Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

June 8, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

 

Հայաստանի մէջ 2024 թուականին պիտի ստեղծուի գիտութեան հանրահռչակման համազգային հարթակ՝ Գիտութեան շաբաթ:

Այս մասին յայտնած են «Գիտուժ» նախաձեռնութեան գրասենեակէն, մանրամասնելով որ Գիտութեան շաբաթը հասարակութեան տարբեր շերտերուն համար նախատեսուած բազմաձեւաչափ միջոցառումներու շարք է, որուն նպատակն է համազգային մակարդակով հանրահռչակել գիտութիւնն ուարհեստագիութիւնները, բացատրել վերջիններուս անփոխարինելի դերը եւ նշանակութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ, գիտութիւնը դարձնել հրապուրիչ երիտասարդներու համար, ինչպէս նաեւ խթանել քննադատական մտքի եւ գիտելիքահենք խօսոյթի զարգացումը:

Գիտութեան շաբաթը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի եւ բոլոր մարզերուն մէջ, 1-6 Հոկտեմբերին։

Հայաստանի մէջ առաջին Գիտութեան շաբաթը պիտի խորհրդանշէ գիտութեան եւ հասարակութեան միջեւ կապը։

«Մօտեցնելով գիտութիւնը հասարակութեան». սա ե՛ւ այս տարուան թեման է, ե՛ւ այն առանցքային նպատակը, որուն ուղղուած պիտի ըլլայ Գիտութեան շաբաթ նախագիծը։

Գիտութեան շաբթուան ընթացքին կը նախատեսուի կայացնել ապակեդրոնացուած միջոցառումներ մանկապարտէզներու, դպրոցներու ու համալսարաններու մէջ: Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ բոլոր 6 օրուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Գիտութեան փառատօն, որ բաժանուած պիտի ըլլայ 3 թեմատիկ մասերու.

  1. Գիտութիւնը ամէնուրեք է՝ 1-2 Հոկտեմբեր
  2. Մասնագիտական կողմնորոշում՝ 3-4 Հոկտեմբեր
  3. Գիտական երեւակայածին միտք՝ 5-6 Հոկտեմբեր

Գիտութեան շաբաթ նախագիծը միջազգային ձեւաչափ է։ Այն պիտի նախաձեռնէ եւ իրականացնէ «Գիտուժ» նախաձեռնութիւնը՝ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային հետ համագործակցութեամբ։

Գիտուժ նախաձեռնութեան առաքելութիւնն է հզօրացնել Հայաստանը գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու միջոցով։ Գիտութեան հանրահռչակման համազգային միասնական հարթակ ստեղծելը այս առաքելութեանը հասնելու կարեւոր քայլերէն մէկն է։

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՆՎՏԱՆԳ ԱՊԱԳԱՅ ՏԱՆԵԼՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԳՏՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԼԱՅՆԵՆ ՌԱԶՄԱՏԵԽՆԻԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ. ԱԺ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՎԵՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԼԱՅՆԵՆ ՌԱԶՄԱՏԵԽՆԻԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ.  ԱԺ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՎԵՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԼԱՅՆԵՆ ՌԱԶՄԱՏԵԽՆԻԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ. ԱԺ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՎԵՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.