Քանի մը օր առաջ առիթը ունեցանք ներկայ գտնուելու «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան «ԱՐԵԳ» պարախումբի ելոյթին, որ մշակութային ձեռնարկէ մը աւելի՝ տօնակատարութիւն մըն էր նուիրուած հայ ժողովուրդի գոյատեւելու կամքին, մանաւանդ այս կողմն աշխարհի:
Երեկոն սկսաւ Արա Գէորգեանի «Արցախ» խորագրեալ ցաւառիթ, բայց խրոխտ բացման պարով, որմէ ետք Անի Եփրեմեան հանդէս եկաւ սրտաբուխ բարի գալուստի խօսքով՝ ընդգծելով հայ պարին ու մշակոյթին կարեւորութիւնը հայապահպանութեան գործին մէջ, որուն դրօշակիրներէն է «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը:
Պարացանկը հարուստ էր այլազանութեամբ՝ իւրաքանչիւրը բեմ բերելով տարբեր համ ու կշիռ: «Մեծերու» խումբը նախ ներկայացուց հայկական աւանդական ժողովրդական պար մը՝ արտայայտելով հայկական խրոխտ ու ինքնավստահ շարժումներ: Ապա հանդիսատեսը հմայուեցաւ «փոքրերու» աշխոյժ եւ եռանդուն գնչուական պարով, որ կը ճառագայթէր պատանեկան շքեղութեամբ ու նրբութեամբ:
Տալիտա Սալպաշեան, Կասիա Նորշահեան եւ Մէյրի Խոխագլեան բեմը զարդարեցին «Ճեյրանի»ի իրենց նրբագեղ կատարումով, իսկ փոքրերու խումբը հմայեց բոլորը «Kiss Me» պարով, որ զեղուն էր խանդավառութեամբ ու անմեղութեամբ: «Մեծերու» «Ճութա» վրացական պարը, մենակատարութեամբ՝ Գարլօ Մթրպեանի եւ Վագօ Սարգիսեանի, գեղարուեստական հմտութեան եւ ներշնչումի ներկայացում մըն էր՝ հիացնելով բոլորը:
«Միջակներու» խումբը յարգանքի գեղեցիկ տուրք մը մատուցեց հայրենի համբաւաւոր քոմբոզիթոր Խաչատուր Աւետիսեանին՝ պարային գեղեցիկ կշռոյթով մը ներկայցնելով անոր «Սիրուս կը Սպասեմ» կտորը, որուն յաջորդեց Սիրուշոյի «Գոզալ»ին տպաւորիչ մեկնաբանութիւնը՝ կատարողութեամբ Կասիա Նորշահեանի, Լիւսի Ղարիպեանի, Տեսիլ Քէշիշեանի, Կասիա Նորշահեանի եւ Մէյրի Խոխագլեանի: Մենապարողներ Տալիտա Սալպաշեան, Գարլօ Մթրըպեան, Վագօ Սարգիսեան եւ Յովիկ Օհաքեան ցուցաբերեցին կատարողական բարձր կարողութիւններ: Ապա միջակներու խումբը ներկայացուց Վանոյշ Խանամիրեանի «Կատակ պար»ը՝ ծիծաղով ու խինդով պարուրելով երեկոն:
«Մեծերուն» կատարած յունական «Զեյպէքիքօ»ն` երեկոյին ամէնէն գրաւիչ պարերէն մէկն էր: Անոնց նրբագեղ շարժումները եւ սրտագին կատարումը ո՛չ միայն դրսեւորեցին յունական մշակոյթի էութիւնը, այլեւ արտայայտեցին միջմշակութային գործակցութեան գեղեցկութիւնը եւ պարարուեստի լեզուին համաշխարհային խորքը:
Կամրջելով հայկական եւ լիբանանեան մշակոյթները, «մեծերը» ցուցադրեցին իրենց վարպետութիւնը՝ հանդէս գալով լիբանանեան աւանդական տապքէով՝ Հիպա Թաուաճիի «Զաման» երգին ընկերակցութեամբ: Ապա «միջակները» իրենց «Չաչա» պարով ստեղծեցին աշխոյժ եւ զուարճալի մթնոլորտ մը: Երեկոյին յիշարժան պահերէն էր նաեւ յարգանքի արտայայտութիւնը Մայքըլ Ճեքսընի նկատմամբ, երբ «մեծերը» հետաքրքրական պարադրութեամբ մեկնաբանեցին փոփի թագաւորին «Bad» եւ «Smooth Criminal» երգերը: «Միջակները» հետեւեցան եռանդուն ու ստեղծագործական «Zorba Fusion»-ով: Պարացանկի նախավերջին պարով «մեծերը» հանդէս եկան հայկական «Նինօ» ժողովրդական պարով: Երեկոն հասաւ իր գագաթնակէտին «Արեգ» պարախումբի եզրափակիչ տպաւորիչ պարով:
Այս բոլորը կը վկայեն լիբանանահայ համայնքին տոկունութեան եւ ստեղծագործական ոգիի վերանորոգման մասին: Հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական բազում մարտահրաւէրներուն, «ԱՐԵԳ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Գարլօ Մթրըպեանի եւ պատանիներու ու փոքրերու պարուսոյց Գոհար Տէմիրճեան Գասպարեանի, փաստեց, որ հայ մշակոյթն ու անոր սպասարկուները կը մնան կենսունակ ու խոստմնալից:
Ակնառու էր պարողներուն ու կազմակերպիչներուն նուիրումը իւրաքանչիւր շարժումի ու քայլի մէջ:
«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան «ԱՐԵԳ» պարախումբը ունեցաւ յիշատակելի ելոյթ մը, ուր աւանդականը գեղեցիկ կերպով միահիւսած էր ժամանակակիցին՝ նոր թարմութիւն տալով լիբանանահայ համայնքի մշակութային կենսունակութեան: