Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԿԱՐԾԷ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ՁԵՌՆՏՈՒ Է ՆԱԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ

June 10, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԿԱՐԾԷ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ՁԵՌՆՏՈՒ Է ՆԱԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կը կարծէ, որ եթէ որեւէ պահի հնարաւոր ըլլայ կամ առաջարկ ըլլայ վերադառնալ երկու երկիրներու միջեւ կապուղինեու վերահսկումը այլ կազմակերպութեան պատուիրակելու տարբերակին, ապա ատիկա կրնայ ըլլալ քննարկելի։

ՀՀ ԱԺ նախագահը նման կարծիք յայտնեց լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք համաձայնութիւն կայացած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պատուիրակեն Սիւնիքի ճանապարհը օտարերկրեայ որեւէ կազմակերպութեան:

«Ես չեմ յիշեր, որ նման հարց կայ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ. մեր դիրքորոշումը այն է, որ մենք պատրաստ ենք բոլոր ճանապարհներու եւ հնարաւոր կապուղիներու բացման, որ ձեռնտու է նաեւ Ատրպէյճանին»,- ըսաւ Ալէն Սիմոնեան՝ յաւելելով, որ այս պահին որեւէ մեկնաբանութիւն անոր հետ կապուած չի կրնար ընել:

Դիտարկման, որ անոր մասին խօսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 2020 թուականին, Ալէն Սիմոնեան յիշեցուց, որ անկէ անցած է չորս տարի եւ այդ ընթացքին շատ ջուրեր հոսած են։

«Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին որեւէ գործունէութիւն իրականացնելու համար մենք ստեղծած ենք նաեւ ԱԱԾ-ի համապատասխան բաժին, որ պատասխանատու է եւ կրնայ այդ գործառոյթը իրականացնել: Եթէ որեւէ պահի հնարաւոր ըլլայ կամ առաջարկ ըլլայ վերադառնալ այդ տարբերակին, ատիկա կրնայ ըլլալ քննարկելի: Բայց չեմ կարծեր, որ ատիկա կրնայ ըլլալ տարածաշրջանային որեւէ երկիր»,- յայտնեց Ազգային ժողովի նախագահը՝ նշելով, որ այս պահին նման խօսակցութիւն չկայ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄՆ-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՕԳՆԱԿԱՆ ՃԷՅՄԶ Օ’ՊՐԱՅԸՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Next Post

«Արարատ» օրաթերթը կը ներկայացնէ «Մետիամաքս»ի «Պահոց» շարքը:

Next Post
«Արարատ» օրաթերթը կը ներկայացնէ «Մետիամաքս»ի «Պահոց» շարքը:

«Արարատ» օրաթերթը կը ներկայացնէ «Մետիամաքս»ի «Պահոց» շարքը:

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.