Քաթարի «Ալ Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Իսրայէլի կառավարութեան անդամ Պենի Կանց մամուլի ասուլիս պիտի տայ Շաբաթ օր: Իսրայէլեան լրատու աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ ան ներկայացնէ իր հրաժարականը: Պենի Կանց յայտարարած էր, թէ ուժ պէտք է գործածել հիւսիսի սահմանին վրայ սպառնալիքը հեռացնելու համար եթէ քաղաքական լուծումը բացակայի: Կանց յայտարարած էր, թէ պիտի հեռանայ կառավարութենէն, եթէ վարչապետը մինչեւ 8 Յունիս իրեն չներկայացնէ Կազայի պատերազմին շուրջ ճանապարհային տրամաբանական քարտէս մը: