Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹՄՐԱՆԻՒԹ ՏԱՐԱԾՈՂՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

May 23, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԹՄՐԱՆԻՒԹ ՏԱՐԱԾՈՂՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ երկարատեւ հետապնդումներու եւ հետախուզական աշխատանքի շնորհիւ, Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը յաջողած է Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Սէն Թերեզ շրջանին մէջ ձերբակալել թմրանիւթի վաճառական լիբանանցի մը եւ իր սուրիացի գործընկերը: Ապահովութեան ուժերը գրաւուած շարժանիւէն յայտնաբերած է թմրախոտ եւ քոքային, ատրճանակ մը եւ չորս փամփուշտ: Նախնական հետաքննութեամբ ի յայտ եկած է, որ ձեբակալուած լիբանանցին հետապնդուած է ապահովական ուժերուն կողմէ եւ անոր դէմ արձակուած է ցկեանս բանտարկութեան դատավճիռ, մինչ սուրիացին եւս ծանօթ է իր օրինախախտումներով, մանաւորաբար մարդու վաճառականութեան ոլորտին մէջ:

Երէկ լուսարձակի տակ մնաց Թրիփոլիի նաւահանգիստէն Լիբանան մուտք գործած թրքական ատրճանակներու թղթածրարը: Այս առումով սուր քննադատուեցաւ նաւահանգիստի տնօրէնութիւնն ու ապահովական համակարգը: Որպէս հակադարձութիւն, նաւահանգիստի աշխատակիցներու սենտիքայի նախագահ Ահմատ Սայիտ դատապարտեց «անհիմն տեղեկութիւններու հրապարակումը» եւ զգուշացուց նաւահանգիստին աշխատանքը խափանելու եւ պաշտօնեաները գործազրկութեան մատնելու վտանգէն: Անոր համաձայն, «տեղի ունեցածէն կարելի է խուսափիլ խստացնելով ապահովական քայլերը եւ կառուցողական քննադատութեամբ, ոչ թէ ժխտական շարժումներով»:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՊՕՐԻՆԻ ՎԱՃԱՌԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ

Next Post

ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

Next Post
ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.