Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսի ձախակողմեան անդամ Պեռնի Սանտըրզ յայտարարեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատերազմի ոճրագործ է ու ինք ներկայ պիտի չըլլայ անոր ճառին գոնկրէսին առջեւ: Պենիամին Նեթանիահու ճառ պիտի արտասանէ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսին առջեւ 24 Յուլիսին: Ան հրաւէր ստացած է երկու կուսակցութիւններու ղեկավարութենէն: