Թիւ 25
«Երեխաները աշխարհի ամենաարժէքաւոր պաշարն են եւ ապագայի ամենալաւ յոյսը»:
Ճոն Ֆ. Քենըտի, ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ
Վերջին տարիներուն աշխարհ ականատես կը դառնայ մարդկային արժէքի անկումին: Ընկերութեան անպաշտպան դասակարգը, որ կը բաղկանայ ծերունիներէ, կիներէ եւ երեխաներէ ու ընչազուրկ մարդոցմէ, շատ անգամ կ’ենթարկուի շահագործումի: Կրօնքը այն աստուածահաստատ համակարգն է, որ կը հաստատէ Մարդուն արժէքը: Մարդը արժէք է Արարիչին համար: Սուրբ գիրքերը ամենամեծ վկաներն են այդ իրականութեան: Մարդը որքան կը հեռանայ Արարիչի բնութեան օրէնքէն, այնքան կը մօտենայ Բարիի բացակայութեան ու իր եղբայրը կամ քոյրը շահագործելու կարելիութեան: Մարդուն արժէքը միայն կը գտնուի Արարիչի համակարգին մէջ: Անկէ դուրս Մարդը Մարդուն համար թիւ է միայն: Այն Մարդը որ հեռու է Եկեղեցիէն ու կրօնքէն կրնայ գործել ամէն բան, որովհետեւ թիւ կը տեսնէ իր եղբայրը կամ քոյրը:
Մանուկներու, երեխաներու, կիներու շահագործումը կամ Մարդուն շահագործումը ընդհանրապէս մեծ թափ ստացած է նոր արհեստագիտութեան այս դարուն: Մարդուն շահագործումը Մարդուն կողմէ հասած է անտանելիի սահմանին: Այս ինչ նիւթապաշտ, անմարդկային համակարգ մըն է որ կը սկսի ձեւաւորուիլ Եկեղեցիէն ու կրօնքէն հեռու: Մարդիկ խիղճը փոխարինած են անտարբերութեամբ: Նիւթական շահի ակնկալութեամբ անտարբեր դարձած Մարդը շատ հեռու է Արարիչէն ու բնութեան սիրոյ ու լոյսի վրայ հիմնուած համակարգէն: Այս մարդոց համար երախան թիւ մըն է, անհոգի, անարժէք: Հակառակը ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել: Ինչպէ՞ս անողորմ մարդիկ իրենց խիղճը կը ծախեն քանի մը լումայի փոխարէն երեխաներու անմեղութիւնը շահագործելով: Բիրտ համակարգ մը որ պէտք է ենթարկուի ամենածանր պատիժին, որպէսզի չկրկնուին դուրսէն ներածուած այսպիսի անմարդկային արարքներ: Մարդը արժէք է ու վերջ: Այս օրէնքը խախտողը անմարդկային էակ է ու անողորմ ենթակայ պատիժի:
Պելճիքացի գեղանկարիչ Փիթըր Պրիւկըլ, հայ գրող Յովհաննէս Թումանեան եւ անգլիացի գրող Չարլզ Տիքընզ հիւրերն են մեր այսօրուան «Մշակոյթի Անդրադարձ»ին: Այս ստեղծագործող մարդիկ շատ բան տուին մեզի, Աշխարհի մշակոյթին: Անոնք իրենց կեանքով եւ գործով փաստեցին, որ մարդը արարողն է, աշխատողը ու իր գործով հաւասարակշռողն է տիեզերքին: Անոնք կոչ ուղղեցին յարգելու գիւղացիին աւանդութիւնները, արժէքը, յարգելու կինը որպէս քոյր եւ մայր ամէն յարգանքի արժանի, յարգելու նաեւ երեխաները ու անոնց տրամադրել հանգիստ ապրուստի պայմաններ առանց շահագործումի: Տիեզերքի օրէնքին հիմը հաւասարակշռութիւնն է ու յարգանքը, սէրը: Այս է այն պատուէրը, որ կու գայ մեզի բոլոր կրօններու պատուիրաններէն:
ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՓԻԹԸՐ ՊՐԻՒԿԸԼ ԿՐՏՍԵՐ (1564 -1638)
Փիթըր Պրիւկըլ պելճիքացի գեղանկարիչ է Վերածնունդի շրջանի: Անոր գեղանկարները կը յատկանշուին իրենց պարզութեամբ ու գեղջուկ ժողովուրդի կեանքը ներկայացնող իրենց գեղեցկութեամբ:
Կանուխ տարիքէն կորսնցուցած է իր ծնողքը: Մեծ մայրը հոգացած է իրենց կրթութիւնը: Մեծ մայրը Mayken Verhulst այն անձն էր, որ իրեն ապահովեց արուեստի կրթութիւն ու Պրիւկըլ իր առաջին քայլերը առաւ դէպի արուեստի գեղեցիկ աշխարհը:
Պրիւկըլ Կրտսեր նկարեց գիւղը, գիւղացիին համեստութիւնը, վէճերը, կեանքը, եկեղեցական արարողութիւնները: Ան ներկայացուց գիւղը եւ գիւղացին իրենց կեանքի բոլոր մանրամասնութիւններով:
ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ (1869-1923)
Յովհաննէս Թումանեան արեւելահայ արձակի մեծերէն է, համեստ մարդու կեանքը եւ բնութեան գեղեցկութիւնը ներկայացնող արձակագիրը: 20-րդ դարու սիրուած արձակագիրն էր ան: Իր հայրենակիցները ապրեցան Թումանեանով: Ան իրաւամբ գիւղական կեանքը ներկայացնող, կեանքի, բնութեան եւ սիրոյ արձակագիրն էր:
Թումանեան ծնած է բնութեամբ հարուստ Լոռիի Դսեղ գիւղը: Շրջանը իր բնական գեղեցկութեամբ, զուլալ աղբիւրներու յստակութեամբ կերտած է անոր ներաշխարհը, դիւթած է զինք: Համեստ գիւղացին հմայած է զինք ու դարձած իր շատ մը երկերուն առաջին կերպարը: Ան հասակ առած է շրջանի մը մէջ որ իւրայատուկ էր իր բնութեան թովչութեամբ եւ ունէր գեղջուկ ու շինական հասարակութեան խորապէս աշուղական հոգեկան աշխարհի գաղտնիքները:
Յովհաննէս Թումանեանի արձակին յաջողութեան հիմնական պատճառներէն մէկը իր պարզութիւնն է, հաղորդականութիւնը, անմիջականութիւնը: Պարզ են իր բառերը, հասկնալի, բայց ունին վսեմութիււն, խորք, կեանքի փիլիսոփայութիւն:
Թումանեան միշտ եղած է համեստ մարդը նկարագրող մեր մեծ մարդասէրը: Ան նկարագրած է մեր լեռները, գիւղացիները եւ անոնց համեստ ու մարդկային նիստուկացը: «Լեռների հովիւը» կը նկարագրէ Սասունի լեռներուն մէջ ապրող հովիւ մը ու անոր կեանքէն ցաւալի դրուագ մը: Հովիւը բնութեան զաւակն է: Ան է որ գիտէ բնութիւնը եւ երբ մարդոց կողմէ ծաղրանքի ենթարկուի, բնութեան եւ իր հօտին մէջ կը գտնէ իր ցաւերու դարմանը:
ԼԵՌՆԵՐԻ ՀՈՎԻՒԸ
Լեռնե՜ր… բարձր ու կանաչ լեռներ, դուք հայրենիքն ու գահը զով զեփիւռների, անուշաբոյր ծաղիկների, սուրբ ցողերի ու շաղերի, անմահական սառն աղբիւրների, սեւ-սեւ ամպերի, հրեղէն կայծակների, ջրեղէն տարափների… Դո՜ւք – մօտիկ աստծուն, աստղերին, լուսնին, երկնային շնորհքներին ու գաղտնիքներին, վեհ ու վեհապանծ լեռներ…
Եւ ո՞վ է հողեղէններից այնքան ձեզ նման հպարտ, հզօր, վեհանձն ու մաքուր, որքան ձեր հարազատ որդեգիրը, ձեր մրրիկների ու զեփիւռների, ծաղիկների ու կայծակների ծնունդը, ձեր պահած ու փայփայած հովիւը։
Լեռների հովի՜ւը անծանօթ ու խորթ կեանքի սրտամաշ հառաչանքներին, գետնաքարշ արարքներին, հացկատակ խաղերին ու տաղերին, հպարտ ու զուարթ, որպէս այդ ձեր վայրենի ծաղիկները։
Բայց ձեր վայրենի ծաղիկներն էլ իրանց բոյրով-հրապոյրով ընկնում են ծանր ու կոպիտ ոտների տակ եւ ապականւում, ցեխ դառնում։
Քաղաքում՝ բարձրայարկ տան բակում, իւր սրինգն ածում ու պար էր գալիս մի բարձրահասակ, թիկնաւէտ երիտասարդ։ Նրա հագին բազմատարազ շորերի ցնցոտիներ էին, գլխին՝ ծանր քրդի քոլոզ։
Զուարթ էր նրա հովուական սրնգի ձայնը, ուրախ էր պարի եղանակը, աշխոյժ էր եւ պարը, միայն տխուր էին թուխ, կրակոտ աչքերը, որ երբեմնակի նայում էին վերեւ։ Նրանք երբեմնակի նայում էին վերեւ, երեւի տեսնելու, թէ օքմի՞ն կայ պատշգամբներում, թէ չէ. նայում էին, սակայն չէին աղերսում…
Տխուր էր եւ նրա առնական դէմքը իւր շիկասեւ, նորածիլ շրջանակի մէջ, ուր նշանաւոր էին արծուի քիթն եւ ուռած շրթունքները։ Եւ նա ինքն ամբողջ մի մարմնացած վայրենի վիշտ էր, բայց իւր սրինգն ածում ու պար էր գալիս։
Նրա հնամաշ շորերի ձորձերը թռչկոտելով դիպչում էին բարձր ազդրերին ու բաց սրունքներին, յօրինելով մի ծիծաղաշարժ տեսարան, որ սաստիկ վիրաւորում էր նրա հզօր կերպարանքն ու դառն տխրությիւնը։
– Քուրտը, քուրտը… – աղաղակեցին երեխաները, եւ տանըցիք նոր ճաշերն աւարտած, թմփթմփալով սրնգի ձայնին դուրս եկան պատշգամբը, նայելու աղքատ քուրտին։
Աւելի ոգեւորուած՝ քուրդը կրկնապատկեց եռանդը, աշխատում էր ցոյց տալ իւր բոլոր շնորհքը զանազան ծամածռութիւններ ու խեղկատակութիւններ անելով…։ Եւ նա հասնում էր իւր նպատակին, վերեւից հրճուում, ուրախ կըրկըչում էին։
Բայց նրանցից ոչ ոք չէր մտածում, թէ ինչու ինքը՝ պարողը, չի ուրախանում, ինչու մենակ նա է տխուր…
Եւ ի՞նչ կ’աւելանար աղքատ քրտին, եթէ մէկն այդ հարցնէր։ Նրան մի քանի կոպեկ սեւ փող էր հարկաւոր, առաւ դուրս եկաւ։
Մտաւ ուրիշ բակ։
Պատրաստւում էր դարձեալ իւր պարն սկսելու, երբ մէկը հարցրեց.
– Ո՞րտեղացի ես, տղայ։
– Սասունիցն, աղա։
– Հապա ո՞ւր ես եկել։
– Ես չոբան էի, աղա, թուրքեր մեր գեղ քանդեցին… իմ ոչխար լէ թալլեցին…
Նա բաց արաւ կռան տակը, որտեղ երեւում էր խանչալի տուած լայն վէրքի սպին, քոլոզը վերցրեց, ցոյց տուեց գլխի պատռուածը, երեւի դրանով ուզում էր ասել, թէ հեշտ չի տեղի տուել թշնամուն, եւ դարձեալ ծածկելով՝ սկսեց իւր սրինգն ածել ու պարել։ – Կտիէ Էթը Սասուն փափա: (Ո՞ւր է Սասուն, հայր),- հօրը փարելով, հարցրեց օրիորդը։
– Էթը թամ…տալիքօ: (Ան այդտեղ է … հեռու),- ձեռը թափ տալով իբրեւ պատասխանեց հայրը եւ շարունակեց «ղնջռտալով» նայել աղքատ սրնգահարին, որ զանազան ոստումներ ու ծամածռութիւններ անելով, պար էր գալիս ներքեւ՝ բակում։
Զուարթ էր նրա սրնգի ձայնը, պարի եղանակը, աշխոյժ էր եւ պարը, միայն տխուր էին նրա թուխ, կրակոտ աչքերը, որ երբեմնակի նայում էին վերեւ…
Եւ այսպէս պար էր գալիս հայրենիքից հալածուած, ոչխարը խլած Սասունի լեռների հովիւը։ Նրա հնամաշ շորերի ձորձերը թռչկոտելով դիպչում էին բարձր ազդրերին ու բաց սրունքներին՝ յօրինելով մի ցաւալի տեսարան։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՉԱՐԼԶ ՏԻՔԸՆԶ (1812-1870)
Չարլզ Տիքընզ ստեղծագործեց ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ մարդուն եւ երեխային արժէքը ոտնակոխուած էր: Երեխան կը շահագործէին ու կ’աշխատցնէին երկար ժամեր: Ան նորավէպի մասնագէտ էր, ընկերային քննադատ մը: Իր երկերով քննադատեց այն ատենուան բրիտանական ընկերութիւնը, որ մէկ նմոյշն էր Արեւմուտքի ընկերութեան: Ճարտարարուեստի յեղափոխութիւնը նսեմացուցած էր մարդուն արժէքը: Նաեւ կային անխիղճ մարդիկ, որոնք կը շահագործէին երեխաները: Զանոնք կ’աշխատցնէին երկար ժամեր անմարդկային գործերու մէջ: Այս մութ իրականութիւնն է որ ներկայացուց Տիքընզ իր երկերուն մէջ: Տեղ մը բան մը պէտք է փոխուէր: Այս էր դերը գրողին Վիքթորիանական Բրիտանիոյ ժամանակաշրջանին:
Ծնած է Պորնմըթ քաղաքին մէջ: 12 տարեկանին ստիպուեցաւ ձգել դպրոցը, ապա դպրոց վերադարձաւ ու դարձաւ լրագրող: Հրապարակեց պարբերաթերթ մը 20 տարուան ժամանակամիջոցի մը ընթացքին:
Դարձաւ ընկերային համակարգի քննադատ մը. իր «The Pickwick Papers» եւ «A Christmas Carol» երկերը կը ներկայացնեն քննադատութիւն մը այդ ժամանակաշրջանի մարդոց մտածելակերպին: Իսկ «Oliver Twist» եւ «Great Expectations» երկերը կը քննադատեն այդ ժամանակաշրջանին երեխաներու շահագործումը:
Տիքընզի դասական բարոյականութեան պատմութիւնը սովամահ որբի մը մասին, որ յայտնուած է բարիի եւ չարի հակառակ ուժերու միջեւ, Վիքթորիանական Անգլիոյ աղքատութեան օրէնքներու մեղադրանք մըն է: Մռայլ ծիծաղը կը միանայ Օլիվըր Թուիսթի, Ֆեգինի, Նենսիի, Պիլ Սայքսի եւ Հնարամիտ Տոճըրի անմոռանալի դերասանական կազմով, Տիքընզի երկրորդ վէպը ազդեցիկ ընկերային երգիծանք է, որ հանրաճանաչ մնացած է 1837-39 թուականներէն ի վեր:
ՊՐԻՍՄԱԿ