Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԷՈՐԳ ՊԱՊՈՅԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ Է ԴԻՏԱՐԿԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆԴԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾՄԱՄԲ ՊՂՆՁԱՁՈՒԼԱՐԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ

June 8, 2024
in Հայաստան
0
ԳԷՈՐԳ ՊԱՊՈՅԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ Է ԴԻՏԱՐԿԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆԴԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾՄԱՄԲ ՊՂՆՁԱՁՈՒԼԱՐԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ

 

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհայը:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-հնդկական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր։ Նախարարը առաջարկած է դիտարկել Հայաստանի մէջ պղնձաձուլարանի կառուցման տարբերակը՝ օգտագործելով Հնդկաստանի յառաջադէմ արհեստագիտութիւնները։

Գէորգ Պապոյեանը նաեւ հնարաւոր համարած է համագործակցութեան խորացումը ոսկերչույեան ոլորտին մէջ եւ Հնդկաստանի ոսկերչական ցուցահանդէսներուն մէջ Հայաստանի ներկայացումը ազգային տաղաւարով։

Ընդգծելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը կարեւորէ քիմիական եւ մետաղագործական արդիւնաբերութիւնը՝ նախարարը հրաւիրած է հնդկական ընկերութիւնները հայկական կողմին հետ համագործակցելու «Կանաչ քիմիա» նախագիծերու շրջանակին մէջ:

Երկուստեք կարեւորուած է միջազգային եւ մասնագիտացուած ցուցահանդէսներու եւ գործարար համաժողովներու կազմակերպումը՝ երկու երկիրներու գործարար համայնքներու միջեւ համագործակցութիւնը խթանելու նպատակով:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, որ կրնայ դառնալ ինչպէս տարածաշրջանային, այնպէս ալ աւելի լայն տնտեսական համագործակցութեան կարեւոր բաղկացուցիչ։

Share61Tweet38
Previous Post

ՇԱՆԿՀԱՅԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՄԲ.

Next Post

ԱՄՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ Կ՛ԱՋԱԿՑԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԱՐԴԱՐ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ.

Next Post
ԱՄՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ Կ՛ԱՋԱԿՑԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԱՐԴԱՐ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ.

ԱՄՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ Կ՛ԱՋԱԿՑԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԱՐԴԱՐ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.