«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան «Արեգ» պարախումբը եղած է լիբանանահայ գաղութին առաջին պարախումբը, որ 1983-էն ի վեր յիշարժան ելոյթներ ունեցած ու միշտ բարձր պահած է իր մակարդակը: Սակայն վերջին տարիներուն կամքէ անկախ պայմաններով, ինչպէս` գորոնաժահրի եւ տնտեսական տագնապի պատճառներով, պարախումբը ստիպուած եղաւ դադրեցնելու իր հանդիպումներն ու ելոյթները: 4 տարուայ ընդմիջումէ մը ետք, անցեալ տարի «Արեգ» պարախումբը յաջողեցաւ «Փիւնիկ» խորագրով բեմ բարձրանալու եւ իսկապէս փիւնիկի նման վերանորոգուած մարմնով ճախրեց ու արժանացաւ հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին:
Այս տարի եւս «Արեգ» պարախումբը մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուի հանրութեան ներկայանալու հարուստ պարացանկով մը: Պարուհիները նրբագեղ ու հեզաճկուն շարժումներով պիտի խօսեցնեն իրենց իգական նազելիութիւնը եւ բարձր գնահատելի տաղանդը, իսկ փոքրերու խումբին աղջնակներն ու մանչուկները իրենց մանկական խանդավառութեամբ եւ պարարուեստին հանդէպ տածած սէրով պիտի ներկայացնեն գունագեղ պատկերներ:
Այս առիթով, հարցազրոյց մը վարեցինք «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետուհի` տիկին Անի Եփրեմեանին հետ, հարց տալու համար այս տարուայ ելոյթին խորագրի խորհրդանիշին, ինչպէս նաեւ պարախումբին առաքելութեան մասին, որուն շնորհիւ «Արեգ», ինչպէս միշտ, այս տարի եւս կը գտնուի խոստմնալից ու յաջող կատարումներու սեմին:
Տիկին Եփրեմեան նշեց թէ այս տարի «Արեգ» պարախումբը «Շողուն Արեգակ» խորագրով բեմ պիտի բարձրանայ եւ իւրաքանչիւր պարող արեգակի նման յոյս, լոյս եւ ջերմութիւն պիտի տայ ու ներշնչէ հանդիսատեսին:
Տիկին Եփրեմեան նաեւ հաստատեց. «Ուր կայ միասնականութիւն, հոն կայ յաջողութիւն եւ մեր յաջողութիւնը կը պարտինք վարչական միութեան համախոհ եւ անխոնջ աշխատանքին: Մեր մշակութային միութեան գլխաւոր առաքելութիւնը հայապահպանումն է, իսկ մեր պարախումբը մեծ ընտանիք մըն է, որ իւրաքանչիւր պարողի սրտին ու հոգիին մէջ կը դրոշմենք հայկական պարի, հայ երաժշտութեան ու ընդհանուր հայ մշակոյթի հանդէպ սէրը: Չի բաւեր միայն մայրենի լեզուի դասաւանդումը, այլեւ նոյնքան կարեւոր է մշակութային արժէքները որպէս ժառանգ փոխանցել հայ պատանիին: Ինչպէս նաեւ հայկական պարախումբ պահելը առիթ կ’ընծայէ ոչ-հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն միանալու եւ ծանօթանալու իրենց արմատներուն»:
Հարցազրոյց մը վարեցինք նաեւ «Արեգ» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` պարոն Գարլօ Մթրըպեանին հետ, ակնարկ մը նետելու համար թէ ինչպէս կþընթանան փորձերը եւ ինչպիսի յայտագիր մը կը սպասէ հանրութեան:
Պարոն Մթրըպեան նշեց. «Բաւական ճոխ յայտագիր մը կը սպասէ հանդիսատեսին. մօտաւորապէս 6-7 ամիս տեւած պարի փորձերը կ’ընթանան հեզասահ ու ելոյթի օրերը մօտենալով պարողները ա՛լ աւելի կը խանդավառուին ու մեծ հաճոյքով կը պատրաստուին ներկայանալու հանրութեան: Ելոյթին պարացանկը հայկական ժողովրդական պարերու կողքին կ’ընդգրկէ նաեւ օտար մշակոյթներու եւ ժամանակակից պարեր»:
Նշենք թէ ընդհանուր 18 պարեր պիտի հրամցուին ակնդիրներուն եւ վստահ ենք, որ ներդաշնակ ու միահամուռ կատարումով, հոգեպարար ու տպաւորիչ համոյթ պիտի ունենայ «Արեգ» պարախումբը եւ գնահատանքը կը մնայ մեր արուեստասէր ու նրբաճաշակ հանդիսատեսին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի յայտագրին բովանդակութեան եւ գեղարուեստական ղեկավարութեան, պարոն Մթրըպեան հաստատեց, որ խմբավարութիւնը կը պահանջէ փորձառութիւն ու յատուկ մտայղացում՝ նրբագեղ պարեր բեմադրելու եւ զանոնք ներկայացնելու պատկերազարդ տեսարաններով եւ ճաշակաւոր տարազներով, անդրադառնալով թէ ինք իր փորձառութիւնը կը պարտի «Արեգ» պարախումբին, որուն անդամը եղած է մանկութենէն ի վեր եւ ներկայիս սրտանց ու մեծ գոհունակութեամբ ստանձնած է անոր պարուսուցումը:
Պարոն Մթրըպեան նաեւ շեշտեց պարարուեստի դասաւանդումի անհրաժեշտութիւնը վարժարաններէն ներս, մեզ փոխանցելով իր ծրագրի մասին՝ թէ մտադիր է ներկայանալ հայկական կրթական հաստատութիւններու ղեկավարներուն, առաջարկելու համար որ պարարուեստը ընդգրկուի կրթական ծրագրին մէջ:
Կը տեղեկացնենք, որ «Արեգ» պարախումբին «Շողուն Արեգակ» խորագրեալ ելոյթները տեղի պիտի ունենան Ուրբաթ, 31 Մայիս եւ Շաբաթ, 1 Յունիս (կալա) 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, իսկ Կիրակի, 2 Յունիս (ցերեկոյթ) կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի սրահին մէջ: Ինչպէս նաեւ Ուրբաթ, 31 Մայիսին աշակերտական յատուկ ցերեկոյթ մը կազմակերպուած է հայական վարժարաններու ուսանողներու համար:
Յանձնարարելի է նման առիթ մը չփախցնել ճաշակելու համար ներկայացուելիք կատարումները. վստահ ենք որ պարողները իրենց կարելին պիտի ընեն պարային շարժումներու ճկունութեամբ, անկեղծ ապրումներով եւ զգացումներով ներշնչելու հանրութիւնը: Յոյսով ենք, որ նորանոր տաղանդներ, քաջալերուելով այս ելոյթէն, եւս կը միանան «Արեգ»-ի մեծ ընտանիքին:
Յաջողութիւն եւ կանաչ երթ կը մաղթենք «Արեգ» պարախումբին, եւ վարձքը կատար տիկին Եփրեմեանին, պարոն Մթրըպեանին, պարախումբի բոլոր անդամներուն, ծնողներուն եւ վարչական կազմին իրենց տքնաջան աշխատանքին եւ անձնուէր օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնելու սոյն պարախումբին գոյատեւման համար:
Բարի վայելում արուեստասէր հանրութեան:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ