Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՆՎՏԱՆԳ ԱՊԱԳԱՅ ՏԱՆԵԼՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԳՏՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

June 8, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՆՎՏԱՆԳ ԱՊԱԳԱՅ ՏԱՆԵԼՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԳՏՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

 

 

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ընդունած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Ողջունելով նախարարը, հանրապետութեան նախագահնը ըսած է.

«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ե՛ւ Ձեզ անձամբ, ե՛ւ նախարարութեան այն մեծ ծաւալի արդիւնաւէտ աշխատանքին համար, որ կը կատարէք: Հաւատացէք ինծի, իմ փորձէն ելլելով կրնամ ըսել, որ այս դժուարին պայմաններուն մէջ դուք կը կարենաք գտնել այն լաւագոյն ճանապարհները, որոնք Հայաստանը կը տանին անվտանգ ապագայ:

Կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ Ազգային ժողովին մէջ պիւտճէի հաշուետուութեան ներկայացման ընթացքին Ձեր հնչեցուցած պատասխաններուն եւ այդ ոճին համար, որովհետեւ, իսկապէս, բոլորս պարտաւոր ենք, հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ, քաղաքացիներուն մանրամասն ներկայացնել այն, ինչ կը կատարուի երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս, որպէսզի մարդիկ հանգիստ ըլլան եւ վստահ ըլլան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, այդ շարքին նաեւ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, իրենց առօրեայ աշխատանքով ամէն ինչ կ՛ընեն, որ ապրինք անվտանգ եւ երկիրն ալ ընթանայ զարգացման ուղիով: Այլ կերպ չի կրնար ըլլալ»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման հնարաւորութեան համար՝ Արարատ Միրզոյեան նշած է. «Պարոն նախագահ, իսկապէս անչափ շոյուած եմ հնչեցուած գնահատականներուն համար: Ես կը կարեւորեմ երկխօսութիւնը քաղաքացիներուն հետ: Կը կարեւորենք, որ մեր քաղաքականութիւնը անոնց համար հասկնալի ըլայ:

Շատ լաւ է նաեւ, որ մենք տարբեր ձեւաչափերով բաւականին յաճախ կը հանդիպինք եւ, մեծ հաշուով գաղտնիք չ՛ըլլար, եթէ ըսենք, որ որոշումները ընդհանուր քննարկումներու բերո»ւմով կը կայացուին»:

Հանդիպման ընթացքին նախարարը հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած երկրի արտաքին քաղաքական կեանքին մէջ առկայ իրադրութիւնն ու զարգացումները: Քննարկուած են Հայաստանի արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները, անոնց չէզոքացման ուղղութեամբ նախարարութեան եւ կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերը:

Միտքեր փոխանակուած են Արտաքին քաղաքականութեան համար պատասխանատու գերատեսչութեան եւ նախագահական հիմնարկին սերտ համագործակցութեան եւ օրակարգային հարցերու շուրջ միասնական դիրքորոշումներու եւ մօտեցումներու մշակման կարեւորութտեան վերաբերեալ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԼԵՄՔԻՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՄԱԿ-ԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՉԵՂԱՐԿԵԼՈՒ COP29-Ը ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅՑՆԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.