Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը Լոնտոնի մէջ ընթացող Կրթութեան համաշխարհային համաժողովի շրջանակին մէջ հանդէս եկած է զեկոյցով՝ ներկայացնելով ՀՀ կրթական համակարգի բարեփոխումներն ու արձանագրուած արդիւնքները:
Նշելով, որ անընդհատ փոխուող աշխարհին մէջ կրթութեան դերը եւ ազդեցութիւնը կը մնան անկրկնելի՝ որպէս կայուն զարգացման եւ ներառական աճի հիմնաքար, նախարարը իր զեկույցին մէջ ներկայացուցած է ՀՀ կրթութեան՝ մինչեւ 2030 թուական զարգացման պետական ծրագրի առաջնահերթութիւնները:
«Վերջնական նպատակը արդիւնաւէտ եւ միջազգայնօրէն մրցունակ կրթական համակարգի ձեւաւորումն է՝ հիմնուած ազգային եւ համաշխարհային արժէքներու վրայ, որ իւրաքանչիւրին կեանքի բոլոր փուլերուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ստանալ որակեալ կրթութիւն՝ ըստ իր կարիքներու եւ կարողութիւններու, եւ հանրայնացնել կրթութիւնը որպէս հանրային բարիք՝ ապահովելով կրթութեան բոլոր շահառուներու մրցունակ մասնագիտական պատրաստուածութիւնը»,- նշած է ԿԳՄՄ նախարարը:
Ժաննա Անդրէասեանի խօսքով՝ ՀՀ կրթական համակարգին մէջ մինչեւ 2030 թուականը ռազմավարական երեք ուղղութիւններ նախանշուած են՝ համընդհանուր, ներառական, ուսանողակեդրոն եւ մասնակցային կրթական միջավայրի ստեղծում, կրթութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացում, կրթական ծառայութիւններու եւ ապրանքներու միջազգայնացում եւ արտահանում:
Անդրադառնալով մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման ոլորտին՝ Ժաննա Անդրեասյեանն ընդգծած է՝ ոլորտին մէջ նոր մարտահրաւէրները նպատակաուղղուած են Հայաստանի մէջ գիտելիքահեն տնտեսութեան ձեւաւորման՝ զարգացման հիմնական նախապայման դիտարկելով բարձր արհեստագիտութիւններու խթանումը:
Նախարարը ներկայացուցած է նաեւ մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման ոլորտին մէջ մեկնարկած շարք մը ծրագրային նախաձեռնութիւններ:
«Ընթացող բարեփոխումներով նախատեսուած է աշխատանքի վրայ հիմնուած ուսուցման /երկեակ կրթութեան/ ձեւերու զարգացում եւ ընդլայնում, ՄԿՈՒ համակարգի ծրագրերու որակի բարելաւում, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական շրջանակի իրաւական կարգաւորման մեխանիզմներու ապահովում՝ ներառեալ ֆինանսաւորման մեխանիզմները: 2023 թուականի դրութեամբ երկեակ կրթութեան ձեւը ներդրուած է Հայաստանի 20 ՄԿՈՒ հաստատութիւններու մէջ՝ շուրջ 24 մասնագիտութիւններու համար՝ գիւղատնտեսութիւն, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ, գինեգործութիւն, զբօսաշրջութիւն, ճշգրիտ ճարտարապետութիւն, լոկիսթիք եւ այլն»,- ներկայացուցած է ԿԳՄՄ նախարարը:
Տեղեկացնելով, որ մշակուած է «Մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծը՝ Ժաննա Անդրէասեանը նշած է, որ կ’առաջարկուի աշխատանքի վրայ հիմնուած ուսուցման համակարգի հաստատութենականացում, ընկերային գործընկերներու ներգրաւմամբ կրթութեան կառավարման եւ կազմակերպման նոր ձեւի ներդրում, կրթական ծրագրերու ընդհանուր բովանդակութեան եւ պահանջներու վերանայում, ֆինանսաւորման համակարգի փոփոխութիւն, ձեռնարկատիրական գործունէութեան խթանում եւ այլն:
Բարեփոխումներու ծիրին մէջ կը նախատեսուի նաեւ վարչական եւ մանկավարժական անձնակազմերու մասնագիտական զարգացման եւ խրախուսման փոխկապակցուած համակարգի ներդրում՝ նախատեսելով վերապատրաստում, հաստատագրի տրամադրում, կոչումներու շնորհում, ՄԿՈՒ համակարգի ուսանողներու եւ ուսուցիչներու իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու կարգաւորում:
«Մասնագիտական կրթութիւն ստանալու հաւասար հնարաւորութիւններու ապահովումը բարեփոխումներու յատուկ ուղղութիւն է՝ համընդհանուր ներառման ապահովման միջոցով: Համընդհանուր ներառական եւ ուսանողակեդրոն կրթական միջավայրի ստեղծումը կը պահանջէ բարդ գործընթացներու կազմակերպում, որոնց շրջանակին մէջ հնարաւոր պիտի ըլայ ապահովել ՄԿՈՒ եւ ակադեմական կրթական ծրագրերու եւ մասնագիտութիւններու վերանայում՝ աշխատաշուկայի պահանջներուն համապատասխան: Մասնագիտական եւ ակադեմական ուսուցման հաւասարակշռման կայուն համակարգերու ստեղծումը՝ ըստ աշխատաշուկայի կարիքներու, կը ներառէ շարք մը ոլորտներու արդիւնաւէտ համագործակցութիւն, այդ շարքին՝ առաջնահերթ ոլորտներու մէջ համատեղ կրթական ծրագրերու մշակում: Կարեւոր գործընթացներէն են ուսուցման ակադեմական կէտերու ճանաչումը, որ պիտի բարձրացնէ շրջանաւարտներուն մրցունակութիւնը, աշխատանքի վրայ հիմնուած ուսուցման լրացուցիչ մեխանիզմներու ստեղծումը, որ ուսանողներուն թոյլ պիիտ տայ աւելի լաւ պատրաստուիլ մասնագիտական աշխատանքին եւ ձեռք բերուած գիտելիքներու եւ հմտութիւններու կիրառման աւելի լայն հնարաւորութիւններ ունենալ»,- եզրափակած է ԿԳՄՄ նախարարը:
Համաշխարհային կրթական համաժողովին այս տարի կը մասնակցին աշխարհի 114 երկիրներու շուրջ 120 ոլորտային նախարարներ: Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող համաժողովին կը մասնակցի նաեւ ԿԳՄՄ նախարարութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի նախագահ Սարգիս Հայոցեանը:
Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն կատարած այցի շրջանակին մէջ ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեանը հանդիպած է նաեւ Լոնտոնի համալսարանական քոլեճի ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «Ակադեմական քաղաք» ծրագրի շրջանակին մէջ հնարաւոր համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս՝ Լոնտոնի համալսարանական քոլեճի ներկայացուցիչներու՝ Կրթական համալսարանի ձեւաւորման մշակման հետ կապուած աշխատանքներուն մէջ մասնակցութիւն ունենալու վերաբերեալ:
Այդ ծիրին մէջ կայացած է շատ արդիւնաւէտ քննարկում, եւ բրիտանական կողմը համատեղ աշխատելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ Լոնտոնի համալսարանական քոլեճի ներկայացուցիչները յառաջիկային պիտի ժամանեն Հայաստան, որուն ընթացքին պիտի ստորագրուի համապատասխան յուշագիր. այն ներկայիս վերջնականացման փուլին է:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է նաեւ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններու շուրջ, որոնք կը ներառեն Կրթական համալսարանի հասկացողութեան մշակման, ինչպէս նաեւ խոշորացուած համալսարաններու կառավարիչներու վերապատրաստման հարցերը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ բուն իրականացման գործընթացը, քանի որ Լոնտոնի համալսարանական քոլեճը անցած է խոշորացման գործընթաց, որուն միաւորուած են տարբեր հաստատութիւններ եւ նոյն ինքն Կրթական հիմնարկը: Նշուած է, որ բրիտանական կողմը պիտի կիսուի իր փորձառութեամբ եւ կիրառական գիտելիքներով՝ ինչպէս իրականացնել այդ գործընթացը: