Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԱԶՆԱՒՈՒՐՈՎ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐ ՊԻՏԻ ՀՊԱՐՏԱՆԱՆՔ՝ ԸՍԵԼՈՎ, ՈՐ ԱՆ ՀԱՅ Է» ԸՍԱԾ Է ԱՐԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

May 23, 2024
in Հայաստան
0
«ԱԶՆԱՒՈՒՐՈՎ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐ ՊԻՏԻ ՀՊԱՐՏԱՆԱՆՔ՝ ԸՍԵԼՈՎ, ՈՐ ԱՆ ՀԱՅ Է»  ԸՍԱԾ Է ԱՐԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

 

 

Երաժիշտ, երգահան, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Արա Գէորգեան աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մասին խօսիլը պատիւ կը համարէ, կ’ընդգծէ, որ ան մեծ հայ էր, մեծ արուեստագէտ, որուն աշխարհը գնահատած է:

Ըստ Գէորգեանի՝ Ազնաւուրը ունէր բացառիկ ձայն, իսկ երգի նկատմամբ անոր վերաբերմունքը, կատարելու ոճը, յոյզերը, ապրումները տեղ հասցնելու անոր ձեւը իւրայատուկ էին, չկրկնուող:

«Ազնաւուրը հոգատար էր մեր երկրին նկատմամբ. ան արձագանգած է մեր ամէն ցաւին: 1988-ի երկրաշարժին ժամանակ Ազնաւուրը իր շուրջը համախմբեց օտարազգի շատ երգիչներ, որոնք քանի մը լեզուով կատարեցին «Քեզ համար, Հայաստան» երգը: Այդ տիտանական աշխատանք էր, եւ իր անունն էր որ իր ետեւէն կը տանէր այդքան արուեստագէտներ: Ազնաւուրը ստեղծեց հիմնադրամ, որուն շնորհիւ շատ օգնեց մեր երկրին, յատկապէս՝ Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն»,- Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան առթիւ կը նշէ Արա Գէորգեանը:

Գէորգեանը շատ բարձր կը գնահատէ Ազնաւուրը որպէս արուեստագէտ, որպէս հայ, որպէս սրտացաւ հայրենակից, համամարդկային կերպար, որուն անունը տալով՝ հպարտութիւն կ’ապրի: Ան վստահ է՝ Ազնաւուրով երկար տարիներ պիտի  հպարտանանք՝ ըսելով, որ ան հայ է:

Երգահան Ազնաւուրին հետ հանդիպելու առիթ չէ ունեցած, ինչին համար շատ կ’ափսոսայ, քանի որ կը փափաքէր երգիչին խորհուրդը լսել: «Կ’ուզէի, որ Ազնաւուրը լսէր «Ատանա» երգը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան: Շատ կը փափաքէի, որ ան կատարէր այն, ինչին շնորհիւ հեշտութեամբ երգին շուրջ պիտի համախմբէր տարբեր ագգերու մեծ երգիչներ»,- կ’ըսէ ան:

Արա Գէորգեանին այնքան ցնցած է Ազնաւուրի մահը, որ երգիչի մահուան գիշերը գրած է «Մեր Շարլ» երգը, ձայնագրած է զայն ու հրապարակած:

«Արցունքները անդադար կը հոսէին, ապշած էի: Նուագելու ժամանակ կ’ըսէի՝ «շնորհակալ ենք քեզի, մեր Շարլ»: Վերէն եկած բառերը դարձան բնագիր: Նուագելու ընթացքին նաեւ կը գործիքաւորէի: Զանգեցի երգչուհի Մաշա Մնջոյեանին, ձայնագրեցինք երգը: Տեսանք, որ հիանալի յաջողեցաւ: Ազնաւուրի լուսանկարներու հիման վրայ հոլովակ պատրաստեցի ու առաւօտեան 5:00-ին հրապարակեցի համացանցին մէջ: Յաջորդ օրը զանգահարեց Մարտին Վարդազարեանը ու ըսաւ՝ կեցցե՛ս: Այդ  գնահատականը զիս շատ ոգեւորեց, պարզուեցաւ որ քանի մը ժամուայ մէջ 100 հազար մարդ դիտած է հոլովակը»,- կը յիշէ երաժիշտը:

Նոյն օրը երգը թարգմանուած է ֆրանսերէնի, որ կատարած է Ատամ Պարօն: Հետագային այն թարգմանուած եւ կատարուած է սպաներէնով, պուլկարերէնով, արաբերէնով, անգլերէնով, պարսկերէնով: Գէւորգեանը երգի նոթաներու բաշխումը կը փափաքի նուիրել Ազնաւուրի թանգարանին:

Ան կը շեշտէ, որ աշխարհի մէջ ոեւէ հանրայայտ երգիչ իր մասին այդ տեսակ երգ չունի, երբ տարբեր ազգութիւններու արուեստագէտներ կ’ըսեն՝ շնորհակալութիւն, որ երգած ես մեզի  համար ու ջերմ պահեր պարգեւած ես քու երգովդ:

«Կ’ուզեմ, որ այս ծրագիրը մտնէ Կինեսի մրցանիշներու գիրք, եւ Ազնաւուրը աշխարհի մէջ ըլլայ միակ երգիչը, որուն մասին գրուած երգը այդքան տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ կ’երգեն իրենց լեզուով: Շատ կը փափաքիմ, որ Երեւան հրաւիրուին այդ բոլոր երգիչները: Ամէն մէկ երգիչ գայ ու կատարէ Ազնաւուրի մէկ երգ, եւ վերջաւորութեան բոլորը երգեն իմ գրած երգս: Ամէն մէկը՝ իր լեզուով, թարգմանութիւնը կը գրուի պաստառին»,- յոյս յայտնած է Գէորգեանը:

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱԾ Է ԶԵԿՈՅՑՈՎ

Next Post

ՀՀ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԱՄԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԱԿԸ

Next Post
ՀՀ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԱՄԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԱԿԸ

ՀՀ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԱՄԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.