ԼԻԲԱՆԱՆ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ
Ըստ 2024 տարուան առաջին եռամսեակի տեղեկագրի մը, յայտնի դարձաւ թէ Կազայի պատերազմը ժխտական ազդեցութիւն չունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի շարժումին վրայ: Իրականութեան մէջ նաւահանգիստին շարժումը աւելի մեծ էր քան նոյն ժամանակաշրջանին 2023 տարուան ընթացքին:
383 նաւեր մտան Պէյրութի նաւահանգիստ 2024 տարուան առաջին եռամսեակին, 2023 տարուան նոյն ժամանակաշրջանի 306-ի փոխարէն: Ներածուած ապրանքին ծանրութիւնը 1,101 միլիոն թոն էր, մինչ 2023-ին 1,058 միլիոն թոն էր: Արտածուած ապրանքին ծանրութիւն 198 հազար թոն էր, 2023-ի 210 հազար թոնի փոխարէն: Միակ յետքայլ կատարող հատուածը ինքնաշարժներու ներածումի հատուածն էր: 2024-ի առաջին եռամսեակին ներածուած ինքնաշարժներու թիւը հասաւ 8.410-ի, 2023-ի նոյն ժամանակաշրջանի 14.556-ի փոխարէն: Նուազումի համեմատութիւնը հասաւ 42 առ հարիւրի: Այս նուազումին պատճառը մաքսի յաւելումն է ինքնաշարժներուն վրայ ու պահանջարկի նուազումը տնտեսական պատճառներով:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍ
ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄ
Հայաստանի տնտեսութեան մէջ վերջին օրերուն սկսաւ երեւիլ վտանգաւոր հոլովոյթ մը, որ պետական պարտքի յաւելումն է: Յուլիս 2023-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարտքը 11,352 միլիառ ԱՄՆ տոլար էր: 30 Ապրիլ 2024-ին այդ պարտքը հասաւ 12,070 միլիառ ԱՄՆ տոլարի: Եթէ նկատի առնենք որ Հայաստանի համախառն արդիւնքը (Gross Domestic Product) 25,408 միլիառ ԱՄՆ տոլար է, ուրեմն պարտք-համախառն արդիւնք համեմատութիւնը 47,5 առ հարիւր է: Ճիշդ է որ տնտեսութիւնը տակաւին կը գտնուի ապահով գօտիին մէջ, սակայն յաւելումի հոլովոյթն է վտանգաւորը: Երկար ժամանակի վրայ եթէ պիւտճէի կամ առեւտուրի բացը չզսպուի, պարտքի համեմատութիւնը դիւրութեամբ կը հասնի վտանգաւոր 80 առ հարիւրի սահմանին:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ
ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՄԱՀԸ
Ճիշդ է որ Իրանի պետական համակարգը բաւական կուռ է ցնցումներու դէմ, սակայն նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլլահեանի մահը բաւական ծանր հարուած էր անոր: Նախագահը եւ արտաքին գործերու նախարարը կը գործէին բացումի քաղաքականութեան մը համաձայն: Անոնք Ռուսիոյ հետ յարաբերութեան մակարդակը հասցուցին ռազմավարական դաշինքի մակարդակին, Ռուսիոյ օգնելով Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ: Իրան դարձաւ ՊՐԻՔՍ տնտեսական համախմբումի անդամ եւ Շանկհայ համագործակցութեան խմբաւորումի անդամ: Միջին Արեւելքի մէջ Իրան դարձաւ դժուար թիւ մը, որ դէմ դրաւ Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի հակամարդկային քաղաքականութեան: Այս է իրականութիւնը: Այս երկու ղեկավարներու մահը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ Իրանի քաղաքականութեան վրայ: Այս հարցումին պատասխանը պիտի տայ 28 Յունիսին ընտրուելիք նախագահը:
ԱՍԻԱ
ՆՈՐ ՔԱԼԵՏՈՆԻԱ
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երբ ստացաւ իր գաղտի գործակալութենէն, թէ Ատրպէյճան, Ռուսիա եւ Չինաստան կը գտնուին Խաղաղական ովկիանոսին մէջ իր գաղութ Նոր Քալետոնիոյ մէջ հակաֆրանսական վայրագ շարժումի ետին, ձգեց ամէն բան ու գնաց այդ երկիրը: Այս կղզին հարուստ է նիքէլի հանքերով ու նաեւ կը համարուի Ֆրանսայի մէկ մասը: Քաղաքացիները կը կրեն Ֆրանսայի քաղաքացիութիւն: Վերջին վայրագ ցոյցերը պատճառեցին վեց մահ, որոնցմէ երկուքը՝ ոստիկաններ: Ֆրանսա հասկցաւ, թէ հարաւային Կովկասի եւ Ուքրանիոյ մէջ իր վարած քաղաքականութիւնը պիտի սկսի սուղ արժել իրեն՝ թիրախ դարձնելով իր գաղութները: Աշխարհաքաղաքական աղտոտ խաղ մը տեղի կ’ունենայ աշխարհի մէջ, ուր դիմակներ վար կ’առնուին ու չկայ որեւէ ապահովութեան երաշխիք:
2024 տարուան առաջին եռամսեակին Չինաստան վաճառած է 53,3 միլիառ արժէքով ամերիկեան պարտամուրհակհներ (bonds): Այս քայլը կը նշանակէ, թէ Չինաստան սկսած է հեռանալ ամերիկեան շուկայէն ու փոխարէնը սկսած է գնել ոսկի: Արեւմուտքի առած քայլերը՝ սառեցնելու ռուսական պահեստը իրենց դրամատուներուն մէջ, ունեցաւ իր ժխտական ազդեցութիւնը երկիրներու դրամական քաղաքականութեան վրայ:
ԵՒՐՈՊԱ
ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԿԱՊԻ ԽԶՈՒՄ
Եւրոպական Կեդրոնական դրամատունը սկսած է արագացնել եւրոպական դրամատուներու խզումի հոլովոյթը ռուսական դրամատուներու հետ: Ամերիկեան պատժամիջոցները չխզող դրամատուներուն հանդէպ կը գործածուի որպէս պատրուակ այդ խզումը կատարելու համար: Եւրոպական շատ մը դրամատուներ տակաւին կը պահեն իրենց կապը Ռուսական Դաշնութեան հետ եւ այս մէկը լաւ ձեւով չի դիտուիր ԱՄՆ-ի կողմէ:
Տավոսի մէջ տեղի ունեցող տարեկան տնտեսական համաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի հիմնադիր եւ նախագահ Քլաուս Շուապ ներկայացուց իր հրաժարականը: 1971-էն ի վեր ան կը վարէր այս տարեկան ժողովին տնօրէնութիւնը: Ըլլալով համաշխարհայնացումի առաջնորդներէն մէկը, ան պիտի անցնի ոչ-գործադիր աշխատանքի: Համաժողովը սկսած է համաշխարհայնացումի կեդրոնական ժողով մը ըլլալէ վերածուիլ պետական-մասնաւոր հատուածներու համագործակցութեան հարթակի մը:
ԱՄԵՐԻԿԱ
ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մեքսիքայի մէջ մօտ ատենէն տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ: Ներկայիս թմրեցուցիչի եւ արգիլուած ապրանք ծախող քրէական ցանցերու ազդեցութեան գօտիները շատցած են ու անոնց ունեցած ազդեցութիւնը բնակչութեան քուէին վրայ սկսած է աւելնալ:
ԱՄՆ
ԴԺԳՈՀՈՒԹԵԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄ
Ըստ տնտեսագէտներու, Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը սկսած է զգալ սղաճին պատճառած դժուարութիւնը իրենց առօրեայ կեանքին մէջ: Ըստ հարցախոյզի մը, բնակչութեան 20 առ հարիւրը դժուարութիւն ունին վճարելու իրենց մուրհակները: Սղաճի ներկայիս հասած 3,5 առ հարիւրի: Այս թիւը աւելի է Կեդրոնական դրամատան սահմանած 2 առ հարիւրէն: Մեծահասակներու 72 առ հարիւրը ըսած են, թէ իրենց տնտեսական վիճակը որոշ չափով գոհացուցիչ է նախկին 78 առ հարիւրին փոխարէն: Ուրեմն նուազում արձանագրուած է գոհ մարդոց համեմատութեան մէջ: Սակայն, 18 տարեկանէն վար զաւակ ունեցող ընտանիքներու 64 առ հարիւրը գոհ են նախկին 69 առ հարիւրին փոխարէն:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ԵՐԿՓԵՂԿՈՒՄԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ
Միջազգային ապահովագրութեան «Allianz Trade» ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ Չինաստան այնքան մեծ ճարտարարուեստի կեդրոն մը դարձաւ վերջին 30 տարիներուն, որ անկէ խզուիլը գրեթէ անկարելի է: Ընկերութիւնը կատարեց հարցախոյզ մը, որուն մասնակցեցան ընկերութիւններ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Լեհաստանէն, Սպանիայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն եւ ԱՄՆ-էն: Ֆրանսա, Միացեալ Թագաւորութիւն եւ ԱՄՆ ամենակախեալ երկիրներն են չինական արտադրութենէն: Այս է պատճառը, որ, հակառակ աշխարհագրական բախումի ու երկփեղկումի սպառնալիքին, ան պիտի տեւէ բաւական երկար ժամանակ ու կրնայ միայն մասամբ տեղի ունենալ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔ (National debt)
Պետական պարտքը կառավարութեան մը ունեցած պարտքն է պարտատէրերու դիմաց: Պարտքը կը հաւաքուի, երբ կառավարութիւն մը փակելու համար իր առեւտուրի կամ ամավարկի բացը կը ծախէ պարտամուրհակներ: Այդ պարտամուրհակները կը կրեն վճարումի թուական եւ տոկոս: Պետութեան մը պարտքը կը բաժնեն իր ունեցած արդիւնքին հետ՝ ստանալու համար պարտքի համեմատութիւնը: Այսինքն, եթէ պետութեան մը պարտքը 12 միլիառ ԱՄՆ տոլար է ու իր տարեկան եկամուտը կամ համախառն արդիւնքը 24 միլիառ տոլար է, ուրեմն պարտքին համեմատութիւնը 12/24 = 0.5 * 100 կամ 50 առ հարիւր է: Պարտքը կը սկսի վտանգաւոր դառնալ երբ շրջանցէ 80 առ հարիւրի սահմանը, որովհետեւ պարտքին տոկոսը կը սկսի դառնալ ծանր բեռ ու պետութիւնը կը սկսի մտնել սնանկացումի հոլովոյթ, եթէ պարտքին տոկոսը չպակսի կամ չմնայ կայուն:
Աղբիւրներ՝ «Տը Էքոնոմիսթ», «Ռաշա Թուտէյ», «Առաւօտ» եւ «Ալ Տիյար»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ