Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԼԱՅՆԵՆ ՌԱԶՄԱՏԵԽՆԻԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ. ԱԺ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՎԵՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ

June 8, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԼԱՅՆԵՆ ՌԱԶՄԱՏԵԽՆԻԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ.  ԱԺ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՎԵՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ

 

Հայաստանի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովը հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ համաձայնագրի վաւերացման:

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին համաձայնագիրը ԱԺ յանձնաժողովի նիստին ներկայացուց պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեանը:

Համաձայնագիրը ստորագրուած է 2023 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին Աթէնքի մէջ:

«Համաձայնագրին նպատակն է ընդլայնել եւ խորացնել երկու երկիրներուն միջեւ առկայ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան գործընթացը, համաձայնագրով կը սահմանուին ռազմատեխնիկական բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ուղղութիւնները, անհրաժեշտ մասնագէտներու եւ տեխնիկական անձնակազմի պատրաստման գործընթացը, ռազմատեխնիկական ոլորտին մէջ գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն աջակցութիւնը, համագործակցութեան իրականացման միջոցները»,- ըսաւ Արման Սարգսեանը:

Ուղղութիւններ պիտի հանդիսանան զէնքի եւ ռազմամթերքի արտադրութեան, արհեստագիտութիւններու փոխանցումն ու տեխնիկական աջակցութիւնը, ռազմամթերքի արտադրութեան, ռազմական հետազօտութիւններու եւ գնահատման ոլորտներուն մէջ փորձի փոխանակումը, ռազմական նշանակութեան ապրանքներու արտադրութեան համատեղ կազմակերպութիւններու հիմնումը, ռազմատեխնիկական ոլորտին մէջ մասնագիտական կրթութեան, վերապատրաստման եւ որակաւորման ծրագրերու իրականացումը, ռազմական նշանակութեան ապրանքներու նորոգման եւ շահագործման հետ կապուած ծառայութիւններու մատուցումը:

Համաձայնագրի դրոյթներու իրագործման նպատակով կողմերու լիազօր մարմիններ պիտի հանդիսանան Պաշտպանութեան նախարարութիւնները, պիտի ստեղծուի նաեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողով:

Յարակից զեկուցող, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Պօղոսեանը յաւելեց, որ այս համաձայնագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի ընդլայնուած համագործակցութիւն ունենալու ոչ միայն ռազմական արտադրութիւններու համատեղ հիմնման, այլ նաեւ զինուորներու պատրաստման հարցով:

«Յունաստանը, որպէս Հայաստանի բարեկամ, նաեւ կը հանդիսանայ կամուրջ Հայաստան-ԵՄ եւ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան»,- յաւելեց ան:

Համաձայնագիրը պիտի քննարկուի Ազգային ժողովի լիագումար նիստին ընթացքին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

Next Post

ՇԱՆԿՀԱՅԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՄԲ.

Next Post
ՇԱՆԿՀԱՅԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՄԲ.

ՇԱՆԿՀԱՅԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՄԲ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.