Ուրախանա՞լ… անշուշտ,
Հպարտանա՞լ… անպայման,
Գնահատե՞լ… վստահաբար, եւ աւարտին՝ յաջող աշխատանքը բնութագրող երջանկութեան երկու կաթիլ խոշոր արցունք..:
Այս բոլորը հոս է որ կը կատարուի, մեր սիրելի հայրենիք փոքրիկ Լիբանանին մէջ, ուր մեծ բարեբախտութիւն է, որ տակաւին կայ գործօն գաղութ մը, ժրաջան համայնք մը, եւ որուն ծոցին մէջ կան նաեւ հրաշքներու հաւատացող տեսակաւոր ու չակերտաւոր «խենթեր», որոնք անտեսած մեր շուրջ փչող տեսակաւոր քամիները, տիրող պայմանները, առկայ գոյնզգոյն տագնապները, սպառնացող մարտահրաւէրները եւ արհամարհած այս բոլորը տեսականօրէն ու գործնականօրէն, ձեռնոց կը նետեն բարձրացող եւ դժգոհութիւն աղաղակող հառաչանքներուն եւ յանկա՜րծ… լիբանանահայ բեմին վրայ կը տեսնենք նուագախումբ, երգչախումբ, թատերախումբ, պարախումբ… խո՛ւմբ… խո՛ւմբ… ու դարձեալ խո՛ւմբ:
Կը լսենք աջէն-ձախէն, թէ Լիբանանի մէջ «գործ՝ չկա՜յ… դրամ՝ չկա՜յ… եկամուտ՝ չկա՜յ»… եւ յանկարծ կեանքի կը կոչուին նոր խումբեր, նոր խանդավառ երիտասարդներ, նոր ուժեր, նոր տրամադրութիւններ ու նո՛ր շունչ, նո՛ր հեւք, նո՛ր երեւոյթ, նո՛ր ու յաղթական սկիզբ, ամէն տարի կրկնուող զարմացնող նորարարութիւն եւ լեցուող ու պարպուող սրահներ, բազմատասնեակ եւ բազմահարիւր ակնդիրներ ու ունկնդիրներ եւ անդադրում, ամպերուն հասնող ծափեր:
Խենթենալը բան մը չէ, իրապէ՜ս… աս ուրկէ՞ այսքան ուժ, կամք, կորով, ճիգ, ջանք, աշխատանք, յոգնութիւն, քրտի՛նք… եւ գիշեր մըն ալ, յանկարծ, ո՜վ հրաշք… Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի բեմին վրան 50 պարման-պարմանուհի հայրենի տաղանդաշատ երաժիշտ Արա Գէորգեանի երաժշտութեան տակ առոյգ պար մը, եւ՝ Արցախի ծածանող յաղթական դրօշը..:
Բեմին շունչ տուողը եւ զարդարողը Նոր Սերունդի «ԱՐԵԳ» պարախումբն է, որ անկուշտ՝ անցեալ տարուան յաղթական ելոյթէն, ահա՛ կրկին բարձրացած է բեմ, եւ կը պարէ՜… կը պարէ՝ գիտակցած իր պարին ձգելիք առողջ տպաւորութեան, քանի որ իր պարին մէջ կայ իմաստ, կայ գոյութեան պայքար, կայ ինքնութեան պայքար, կայ գալիք սերունդներուն փոխանցելիք պատգամ, կայ բարձրաձայնել ու գոռալ՝ թէ լիբանանահայ գաղութը կայ ու պիտի գոյատեւէ աւելի քան երբեք, թնդացնելով բեմը, սրահը, միջավայրը… իր ձայնը լսելի դարձնելով բոլոր հայագաղութներուն..:
-Սուլթան կ’ուզէ ջնջել մեզի, զարթի՛ր Լաօ, մեռնիմ քեզի:
Եւ արդարեւ, զարթօնքի ձայնային հնչեղ բոցը իրապէս առաւ սկիզբ ու բռնկեցաւ հրդեհը, Շաբաթ, 1 Յունիս 2024 -ի երեկոյեան, առոյգ ու ժիր, եւ անգամ մը եւս թեւ ու թռիչք առաւ փիւնիկը..: Շէնշող երեկոն, ինչպէս անցեալ տարի, այս անգամ ալ տօնական էր, յաղթական էր, ուրախացնող, հպարտացնող, խանդավառող, ոգեւորող… եւ նաեւ յուզիչ: Այո՛, յուզիչ էր Նոր Սերունդի կազմակերպած երեկոն՝ իմաստաւորուած գունագեղութեամբ հասկնալի, որովհետեւ մօտաւորապէս 50 կրտսեր, պատանի, պարման ու պարմանուհի, հակառակ իրենց առօրեայ դպրոցական դասին, համալսարանական պարտաւորութեանց, առօրեայ զբաղումին ու պարտադիր աշխատանքին, տքնած են ամիսնե՜ր, աշխատած են շաբաթնե՜ր, յոգնած են օրե՜ր, առանց դժգոհանքի կռուած են կեանքի պայմաններուն դէմ եւ թափուած արդար քրտինքէն ետք յաջողած են բարձրանալ բեմ, ներկայացնելու համար երկու տասնեակ պարեր՝ հայկական, յունական, արաբական, եւրոպական կամ այլ, լրջութեամբ հետեւելէ ետք «ԱՐԵԳ»-ի գեղարուեստական ղեկավար Գարլօ Մթրըպեանի եւ պարուսոյց Գոհար Տէմիրճեան – Գասպարեանի ճիշդ ու փորձառու ցուցմունքներուն, հրամցնելու համար լիբանանահայ հասարակութեան մշակոյթի, գեղարուեստի եւ հայաբոյր երեկոյի նուրբ ճաշակ: Ինչպէ՞ս չհրճուինք… եւ ինչո՞ւ չհրճուինք..:
Շատ բնականաբար, ինչ որ տեսայ լուրջ ու մտածուած ծրագրի մը, խնամուած յայտագրի մը, որդեգրուած լուրջ ու հետեւողական աշխատանքի մը հասուն արգասիքն էր, որուն հոգատար սերմնացաններն էին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչական անդամները, իսկ անոր կարող պարտիզպանը, ժրաջան ատենապետուհի՝ տիկին Անի Եփրեմեանը..:
Լիբանանահայ իրականութեան մէջ այսօր ոեւէ միութենական անդամ, որ հաւատք ունի հայ ժողովուրդի յաւերժութեան եւ գիտէ՛ թէ ի՞նչ կը նշանակէ հաւաքական ու հետեւողական լուրջ աշխատանք եւ մանաւանդ յաջող արդիւնք, կրնայ միայն մէկ նախադասութիւն արտասանել խղճի ամենայն հանդարտութեամբ.
-Ձեր վարձքը կատար, Սիրելի նորսերունդականներ… ապրի՛ք եւ շարունակեցէք քալել նոյն ոգիով, նոյն խանդավառութեամբ, որպէսզի հայութեան մշակոյթի ջահը չմարի երբեք լիբանանահայ ածուին մէջ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի պարուսոյցներուն ու բեմը զարդարող գեղեցկուհիներուն ու խոստումնալի պատանիներուն, վստա՛հ եմ, մեզի չափ եւ աւելի ուրախ էին եւ ե՛ն անոնք, որոնք շնորհիւ իրենց ճաշակաւոր պարերուն, ներկայացման, կատարումին ու հրամցուածին, գրաւեցին մեր սիրտերը, շոյեցին մեր հոգիները, փափկացուցին մեր տրամադրութիւնները եւ արժանացան առատ ու ջերմ ծափերու:
Գիտեմ, ոմանք թերեւս պիտի փորձեն փոքր-փոքր խիծ ու բիծ դնել նման կատարուած աշխատանքներուն, սակայն երանի գիտակցին այդպիսիներ, որ մենք գործ ունինք սիրողական դէմքերու եւ պար, արուեստ ու մշակոյթ սիրող հինգ տասնեակ սիրասուններու հետ: Մենք գործ ունինք հրամցուած իւրաքանչիւր պարի, անոր կշռոյթին, չափին եւ երաժշտական եղանակին հետ քայլ պահող ու իրենց վայելուչ տարազներով մեզի վայելք պատճառելու համար բեմը ճոխացնող խանդավառ հայուհիներու հետ: Մենք գործ ունինք փունջ մը քաջակորով երիտասարդ տղաներու հետ, որոնք հաւատալով իրենց արարքին կարեւորութեան, հպարտ ճակատներով բարձրացած են եւ զարդարած են բեմը, սրահին մէջ ներկայ հոգիները վարակելու համար հայ մշակոյթի ջահին բոցով, հասնելու համար անպայման՝ ԿԱՏԱՐԸ ՄԻՆՉԵՒ ԱՆԿԱՐԵԼԻԻՆ..: Ուրեմն, ինչպէ՞ս չուրախանալ..:
Արդ, համեստս, տեսնելէ եւ վայելելէ ետք ԲԱՐԻՆ, ԱԶՆԻՒԸ ԵՒ ԳԵՂԵՑԻԿԸ, պիտի ըսեմ.
-Սիրելի պարման-պարմանուհիներ եւ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, շարունակեցէք պարել անփոյթ ու անկաշկանդ… միշտ նո՛յն խանդով ու հայու ազնուական ոգիով: Շնորհիւ ձեր պարին, ես ու շատեր ապրեցանք վայելքի հմայիչ գիշեր մը: Իսկ ասկէ ետք… Քննա…դատութի՞ւն… այո՛, քննեցի, դատեցի… եւ ստորագրեցի: ԿԵՑՑԷ՛Ք:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ