Սարդարապատի մօտ` 1918 Մայիսի վերջերուն, Արեւելեան Հայաստան ներխուժող օսմանեան զօրագունդերը պահ մը կանգնեցան եւ արժանի հակահարուած ստանալէ ետք խոյս տուին իրենց որջերը: Հայութեան համար մահու-կենաց այս գուպարը իրաւացիօրէն դարձաւ խորհրդանիշ համաժողովրդային կամքի, վճռականութեան եւ միասնական պայքարի: Օրհասական գօտեմարտի բնազդն ու գիտակցութիւնը ի զէն մղեց ազգին բոլոր շերտերը: Իսպառ վերանալու սպառնալիքը զօրաշարժի ենթարկեց ազգին ողջ կարողականութիւնը: Ապրելու կամ չապրելու ծանրագոյն հարցադրումը փոթորկեց մեր ժողովուրդին հոգեվիճակը:
Սարդարապատի հերոսամարտը, ինչ խօսք, ռազմական գործողութիւն էր. զինեալ ուժերու կատաղի ընդհարում մը` որուն մէջ ակներեւօրէն նշմարելի էր հայութեան ոգի ի բռին մաքառումը բախտորոշ այդ օրերուն: Մահուան եզրին հասած ժողովուրդի մը վերջին ցասումն էր կարծէք կամ վերջին հնարաւորութիւնը հայրենիքի մէջ ապրելու կամ ոչ: Սակայն, աւելի խորանալով այդ իրադարձութեան մանրամասնութեանց մէջ եւ աւելի լայնօրէն ընկալելով Սարդարապատի հերոսամարտին նշանակութիւնը, պիտի տեսնենք թէ հոն կայ բարոյական մեծ իմաստ մը, սերունդներուն կտակելիք խորարմատ պատգամ մը: Մի գուցէ կարելի է հաստատել` թէ հայոց վերականգնումին, գոյատեւման եւ յաւերժութեան արնաթաթախ վկայագիրն էր այդ մարտական փորձաքարը:
Ժողովուրդներու պատմութիւնը, բնականաբար, միապաղաղ եւ միահուն ընթացքով չէ որ կ՛ընթանայ: Կեանքի յարափոփոխ եւ յարաշարժ անվիճելի կանոնը կը վերաբերի նաեւ ժողովուրդներու, որոնք հարկադրուած պիտի յաղթահարեն տարբեր փորձութիւններ, պիտի դիմակալեն արհաւրալից ալիքներ, պիտի խուսանաւեն դաւեր ու սադրանքներ: Օր մը պատերազմն է այդ, օր մը տնտեսական ցնցումները, պահ մը ներքին խլրտումները, երբեմն բնական աղէտները, կը պատահի նաեւ եկուոր ուժերու յարձակումները: Այս բոլորը արձանագրուած են ամէն տեղ: Սակայն, ժողովուրդի մը վսեմական նկարագիրը կը բացայայտուի այն պահուն, երբ նման պատուհասներէ ետք կը ճգնի վերագտնել ինքզինք. կը փորձէ կազդուրուիլ, վերընձիւղիլ, վերականգնել իր երբեմնի մարդկային, բարոյական հոգեւոր եւ ազգային վեհութիւնը: Չմոռնանք, որ Սարդարապատի հերոսամարտէն երեք տարի առաջ էր որ ազգը իր մեծամասնութեամբ արմատախիլ եղաւ իր բնօրրանէն, անոր զաւակները դարձան մերկիրան եւ բոկոտն ցաքուցրիւ գաղթականներ:
Այնուամենայնիւ, մեր ժողովուրդը դատապարտուած է տեւապէս մնալու նոր Սարդարապատներ մղելու պարտադրանքին դիմաց, որովհետեւ մեր երկնակամարին վտանգներով յղի ամպերը կը մնան մշտապէս: 1918 Մայիսին հնչած Սարդարապատեան ղօղանջները յարատեւօրէն կը զրնգան մեր միտքերուն մէջ: Սպառնական սլաքները անցեալին արեւմուտքէն էին միայն, հիմա աւելցած է արեւելքէն լսուող ռազմաշունչ խօսքերը, յատկապէս երբ թշնամին դարձած է գոռոզ, մեծամիտ եւ յոխորտ: Արդարեւ, հակառակ տիրող ոչ-նպաստաւոր կացութեան, ի հեճուկս մթամած իրողութեանց, ճիշդ ա՛յս օրերուն կարիքն ունինք Սարդարապատեան սպեղանիին: Մերօրեայ պատգամ մը ունի Սարդարապատը տալու մեզի: Այդ հերոսական սերունդն ու արնածոր դաշտավայրը ոգի եւ աւիւն ունին փոխանցելու մեզի: 1918-ի սերունդը մեռելաթաղներ չդարձան, ողբասացներ չեղան, փախեփախ չհեռացան ահալի ճակատումէն: Այլեւ` եղան մարգարէներ, նահատակներ եւ մահապարտներ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան եւ վերածնունդին: Սարդարապատէն Բաշ-Ապարան ու Ղարաքիլիսա երկարող պաշտպանական շղթան արիօրէն թումբ կանգնեցաւ գերակշիռ ուժերու դիմաց` քանզի ազգը ծառացած էր համազգային ոգիով ու նպատակով:
Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտը նաեւ յոյս ու հաւատ ներշնչելու յատկութիւն ունի իր մէջ: Այս օրերուն, այդ յոյսին ներարկումը հրամայական պահանջք է անտարակոյս: Ցաւօք, արտաքին խորշակներուն վրայ աւելցած են ներքին, նեղ-հատուածական եւ անձնական գզվռտուքները, իրարու չհանդուրժելու եւ սառնամտօրէն երկխօսելու չկամութիւնը, որոնք կրնան ծանրագոյն հետեւանքներ ունենալ բոլորիս համար: Ճղճիմ հաշիւներ մաքրելու ժամանա՞կն է միթէ, թէ՞ համախմբումի, նպատակասլացութեան եւ ջանադիր աշխատանքի: Սարդարապատի մերօրեայ պատգամը ատաղձը պիտի հանդիսանայ ազգային գիտակցութեան, զգաստութեան եւ կորովին: Այլապէս` Սարդարապատեան սերունդը կրնայ խստօրէն նզովել մերօրեայ բախտախնդիրները, անտարբերները, թուլակամներն ու դասալիքները:
Պատահական չէ որ համօրէն կը կրկնենք` «Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք, Սարդարապատից»: Այսինքն` մնալ հաւատարիմ Սարդարապատեան մշտահունչ ղօղանջներուն:
Սարդարապատի պատմական եւ խորհրդալից սխրագործութեան 106-րդ տարեդարձին առթիւ, ի՞նչ ունինք փոխանցելու զմիմեանս` եթէ ոչ` անսա՛լ Սարդարապատի մերօրեայ պատգամին: