Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՊԱՏԱՀԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՉԻ ԾՆԻՐ

June 6, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՊԱՏԱՀԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՉԻ ԾՆԻՐ

Յաղթանակը պատահականութենէ չի ծնիր, ոչ ալ բարեբախտութեան կը վերագրուի, այլ արդիւնքն է փայլուն տեսլականի մը, որուն իրագործումը կը թելադրէ անխոնջ ու բծախնդիր աշխատանք եւ խոչընդոտներն ու «մանրուքները» արհամարհելու կամք:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը այս տարի եւս  իր եռօրեայ պարային ելոյթներով եկաւ  փաստելու իր ուրոյն դիմագիծն ու յաղթանակը, միաժամանակ հաստատելով, որ ՀԱՅԸ յաւերժ պիտի պայքարի ու գոյատեւէ իր արուեստով ու մշակոյթով։

ՆՍՄՄ-ը  հանդէս եկաւ հարուստ պարացանկով մը, որ կ՚ընդգրկէր տարբեր ցամաքամասերու եւ ժողովուրդներու պարերը: Զարմանալիօրէն, մեր սիրելի պարման-պարմանուհիները գեղեցիկ ու անսխալ պարելէ անդին կրցան փոխանցել տուեալ պարի ՀՈԳԻՆ։ Յստակ էր, որ պարուսոյցները ոչ միայն աշխատած էին ձեւի, չափի ու կշռոյթի վրայ, այլ աւելին՝ կրցած էին իւրաքանչիւր պարին պահանջած  կերպարը (character) ճանչցնել ու մշակել պարախումբի անդամներուն մօտ։ Գնահատելի երեւոյթ մը, որ շօշափելի էր բոլոր պարերու ընթացքին։ Պարախումբին անդամները կրցան մէկ կերպարէն  միւսը ցատկել ամենայն ճկունութեամբ: Պարեցին արցախցիի քաջ, փոթորկոտ ու պայքարող հաստատակամութեամբ, ապա հայկական նազ պարը՝ ամենայն քնքշութեամբ ու նազանքով, իսկ գնչուներու պարը՝ աշխոյժ ցատքերով ու հմայիչ շարժումներով։ Արաբական  տապքէն մեկնաբանեցին լիբանանեան շունչով՝ իսկական արաբի պէս: Յունականը պարեցին շատ ճկուն եւ արհեստավարժ քայլերով, գերազանցելով նոյնիսկ յոյն քաղաքացին։ Կովկասի պարը՝ կովկասեան հմտութեամբ ու ճկունութեամբ: «Մայքըլ Ճէքսընեան»  պարը դրսեւորեցին այնպիսի հարազատութեամբ, որ հանդիսատեսը իր զարմանքն ու գնահատականը արտայայտեց շռայլ ծափողջոյններով:

Գալով մեր քաղցրիկներուն՝ փոքրիկ պարողներուն, որոնք կարելի է կոչել մէկական թռվռուն  թիթեռնիկ, կամ գունաւոր տիկնիկ… իրենց աշխոյժ պարերով եւ ժպիտներով գրաւեցին հանդիսատեսին սիրտը։

Մեր սիրելի նորսերունդականները խանդավառելու եւ ոգեւորելու կողքին անուղղակի  պատգամ մը յղեցին հանդիսատեսներուն, որ աշխարհով սփռուած հայը ունակութիւն եւ ճկունութիւն ունի լաւագոյնս ըմբռնելու օտար մշակոյթները, նաեւ բացառիկ կարողութիւն՝ յարմարուելու օտար աշխարհներու պայմաններուն: Հայը կարող է յաղթահարել աշխարհագրական տարածքները, ընկերային ու կենցաղային տարբերութիւնները եւ հաշտ ու բարի համակեցութիւն հաստատել որեւէ երկրի քաղաքացիներուն հետ։

Կարելի է շատ բան ըսել, բայց արդէն այլ գրիչներ լաւագոյնը գրեցին, նկարագրեցին, արժանի եւ իրաւացի գնահատականներ կատարեցին, սակայն աւելորդ չ’ըլլար կրկնելը, որ համոյթը կ՚ընդգրկէր ճոխ եւ բազմերանգ պարացանկ, բարձրորակ կատարողութիւն, բեմական հարուստ պատկերներ (choreography), նրբաճաշակ տարազներ, լուսավառ բեմահարթակ… հետեւաբար եւ գոհունակ հանդիսատեսներ։

Կարելի է հաստատել, որ այս տարի Նոր Սերունդը գերազանցեց ընթացիկ բոլոր չափանիշերը…։ Անհամբեր կը սպասենք ապագայ նուաճումներուն։

 

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԵԳ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ «ՇՈՂՈՒՆ ԱՐԵԳԱԿ»ԻՆ ՈՍԿԵԱՅ ՇՈՂԵՐԸ ԿԸ ՍՓՌՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post

ԿԱՏԱՐԸ ՄԻՆՉԵՒ ԱՆԿԱՐԵԼԻԻՆ… ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ԱՐԵԳ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆՈՐ ՇՈՂԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Next Post
ԿԱՏԱՐԸ ՄԻՆՉԵՒ ԱՆԿԱՐԵԼԻԻՆ…  ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ  «ԱՐԵԳ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆՈՐ ՇՈՂԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

ԿԱՏԱՐԸ ՄԻՆՉԵՒ ԱՆԿԱՐԵԼԻԻՆ… ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ԱՐԵԳ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆՈՐ ՇՈՂԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.