Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԵԳ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ «ՇՈՂՈՒՆ ԱՐԵԳԱԿ»ԻՆ ՈՍԿԵԱՅ ՇՈՂԵՐԸ ԿԸ ՍՓՌՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎՐԱՅ

June 6, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ԱՐԵԳ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ «ՇՈՂՈՒՆ ԱՐԵԳԱԿ»ԻՆ ՈՍԿԵԱՅ ՇՈՂԵՐԸ ԿԸ ՍՓՌՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎՐԱՅ

 

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ԱՐԵԳ պարախումբը իր «Շողուն Արեգակ»-ով անցեալ շաբաթ տօնեց պարային հերթական արշալոյսը՝ վառ եւ ուրախ ոսկեայ շողեր սփռելով լիբանանահայութեան վրայ:

31 Մայիսին, 1 եւ 2 Յունիսին արուեստասէր հանդիսատեսներուն ժամադրավայրը Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի հանդիսասրահն էր, ուր նախ աշակերտական, ապա հանրութեան յատկացուած եռօրեայ ելոյթներով հանդէս եկաւ պարախումբը, գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Գարլօ Մթրըպեանի եւ պարմանուհիներու պարուսոյց Գոհար Տէմիրճեան Գասպարեանի: Շաբաթ 1 Յունիսի կալա-ելոյթին իր արտասանած ոգեշնչող խօսքին մէջ, Միութեան ատենապետուհի Անի Եփրեմեան յիշեցուց, որ «հայ պարը հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան լաւագոյն ապացոյցն է, միայն մարմնի շարժում չէ, այլ արուեստներու ամբողջ բազմազանութիւն մը ամփոփող արուեստ»: Անոր խօսքով, պարը կախարդական աշխարհ մըն է, ուր կը ճախրեն մարդուն մարմինն ու հոգին: Եփրեմեան գնահատեց վարչութեան անդամներուն կատարած նուիրեալ աշխատանքը Լիբանանի այս դժուարին օրերուն:

Ապա, պարախումբի փոքրիկները, պարմանուհիները եւ երէցները աւելի քան 90 վայրկեան տեւողութեամբ յաջորդաբար ներկայացուցին հայկական ժողովրդական եւ արդիական պարեր, մերթ ընդ մերթ հանդէս գալով նաեւ յունական, վրացական, գնչուական, լիբանանեան եւ արեւմտեան կատարումներով, նոյնիսկ բեմին վրայ վերակենդանացնելով Մայքըլ Ճէքսընի շարժումները: Անշուշտ, պարախումբի շարք մը անդամներ պարերուն ընդմէջէն ներկայացուցին մենապարեր՝ յաւելեալ փայլք սփռելով ելոյթին եւ լուսարձակի տակ առնելով ղեկավարին տաղանդը եւ պարողներուն այն հմտութիւնը, որ ձեռք բերած են տարիներու ընթացքին իրենց պարային առաջին քայլերը առած «Նոր Սերունդականներ»ը:

Հանդիսատեսներուն յաւելեալ ուրախութիւն շնորհեցին նաեւ միշտ ժպտերես երեխաները, որոնց ներկայութիւնը ապացուցեց, թէ սերունդներ կը հետեւին սերունդներու՝ պարէն շատ անդին երթալով միշտ հետապնդելով նոյն նպատակը՝ հայ երիտասարդները պարով համախմբել, հայկական սովորութիւնները վառ պահել եւ հայկականութեան շունչով տոգորուիլ, միաժամանակ քայլ պահելով միջազգային նորութիւններուն հետ եւ ծանօթանալով այլ մշակոյթներու իւրայատկութիւններուն՝ աւելի եւս հարստացնելու մեր սեփականը եւ պարողներուն պարային տաղանդը:

ԱՐԵԳ-ի Շողուն Արեգակը այսպիսով վերստին ջերմացուց լիբանանահայուն հոգին ու սիրտը իր վառվռուն շողերը սփռելով լիբանանահայ համայնքին վրայ եւ շատ հեռու:

Share61Tweet38
Previous Post

«ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ԱՐԵԳ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է «ՇՈՂՈՒՆ ԱՐԵԳԱԿ» ԵԼՈՅԹԻՆ

Next Post

ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՊԱՏԱՀԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՉԻ ԾՆԻՐ

Next Post
ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՊԱՏԱՀԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՉԻ ԾՆԻՐ

ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՊԱՏԱՀԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՉԻ ԾՆԻՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.