Սեւերէկ, Արեւմտահայաստանի գիւղաքաղաք, Տիգրանակերտի նահանգ, 9 Յունիս 1874 – 16 Օգոստոս 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Թլկատինցիով ակօսուած մեր գաւառական արձակի ամէնէն տիրական վարպետներէն, անոր վաւերական տաղանդներէն մին, որուն նախատարրերը հեքիաթին – երեւակայութիւն, դիտողութիւն, երազանք, քմայք, հեգնութիւն, փորձառական իմաստութիւն – եղան բաղադրիչները ժողովուրդին հոգին կառուցող ու գեղեցկացնող:
Ռուբէն Զարդարեանի նախնական հեքիաթը իր արմատները խորունկ պահեց մեր ժողովուրդի անդրագոյն զգայութեանց կորուսեալ դաշտերուն մէջ: Մինչ այդ արմատները մեզի բերելու համար ստեղծագործ շո՛ւնչ էր հարկաւոր, որ տուաւ ան գեղարուեստական շքեղ յօրինումներով: Աւելի՛ն, իր հեքիաթները կրելով ցեղային կնիք ու հարազատ համբոյրը Հողին հանդէպ, կը կրեն նաեւ գիւղացի խաւին ժուժկալ, ազնուական թախիծը, ուր մարդերը կ’անցնին անոր մէջէն պարզ, մշուշոտ ու ծփանուտ սահանքով մը:
Մինչեւ տապալումը համիտեան բռնակալութեան, Զարդարեան գրողի գլխաւոր ելակէտը՝ գոյութեան ու մաքառումի գաղափարն էր: Այս քաղաքական ու գեղարուեստական այն ըմբռնումն էր, որով գրագէտը կը ձգտէր յաղթահարելու մարդու օտարումը՝ հասարակութենէն: Իսկ օսմանեան սահմանադրութեան հաստատումէն (1908-ի Յուլիս) ետք, Զարդարեան՝ համեմատաբար նախորդող շրջանին՝ քիչ գրեց գեղարուեստական երկեր, քանզի ան ստիպուած էր առաջնորդել պոլսահայ ամէնէն հեղինակաւոր օրաթերթերթը՝ ՀՅԴ-ի օրկան «Ազատամարտ»ը, իր կողքին որպէս խմբագիր ունենալով նոյնպէս նահատակ գրագէտ Գեղամ Բարսեղեանը (1883-1915): Թէեւ հրապարակագրութիւնն ու հրապարակախօսութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ կը կլանէին իր ժամանակը, սակայն ան երբեք չխզուեցաւ գեղարուեստական գրականութիւն մշակելէ. հանդէս եկաւ շարք մը նոր ստեղծագործութիւններով, գրական յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով:
Իր ծննդավայր Սեւերէկէն բաժնուելով երկու տարեկանին՝ փոքրիկն Ռուբէն ընտանիքին հետ կը հաստատուի Խարբերդ, Ս. Յակոբայ թաղին մէջ, ուր Թլկանտինցիի սեփական վարժարանէն ներս եւ անոր հայաբոյր, գաւառաշունչ դաստիարակութեան շունչով թրծուած կը դառնայ եռանդուն, այլեւ յառաջակարկառ մշակը արեւմտահայ գրականութեան՝ Արուեստագէտ Սերունդի փաղանգին մէջ:
Շատ գրողներու նման, Զարդարեանի գրական գործունէութիւնն ալ կը սկսի ուսուցչական տարիներէն՝ 1892-ին, նախ Թլկատինցիի վարժարանին, յետոյ երեք տարի Վեղարաց հայրերու «Քլարեան» վարժարանին մէջ, ուր ան ապաստարան կը գտնէ համիտեան կոտորածներու արիւնալի օրերուն: 1898-1903 տարիներուն, մինչեւ իր ձերբակալումը որպէս «կասկածելի յեղափոխական», դարձեալ զինք կը գտնենք ուսուցչական պաշտօնի վրայ, Մեզրէի Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին մէջ: 1904-ին Մանիսայի տեղական հայ դպրոցին մէջ շուրջ ինն ամիս տեսչական պաշտօն վարելէ ետք, յաջորդ տարի, Համիտի կեանքին դէմ կատարուած մահափորձի օրերուն, ընտանեօք կը փախչի Պուլկարիա, Փլովտիւ, ուր կը հիմնէ «Ռազմիկ» եռօրեան, 1906-ին: Օսմանեան սահմանադրութեան զգլխի՜չ յոյսէն կանչուած, Զարդարեան եւս, այլ մտաւորականներու հետ կը վերադառնայ Պոլիս, եւ 1909-ին, Յ. Շահրիկեանի եւ Է. Ակնունիի հետ կը հիմնէ ՀՅԴ-ի օրկան «Ազատամարտ» օրաթերթը, որուն խմբագրութիւնը կը վարէ մինչեւ իր նահատակութիւնը, 1915:
Ռուբէն Զարդարեան գրել սկսած է իր պատանութեան տարիներէն: Իր առաջին գրութիւնը լոյս կը տեսնէ Յ. Փալագաշեանի «Ծաղիկ» թերթին մէջ, 1890-ին, իր աշխոյժ աշխատակցութիւնը բերելով ժամանակի արեւմտահայ մամուլի գրեթէ բոլոր թերթերուն՝ «Մասիս», «Արեւելեան Մամուլ», «Շիրակ», «Բանբեր», եւայլն:
1900-ին իր հրատարակած «Վաղուան գրականութիւնը» ընդարձակ տեսութեան մէջ, Զարդարեան կու տայ գրական գլխաւոր երեք սեռերու եւ անոնց տեսակներու ծագումին, ձեւաւորման եւ զարգացման պատմական համառօտ ակնարկ, ի յայտ բերելով իր հմտութիւնն ու քաջատեղեակութիւնը՝ յատկապէս հին յունական ու հռոմէական, ժամանակակից ֆրանսական ու անգլիական գրականութեանց մէջ:
Գրականութիւնը, ըստ Զարդարեանի, պատմական ու հասարակական հանգամանքներու արտայայտութիւնն է: «Առանց նախապէս տեղեակ ըլլալու ազգի մը քաղաքակրթութեան ընդհանուր պայմաններուն, կարելի չէ ըմբռնել անոր արուեստները, որոնց կարգէն է գրականութիւնը՝ բանաստեղծութիւն, արձակ, թատրոն», գրած է ան:
Զարդարեանի գործերը մեծ մասով կը բաղկանան խմբագրականներէ, գրական յօդուածներէ, վիպակներէ, արձակ բանաստեղծութիւններէ՝ ցրուած մամուլի էջերու մէջ, ինչպէս՝ «Թլկատինցի» (1908), «Աբու Լալա Մահարի» (1910): Ճաշակով ու հմտութեամբ իր պատրաստած ու հրատարակած «Մեղրագետ» դասագիրքերու (վեց գիրք) շարքէն ետք, ան կ’ընդարձակէ գրականութեան ու մշակոյթին հետ իր շփումը եւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ կամ հայացումներ կը կատարէ միջազգային գեղեցիկ էջերէ, միշտ բծախնդրութեամբ, որոնցմէ յիշատակման արժանի են մանաւանդ Անաթոլ Ֆրանսի «Աստուածները ծարաւի են» վէպին թարգմանութիւնը, որ տարագրութեան պատճառով մնացած է անաւարտ:
Մեծ արտադրող մը չէ եղած Զարդարեան, սակայն անառարկելի է գեղագէտի իր տաղանդը, որուն ամրօրէն կապուած կը մնայ մանաւանդ իր «Ցայգալոյս» (1910) խորագրի տակ ամփոփուած 29 վիպակները (հեքիաթ, արձակ բանաստեղծութիւն, բնանկար, ազգասիրական ու յեղափոխական շունչով գրուածքներ, իմաստասիրական խորհրդածութիւններ, նորավէպ), ինչպէս՝ «Լերան եղնիկին», «Զարնուած որսորդը», «Գամբռը», «Հայրենական սազը», «Հայրենիքս կ’ուզեմ ես», «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ», «Տան սէրը», «Ծովակին հարսը», «Եօթը երգիչները», «Պուտ մը ջուր» եւ այլն: Հատորէն դուրս կը մնան քանի մը կտորներ, ինչպէս նաեւ «Եկեղեցիին առիւծը» վիպակը՝ հրատարակուած Էժտահար ստորագրութեամբ, որ երկար ըլլալուն համար հեղինակը հաւանաբար չէ անցուցած «Ցայգալոյս»ին մէջ, որուն իբրեւ նախամուտ՝ Զարդարեան գրած է. «Ցայգալոյս»ը խորհրդանշանն է պատմական այն շրջանին (ակնարկութիւնը՝ համիտեան բռնատիրական տարիներուն. «Ա.»-«Ծ.»), ուր բռնադատիչ խաւարը կը ճնշէր թրքահայ մտքին եւ գրականութեան վրայ: Բանը ոչնչացած չէր, բայց կենսազուրկ ու կիսակենդան, հազիւ կը ճառագայթէր մթաստուեր ու մռայլ հորիզոնի մը վրայ՝ որպէս տրտմութեան անդրադարձ ցոլքը ցայգալուսային աշխարհի մը մէջ»: Թարգմանութիւններ կատարած է Մ. Կորքիէն, Է. Վերհառնէն, Վ. Հիւկոյէն, Փ. Շելլիէն, Օ. Ուայլտէն, Ա. Ֆրանսէն եւ միջազգային այլ դէմքերու գործերէն:
Յատկանշական է, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու փոխադարձ ըմբռնումի նկատառումով, նահատակ գրագէտը իր խմբագրած «Ազատամարտ» թերթին մէջ զգալի տեղ է յատկացուցած թուրք գրողներու երկերու իր թարգմանութեան: «Մեղրագետ»ի 6-րդ գիրքի յառաջաբանին մէջ (Կ. Պոլիս, 1914, էջ 6-7), Ռ. Զարդարեան կը գրէ. «Առաջին անգամ ըլլալով հայերէն հաւաքածոյի մը մէջ՝ որպիսին է այս գիրքը, ջանացած ենք ներկայացնել մեր բնակակից մէկ կարեւոր ցեղին՝ թուրքին միտքը, աւելի շատ տեղ տալով ժամանակակից գրական դէմքերու…: Գրականութիւնն է մէկը այն միջոցներէն, որ կարող պիտի ըլլայ կամաց-կամաց ներդաշնակութիւն ստեղծել երկու բնակակից ցեղերու հոգեբանութեան մէջ, կուտակուած հին դառնութիւնները չթաքցնելով եւ անոնց տեղ ստեղծելով աւելի մարդկային, աւելի ազնիւ եւ երկու ժողովուրդներու յառաջդիմութեանը ծառայող աւելի գիտակից զգացումներ»:
Ռուբէն Զարդարեան լաւ կ’ըմբռնէր սակայն արեւմտահայոց իրավիճակը, միաժամանակ կը տեսնէր ու կը զգար աշխարհաքաղաքական ալ իրավիճակին լուրջ բարդութիւնը, այն մեծ սպառնալիքը, որ դամոկլեան սուրի նման կը ճօճուէր արեւմտահայութեան գլխուն: Ահա թէ ինչո՛ւ ան իր գեղարուեստական գործերուն մէջ շեշտը դրաւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ու ըմբռնողութեան, ազգատեացութեան վերացման անհրաժեշտութեան վրայ, բայց պա՛հ մ’իսկ չհրաժարելով արեւմտահայութեան գերագոյն ձգտումէն, իր կեանքը ազատ ու անկախ տնօրինելու իրաւունքէն, մինչեւ որ իր դժխեմ նսեհը գտաւ արեւմտահայ նահատակութեան բագինին մէջ…:
«Բագինին փառաբանութիւնը» պատկերը եղաւ Զարդարեանի «կարապի երգը». «Մենք կը դառնանք հին հաւատքին ու կ’երկրպագենք նորէն հուրին ու անոր տարերային զօրութեանը: Ահա ստրկութեան ողջակէզը, որ կը վառի փայտակոյտին վրայ: Բարձրագլուխ ու անյողդողդ կանգնած ենք մահուան դէմ…: Զղջում չենք զգար, ո՛չ վշտակցութիւն եւ ո՛չ մէկ ստրջանք՝ մեր հոգեվարքի պահուն՝ եթէ բարբարոս սուրը փշրէ մեր վերջին ոսկորը եւ խմէ արիւնին վերջին կաթիլը: Մենք տեսանք թէ ազգերու արդարութիւնը անարգանքի ցիցին զարնուած է. մենք համոզուեցանք, թէ տիեզերական խղճմտանքը վաղուց իր կուսութենէն զրկուած է»:
Նահատակ գրագէտ Ռուբէն Զարդարեան չէր սխալած ամենեւին: Խոշտանգուեցաւ ու անճիտուեցաւ ամբողջ ողջ ու խաղաղասէր ժողովուրդ մը՝ աչքին առջեւ աշխարհի ժողովուրդներու: Եւ անմահ գրագէտին բեկորները փիւնիկ յառնած ու Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին, որպէս պահանջատիրական շեփոր աւելի ուժգին կը հնչեն արեւմտահայութեան համազարկ կսկիծներուն խոր ճշմարտութեամբ:
«Աղթամար»-«Ծաղիկ»
———————————————————————
PHOTO 1) Ռուբէն Զարդարեան
PHOTO 2) Ռուբէն Զարդարեան իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ:
PHOTO 3) 1901-ին, Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանի առաջին շրջանաւարտներուն հետ. աջէն երրորդը՝ Ռուբէն Զարդարեան: