսէք ինծի, պիտի յայտնեմ, որ ես եղայ իր ընտրութեան առարկան… Բուսին տարամերժօրէն իմ ընկերութիւնս կը փնտռէր հիմա, ինծի հետ կը սիրէր զբօսնուլ կամ երազել, երազել կամ զբօսնուլ յաջորդաբար, ամէն օր՝ երկար վայրկեաններ:
Արդեօք անո՞ր համար իր նախասիրութիւնը, որ զգաց, թէ ես եղած էի պատճառ իր այստեղ գալուն, թէ ոչ՝ աւելի բանաստեղծական ու գերանուրբ բացարութեամբ մը, հասկցաւ, որ իրեն պէս ու իրմէ աւելի օտարական մըն էի հոս, միակը, որ բոլոր այս Հիւսիսի մարդոց մէջ կու գար հեռաւոր արեւոտ Արեւելքէն, այն Արեւելքէն, որ խորախորհուրդ անցեալի մը խորէն հաւանօրէն օրրան եղած էր իր՝ կատուներու ցեղին ալ, ինչ որ ամէն կատուի պէս ինքն ալ կը յայտնէր իր տարապայման սիրովն արեւի, երբ ոեւէ տեղ անոր տարածած լոյսի տակ սփռոցին վրայ կ’երթար երանաւէտ անշարժութեան մը մէջ փռելու իր բոլոր անդամները, ատեն-ատեն՝ պոչը միայն, լուրջ ու անտարբեր մեքենականութեամբ մը, զարնելով ընդհատաբար. չէ՞ որ այդ օտարականն ալ, այս մշտանձրեւ քաղաքին մէջ, կը հալէր կարօտովն իր ծննդավայրին պայծառ երկինքներուն, ու ատկէ զատ՝ անդրադառնալով սիրակցորդ մտերմութեանը վրայ իր եւ Բուսիին՝ անիկա կը խորհէր, թէ մինչ շուներն, օրինակի համար, տեսակներով կը տարբերին անհունօրէն, կատուները ամէնուրեք մին են գրեթէ. մէկ ձեւ ու մէկ դէմք, ուրկէ կը հետեւցնէր, թէ… արուեստին նման կատուն ալ հայրենիք չունի կամ, ինչպէս արուեստը, կատուին ալ հայրենիքը Արեւելքն է միայն…
Ճաշէ անմիջապէս վերջը, մանաւանդ, երբ անկիւնաբազմոցին վրայ առանձնացած՝ պատկերազարդ թերթերը կը թղթատէի կամ դուրսը Եունկֆերնսթիկի անցուդարձ ու Ալսթերին վրայ երթեւեկող պզտիկ նաւերը կը դիտէի, Բուսին իսկոյն կու գար, կը գտնէր զիս, կամաց մը սահելով դռնէն ներս՝ նախ ուռենալով ու մռլտալով՝ ոտքիս տակ, ու յետոյ յանկարծ, զսպանակէ մը նետուածի պէս, ցատկելով քովս ու տեղաւորուելով ծունկիս վրայ… Այն ատեն կը մխրճէի մատներս իր թաւ ու սեւ ստեւին մէջ, կը շոյէի զինք երկարօրէն ու մերթ ընդ մերթ կը քերէի գլուխն ու ծոծրակը, ինչ որ անխուսափելի կերպով պատճառ կ՛ըլլար, որ ձգէր իր արդէն առաձիգ մարմինը եւ կիսամերկ ճանկերովը բզկտել փորձելով հագուստներս՝ իր փշապատ լեզուն ձեռքիս վրայէն անցնէր կանոնաւորաբար. այս՝ սիրոյ իր գերագոյն արտայայտութիւնն էր, եւ տարօրինակ զգայութիւն մը կը հայթայթէր ինծի, որմէ կը նեղուէի ու հաճոյք կը զգայի միանգամայն…
Անգամ մը, մեր այս կատարեալ համաձայնութիւնը ծանր փորձի մը ենթարկուեցաւ. ահաւոր արկած, որ կրնար մոռցնել տալով միասին անցուցած երջանիկ ժամերը՝ մեզ անհաշտ թշնամիներ ընել իրարու:
Իրիկուն մըն էր. մութը կոխած էր արդէն:
Աճապարանքով մը ննջասենեակս մտած էի ու հանդերձապահարանիս էն վարի դարակը բանալով՝ թաշկինակ մը առած էի: Դարակս ետ հրեցի: Նոյն րոպէին, դեռ չամբողջացուցած շարժումս, յանկարծ անօրինակ, անլուր ճիչ մը, վայնասուն մը պոռթկաց մութին մէջ՝ այնչափ մօտաւոր եւ այնչափ մարդկային աղեխարշ ձայնով մը, որ պահ մը- անհեթեթ երնթադրութիւն- կարծեցի ես ինքս ըլլալ պոռացողը՝ մութին մէջ անգէտս վիրաւորուած կամ խայթուած գուցէ: Բնազդմամբ դարակս դուրս քաշեցի իսկոյն եւ ակնթարթ մը սպասեցի մարմնական ցաւի , եթէ ես էի պոռացած: Բայց սրտիս բաբախումէն զատ՝ ուրիշ բան չէի զգար, ու կ՛իմանայի, ընդհակառակը, նոյն ցաւատանջ, բայց աւելի կենդանական ձայնը, որ երթալով կ՛եղանակաւորուէր ու վազելով կը հեռանար, կը քաշկռտուէր մինչեւ վար, խոհանոցին անկիւնը, եւ հոն կը խուլնար, կը խեղդուէր հետզհետէ…
Վայրկեան մը վերջ դժբախտ եղելութիւնն ամբողջովին կ՛ըմբռնէի. խեղճ Բուսին մութին մէջ հետեւած էր ինծի մինչեւ իմ ննջասենեակս, մինչեւ դարակիս քով, որուն բացուածքին մէջ թողած էր իր պոչը աղեղուած ինծի համար, իր համակրանքէն չկրնալով երեւակայել, թէ իրեն այնչափ անուշադիր պիտի ըլլայի, որ դարակն իր պոչին վրայ գոցէի: Եւ աղէտը պատահած էր. ահաւոր, անդարմանելի: Իր սիրտ պատռող ճիչը, որուն նմանը լսած էի անգամ մըն ալ Պոլիս, երբ անգութ ճիյերճի մը կատու կ՛որձատէր, դեռ ինծի կը հասնէր վարէն խոհանոցէն, ուր փութացի Բուսիին սիրտը առնելու, թերեւս տեղի ունեցած ահեղ թիւրիմացութիւնը իրեն պարզելու համար…
Վառարանի քով, աթոռակի մը տակ, լամբարին տմոյն լոյսովը կը տեսնեմ զայն պստիկ շարժուն ստուեր, որ մերթ կը նստի՝ պոչը լզելու համար, եւ մերթ կսկիծէն ոտքի կ՛ելլայ ու կը դառնայ ինքն իր վրայ՝ միշտ ճչալով, ճիչ մը, որ երեխայի մը լացին կը նմանի հիմա ու կ՛ընդհատի ատեն-ատեն, նստած եւ պոչը լզած վայրկեանին: Զգուշութեամբ կը մօտենամ իրեն. «վա՜խ, Բուսին, վա՜խ, Բուսի» մրմնջելով ցաւագին եւ իր զբաղուած մէկ րոպէէն օգուտ քաղելով՝ կը փորձեմ ձեռքս գլխուն դնել: Յանկարծ կը ցատկէ վրաս այն բարի բարեկամ Բուսին՝ վայրագ ու կատաղի, բոլոր ճանկերը բացած եւ աչքերեն բոցեր արձակելով: Կ՛ընկրկիմ, կը հասկնամ, որ այս պահուն ամէն փորձ անօգուտ է, եւ տխրօրէն դուրս կ՛ելլեմ խոհանոցէն՝ զինքը առանձին թողելով՝ իր մեծ ցաւին հետ, զինքը լուսաբանելու եւ մխիթարելու… Յոյսս լաւագոյն առիթի մը վրայ դնելով…
Յաջորդ քանի մը օրերուն զիս հեռուն տեսած թէ չէ՝ կը փախչէր, կ՛անհետանար ան: Իր այս քէնը, մեր նախկին մտերմութեան փոխան՝ իր կողմէ ցոյց տրուած այս ոխակալ վարմունքը կսկծալի, անհանդուրժելի կու գար ինծի: Անհամբեր էի խնդիրը բացատրելու եւ դադրեցնելու այս դադարը մեր «սիրալի համաձայնութեան» մէջ: Դեռ քանի մը անգամ հպարտութեամբ մերժեց հաշտութեան համար ըրած անկեղծ ջանքերս. զիս չտեսնելու, չլսելու կը զարնէր եւ նայուածքը որ ուրիշ կողմ կը դարձնէր կամ կը գոցէր, երբ իրեն կը նայէի՝ կը թուէր ըսել ինծի.
«Ինչպէ՞ս չզգացիր, դուն այնչափ բարեկամ ինծի, դուն, որուն հետ այնչափ անդորր ժամեր անցուցած էինք միասին կատարեալ ներդաշնակութեամբ, ինչպէ՞ս չզգացիր, թէ քովդ կեցէր էի այդ պահուն, թէ այդ իրիկունը ետեւէդ մինչեւ քու ննջսենեակդ գալով՝ քեզի հաւատարմութեանս մէկ նոր նշանը տալ կ’ուզէի: Թերեւս դռնէն ներս մտնելուս մուկի հոտն ալ առած էի, բայց ես անոնցմէ եմ, որ բարեկամին համար իր թշնամին անգամ կը մոռնայ»:
Կը հասկնայի զինքը ու կը պատասխանէի իրեն.
«Իրաւունք ունիս, անու՛շ Բուսի, պէտք էր զգայի քու ներկայութիւնդ, բայց խորհէ, որ մենք՝ մարդիկս, ձեզի պէս պարզ չենք, փոխանակ տունի մը կամ, շատ-շատ, մէկ քանի տանիքներու ասպարէզն ունենալու մեզի սահման ինչ որ ձեզ նախնական եւ կատարեալ կը պահէ՝ ձեր ամբողջ բնազդներովը- մենք այնչափ շատ բան, շատ տեղ ու շատ դէպք կը տեսնենք, ամէն օր այնչափ տարբեր մտածումներ եւ զգացումներ կ’ունենանք փայլակնարագ յաջողութեամբ մը, որ ալ գրեթէ կորսուցած ենք այն մեծ կարողութիւնը, որ դուք ունիք՝ առանց ծանօթ զգայարաններուն օգնութեան, միմիայն բնազդով զգալու կարողութիւնը»:
Դեռ չէր համզուէր, դեռ չէր զիջանէր՝ այդչափ շուտ ներելու ինծի: Միակ գոհութիւնը, որ ինծի տուավ այդ դժբախտ օրերուն, սա էր, որ ուրիշներու կողմէ իրեն եղած սիրոյ ու գգուանքի առաջարկները չընդունեց ու զանոնք փոխարինելով՝ իր վէրքէն աւելի ծանր վիրաւորանք մը չհասցուց ինծի: Հազիւ ֆրաու Միւլլերին թոյլ կու տար շոյել զինք երբեմն, բայց կարճ միջոց մը միայն եւ կէս-քուն, կէս-արթուն պառկած պահուն, անհամբեր շարժումներ կ՛ընէր եւ անգամ մը նոյնիսկ ճանկեց անոր ձեռքը: Յետոյ, քիչ առ քիչ, իր ոխը պակսեցաւ: Ալ իմ ներկայութիւնս զինք չէր փախցներ, ընդհակառակն, անիկա քայլ առ քայլ մօտենալով՝ ամէն օր մէյմէկ քիչ կը լեցնէր մեր միջեւ բացուած անջրպետը: Կը կենար, կը քննէր, կը հարցուփորձէր զիս, ու ես՝ հակառակ երբեմն խնդալու փափաքիս, կը զգայի, թէ ատիկա անխորհուրդ բան մը պիտի ըլլար այդ պահուն թէ այդ րոպէին իր պզտիկ ուղեղին մէջ ծանր աշխատութիւն մը կը կատարուէր, որ պէտք էր յարգէի…
Անհամբեր կը սպասէի վերջնական հաշտութեան ժամուն, որ չուշացաւ: Աղէտալի դէպքերէն ութ օր ետքը, իրիկուն մը նորէն, երբ բաւական մօտեցեր էի իրեն, ու ինքը չէր փախած, ծռեցայ ու երկիւղածութեամբ ձեռքս կռնակին քսեցի: Թոյլ տուաւ, որ ընեմ: Այն ատեն վեցուցի զինք ու զսպուած գորովով մը, որ գոհ էր յորդելուն, թեւերուս մէջ ու կուրծքիս վրայ սեղմելով իր ճիղմ մարմինը՝ գացի բազմոցին անկիւնը նստիլ՝ աղէտի օրուան պէս մրմնջալով յուզումնաձայն. «Վա՛խ, Բուսի, վա՛խ, Բուսի»: Նախ՝ ոեւէ շարժում չըրաւ՝ անձնատուր գգուանքներուս, գիտնալով, որ ինծի կրնար ցոյց տալ այս պարագային սիրոյ մեծագոյն բաժինը: Յետոյ, երբ թուլցուցի թեւերուս սեղմումը, կարգը եկած համարեց յայտնելու, թէ ալ ինծի ոխ չէր պահեր, յանկարծ կուրծքս ի վեր մագլցելով ու խորունկ-խորունկ ճանկռտելով բաճկոնս՝ առաջին անգամ ըլլալով՝ լզեց երեսս…
Հիմա ճաշէն ետք կու գայ նորէն, կը նետուէ քովս, ու ծունկիս վրայ կամաց-կամաց իր տեղը շինելով՝ ծոծրակը կը ներկայացնէ մատներուս շփումին: Ատեն-ատեն աչքերս ակամայ պոչին վրայ կը դառնային ու յիշելով մթութեան մէջ պատահած մեծ արկածը, զգայութիւնը կ՛ունենայի տեսնել սա գրկիս մէջ յանգչող ու ներդաշնակ շնչառութեամբ մը ելեւէջող պզտիկ սեւ կատուին, եւ իմ միջեւ մութ իրիկուն մը անցած ուրիշ «սեւ կատու» մը, որ շուտով փարատեցաւ բարեբախտաբար ՝ մինչ եթէ կը խորհէի անցնէր իմ եւ իմ մէկ նմանիս մէջտեղէն, յաւիտեան տեւէր գուցէ մեր փոխադարձ անիմաստ ու անսահման անձնասիրութիւններուն, մեր տխմար ու հաւասարաչափ հպարտութեանց պատճառաւ…
«Mediamax»
(2019)