Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

May 23, 2024
in Միջազգային
0
ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ Այսրյորդանանի ու Երուսաղէմի մէջ շարունակուող ոտնձգութիւններուն լոյսին տակ, Նորվեկիա, Սպանիա եւ Իրլանտա երէկ ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը եւ պահանջեցին անյապաղ վերջ տալ իսրայէլեան բռնութիւններուն: Իրլանտայի վարչապետը վստահութիւն յայտնեց, որ շարք մը երկիրներ շուտով պիտի հետեւին իրենց օրինակին: «Ապագայ չունի սիոնիզմի այս ծայրայեղական տարբերակը, որ կը սնուցանէ իսրայէլացի վերաբնակիչներուն բռնութիւնները պաղեստինցիներուն եւ անոնց հողերուն նկատմամբ», ըսաւ իրլանտացի պաշտօնատարը՝ աւելցնելով, որ պաղեստինցիները արժանի են յոյսով եւ խաղաղութեամբ լեցուն ապագայի:

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ, իր կարգին, խորհրդարանին մէջ տրուած ուղերձով մը յայտարարեց Պաղեստինի պետութեան ճանաչում՝ Կազայի մէջ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր շարունակուող պատերազմի լոյսին տակ: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը շարունակէ կործանել Կազան, իսկ մենք խաղաղութեան ձգտող ժողովուրդ ենք եւ այդ մասին կ՛ապացուցեն ժողովրդային խաղաղ ցոյցերը», ըսաւ սպանացի վարչապետը:

Իսկ Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կար Սթոր յայտարարեց Պաղեստինի պետութեան անկախութեան իր երկրին ճանաչումը, շեշտելով որ այդ կը նշանակէ զօրակցիլ չափաւորական ուժերուն, որոնք սկսած են վերատեսութեան ենթարկել իրենց դերը շարունակուող հակամարտութեան մէջ:

Միւս կողմէ, ամերիկեան Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ նախագահ Ճօ Պայտըն կը հաւատայ, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը պէտք է իրականանայ բանակցութիւններով, ոչ թէ միակողմանի որոշումներով: Իսկ Ֆրանսայի վարչապետը շեշտեց, որ մինչ Պաղեստինի անկախ պետութեան ճանաչումը բացառուած չէ, Փարիզ կը կարծէ, թէ այս փուլը այդ քայլին դիմելու յարմար առիթը չէ:

Որպէս հակադարձութիւն Պաղեստինի պետութեան ճանաչումին, Իսրայէլի Ելեւմուտքի նախարարութիւնը առկախեց տուրքերու գումարներուն պաղեստինեան իշխանութեան փոխանցումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն տրամադրուած արտօնագրերը, պահանջելով արտօնութիւն տալ իսրայէլեան յաւելեալ բնակավայրերու կառուցումին:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մարթին Կրիֆիթ նշեց, որ անցակէտերու փակումին պատճառով կարելի չէ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Կազայի բնակչութեան: «Իսրայէլ դիտմամբ կը թիրախաւորէ Կազայի մէջ գործող UNRWA-ի հաստատութիւնները եւ կը հաւատանք, որ պատերազմի աւարտը տակաւին հեռու է», շեշտեց Կրիֆիթ՝ աւելցնելով, որ զոհերուն մասին Կազայէն հրապարակուող թիւերը ճշգրիտ են, թէեւ Իսրայէլ կը փորձէ շեշտել հակառակը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԹՄՐԱՆԻՒԹ ՏԱՐԱԾՈՂՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ

ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.