Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը յայտարարութիւն տարածած է՝ նշելով, որ դէմ է ՄԱԿ-ի որոշման՝ COP29-ը (Կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ամէնամեայ գագաթաժողով) Ատրպէյճանի մէջ կայացնելու վերաբերեալ՝ հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Պաքուի ցեղասպան ռազմավարութիւնը, կազմակերպած ցեղային զտումները, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ցեղասպան եւ հայատեաց գաղափարախօսութիւնը եւ փտածութեան ու մարդու իրաւունքներու ոտնահարման դէպքերը այդ երկրին մէջ:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ Ատրպէյճանին շնորհելով այս կարեւոր իրադարձութիւնը հիւրընկալելու պատիւը՝ ՄԱԿ-ը հաւանութիւն կու տայ ցեղասպանական խօսքին, ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ բռնապետութեան, որ ձեռնտու է ո՛չ կլիմային, ո՛չ ալ աշխարհի մարդոց:
«Ատրպէյճանին որպէս COP-29 գագաթաժողովը հիւրընկալող երկիր ընտրելը օրինական, բանական եւ բնական կը դարձնէ ցեղասպանութիւնը համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ: Աւելին, այդ կը սպառնայ Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային պայմանադրութեամբ հաստատուած սկզբունքներու արժանահաւատութեանը»,- կ՛ըսուի Լեմքինի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:
Լեմքինի հիմնարկը կը շեշտէ՝ ՄԱԿ-ը պէտք է չեղարկէ COP29-ը Ատրպէյճանի մէջ կայացնելու որոշումը եւ գտնէ հիւրընկալող այլ երկիր։
Յայտարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճանը՝ որպէս COP29-ը հիւրընկալող երկիր, ՄԱԿ-ի կողմէ ընտրուած է 2023 թուականի Դեկտեմբերին, երեք ամիս չանցած այն բանէն, երբ Պաքուն տասնամսեայ ցեղասպանական շրջափակումէ յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ցեղային զտումներու ենթարկեց։
«Արցախէն գաղթը, որ վերջ դրաւ աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական համայնքներէն մէկուն գրեթէ 4000-ամեայ շարունակական ներկայութեան, վերջին ժամանակներու ամենաազդեցիկ ցեղասպանութիւններէն մէկն էր: Արցախահայութեան դէմ Ատրպէյճանի «յաղթանակը» տօնելու համար նախագահ Ալիեւ նոյնիսկ խարոյկ վառեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ՝ Նովրուզի առիթով՝ անուանելով զայն «վերջնական մաքրում»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Լեմքինի հիմնարկը իր յայտարարութեան մէջ պատմական ակնարկ կը կատարէ՝ յիշեցնելով 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին մանրամասնութիւնները։
«Կարելի չէ մոռնալ, որ 2020 թուականի Ատրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ պատերազմին ժամանակ ատրպէյճանցի զինուորները մեղաւոր եղած են զինաթափուած հայ զինուորներու, ինչպէս նաեւ հայ խաղաղ բնակիչներու, այդ շարքին՝ տարեցներու եւ հաշմանդամներու նկատմամբ ծայրայեղ եւ սարսափելի վայրագութիւններու մէջ։ Այս փաստագրուած վայրագութիւնները կը ներառեն գլխատումներ, հայերու անդամահատումներ՝ դեռ կենդանի ժամանակ, խոշտանգումներ եւ նուաստացումներ՝ բացառապէս անոնց ինքնութեան պատճառով: Երբ 2022 թուականին Ատրպէյճանը նախայարձակ պատերազմ սկսաւ Հայաստանի դէմ, ան նման վայրագութիւններ կատարեց՝ ներառեալ հայ կանանց նկատմամբ սեռային բռնութեան կիրառումը եւ զինաթափուած հայ զինուորներու կոտորածը։ Այս յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութիւն չէ եղած։ Անոնք կը յիշեցնեն 1915-1923 թուականներուն թրքական եւ ատրպէյճանական զօրքերուն, ժանտարմներուն, զինուորներուն եւ քաղաքացիական անձերու կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանական վայրագութիւնները եւ կ՛օգնեն բացատրելու, թէ ինչու Ատրպէյճանի համար այդքան հեշտ էր արցախցի հայերը ահաբեկելը, զանոնք փախուստի մատնելը՝ ներխուժելով այդ տարածք 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Լեմքինի հիմնարկը նաեւ կը շեշտէ, որ բացի տասը ամիս Լեռնային Ղարաբաղի մօտաւորապէս 120 հազար հայերը շրջափակելէ, տարածք ներխուժելէ եւ բնակչութեան գրեթէ ամբողջութիւնը փախուստի մատնելէ, Ատրպէյճանը նաեւ մեթոտաբար կ՛ոչնչացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։
«Եթէ այս ուղղութեամբ ոչինչ ձեռնարկուի, Արցախը պիտի դառնայ Նախիջեւանի պէս. ատրպէյճանական արտագաւառ, որ ժամանակին ունեցած է զգալի հայ բնակչութիւն, իսկ հիմա չունի, ուր Ատրպէյճանը արդէն ոչնչացուցած է հայկական մշակութային ժառանգութեան մօտ 98 տոկոսը՝ ներառեալ եկեղեցիները, գերեզմանները եւ վանքերը»,- կը նշէ Լեմքինի հիմնարկը։
Վերջինիս տարածած յայտարարութեան մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի պահուող հայ գերիներու առկայութեան վրայ, որոնց շարքին են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարները։
«Այս յանցագործութիւններէն բացի, Ատրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինի ձերբակալուած պահել հայ ռազմագերիները, քաղաքացիական անձեր եւ Արցախի կառավարութեան՝ ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած անդամները, ընդ որում՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանը: Հայ պատանդներու նկատմամբ խոշտանգումներու կիրառման մասին կան ամուր ապացոյցներ»,- յայտարարած է հիմնարկը:
Լեմքինի հիմնարկը կը նշէ, որ Ատրպէյճանը պարբերաբար կը խախտէ միջազգային իրաւունքը՝ անտեսելով միջազգային դատարաններու պայմանագրերն ու վճիռները:
«2022 թուականի պատերազմը Հայաստանի դէմ, Արցախի տասնամսեայ շրջափակումը եւ 19 Սեպտեմբերին Արցախ ներխուժումը 2020 թուականի Նոյեմբերին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կողմէ համաձայնեցուած հրադադարի եռակողմ յայտարարութեան խախտումներն էին։ Աւելին, Ատրպէյճանը անտեսած եւ խախտած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին, 2023 թուականի Փետրուար 22-ին, 2023 թուականի Յուլիս 6-ին եւ 2023 թուականի Նոյեմբեր 17-ին նշանակուած ժամանակաւոր միջոցները»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը նաեւ անհրաժեշտ կը համարէ նշել, որ Ատրպէյճանը ունի մարդու իրաւունքներու անմխիթար վիճակ, որ երթալով աւելի կը վատանայ:
«2023-էն մինչեւ 2024 թուականը Ատրպէյճանի ազատութեան ցուցանիշը նուազած է 2 կէտով՝ 9-էն հասնելով 7-ի (100-էն), ինչ որ զայն կը դարձնէ աշխարհի ամենամենատիրական կառավարութիւններէն մէկը։ Աւելին, Ատրպէյճանի եւ Ալիեւի վարչակարգին գործողութիւնները հողօգտագործման եւ բնական կլիմայի պահպանման հարցով ուղղակիօրէն կը հակասեն COP29 համաժողովի հիմքին ինկած հիմնարար սկզբունքներուն: Ատրպէյճանը ոչ միայն քարիւղային պետութիւն է, որ կը հենի հանածոյ վառելանիւթի արտահանման վրայ, այլեւ Ատրպէյճանի պետական ուժանիւթային եւ բնական պաշարներու արդիւնաբերութիւնը լի է փտածութեամբ, ինչ որ երկիրը ուղղակիօրէն կը հակադրէ COP29-ի յայտարարուած նպատակներուն»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Լեմքինի հիմնարկը անհեթեթ, ամօթալի եւ խորապէս անպատկառ կը համարէ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն այն պնդումները, թէ իրենք կը փափաքին «COP29-ը դարձնել խաղաղութեան ոստիկան»:
«Եթէ Ատրպէյանը իսկապէս կը փափաքի ցոյց տալ իր յանձնառութիւնը խաղաղութեան կառուցման, ապա պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ քաղաքական բանտարկեալները: Եթէ այս փոքրիկ քայլը հնարաւոր չէ ընել, ապա անոնց իրական մտադրութիւնները պարզ են։ Այն ժամանակ, երբ աշխարհի բնակչութիւնը կորսնցուցած է հաւատքը միջազգային կառոյցներուն հանդէպ, ՄԱԿ-ը պէտք է գլուխը հանէ աւազէն եւ դադրեցնէ ցեղասպան պետութեան դիւանագիտական հովանաւորութիւնը՝ սկսած COP29-էն»,- եզրափակած է Լեմքինի հիմնարկը։