ԼԻԲԱՆԱՆ
ԱՐԺՈՅԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Պուչիքեան յայտարարեց, թէ իր նախարարութիւնը կարգ մը քայլեր առաւ կազմակերպելու եւ սահմանափակելու համար սուրիացի գործաւորին աշխատանքը լիբանանեան ճարտարարուեստին մէջ: Ան աւելցուց, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ շատ մը շրջաններ կան, ուր ապահովութիւն կայ, ուրեմն գաղթականներուն մնալը Լիբանանի մէջ ունի տնտեսական պատճառներ:
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը իր վերչին տեղեկագրին մէջ բացայայտեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական անկումի հիմնական պատճառը իրերայաջորդ կառավարութիւններու վերջին վեց տարիներուն վարած տնտեսական քաղաքականութիւնն էր, որ հիմնուած էր անսանձ ծախքի վրայ, առանց կատարելու պիւտճէի բացը նուազեցնելու որեւէ քայլ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍ
ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը սկսած է քայլեր առնել տնտեսութիւնը հաւասարակշռելու համար: Ցարդ անկախութենէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան թիւ մէկ յաճախորդն էր Ռուսիան: Այս քայլերը սկսած են հասնիլ որոշ արդիւնքի: 29 Մարտին Հայաստանի դրամատուները որոշեցին այլեւս չընդունիլ ռուսական վճարումի քարտեր, տեղի տալով Արեւմտեան պահանջքին: Այս որոշումը պիտի ազդէ Ռուսիայէն դէպի Հայաստան կատարուած դրամական փոխանցումներու ծաւալին վրայ: Այս տարի դրամական փոխանցումներու ծաւալը հասաւ 657 միլիոն ԱՄՆ տոլարի, 2023-ի 1,1 միլիառ ԱՄՆ տոլարին փոխարէն:
Շատ մը հայ գործաւորներ կը նախընտրեն վերադառնալ Հայաստան, որովհետեւ աշխատավարձի տարբերութիւնը նուազած է երկու երկիրներուն միջեւ: Հայաստանի առեւտուրը Ռուսիոյ հետ կը կազմէ ընդհանուր առեւտուրի 36 առ հարիւրը, մինչ Եւրոպական միութեան հետ ան կը կազմէ 13 առ հարիւր: ԱՄՆ եւ Եւրոպական միութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան պիտի փոխանցեն 350 միլիոն ԱՄՆ տոլար՝ սկսելու համար ռուսական տնտեսական համակարգէն անկախանալու հոլովոյթը:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿԸ
15 Մայիս 1948 – 15 Մայիս 2024, Իսրայէլի հռչակումի 76-ամեակին, երկիրը կ’անցնի դժուար պայմաններէ: Իսրայէլեան ընկերութեան դէպի ծայրագոյն աջ թեքումը վերջին տարիներուն սկսած է տալ իր ժխտական արդիւնքը: Ծայրագոյն աջը եւ ազգային կրօնական շարժումը իրենց վարած քաղաքականութեամբ արագացուցին պաղեստինեան գրաւեալ շրջաններու բողոքի շարժումին սկսիլը: Նաեւ այս կառավարութիւնը սկսաւ երկրի երրորդ՝ Դատական իշխանութեան իրաւասութիւններու սահմանափակումի հոլովոյթը, խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան քուէով սահմանափակելու համար անոր՝ կառավարութեան գործունէութեան վրայ հսկելու իրաւասութիւնը:
Կազայի մէջ սկսած պատերազմը սկսած է իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ երկրի տնտեսութեան վրայ: Հիւսիսային եւ հարաւային սահմաններէն հազարաւոր գաղութարարներ փոխադրուած են երկրի կեդրոնական մասը: Տնտեսութիւնը մեծ վնաս կը կրէ հազարաւոր գործաւորներու բանակին մէջ ծառայեուն պատճառով: Հիւսիսի եւ հարաւի կարգ մը շրջաններու մէջ դադրած է ճարտարարուեստը եւ երկրագործութիւնը: Եմէնի հուսիներու պարտադրած ծովային պաշարումը անդամալուծած է հարաւային «Իլաթ» նաւահանգիստը:
ԵՒՐՈՊԱ
ՄԱՔՍ ԵՒ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ
Չինաստան սկսած է իր արտադրած աւելորդ ապրանքը աժան գինով արտածել դէպի Եւրոպա եւ ԱՄՆ: Ներքին պահանջարկի անկումը շրջանցելու համար, Չինաստան կը դիմէ այս քայլին: Սակայն, առանց մաքսի կամ ցած մաքսի համաշխարհային համակարգը սկսած է թուլնալ: Եւրոպա կը բողոքէ այս քայլին դէմ, մանաւանդ իր արտադրութեան անկումի պայմաններուն մէջ, սղաճի որպէս հետեւանք ռուսական կազին վրայ դրուած արգելքին պատճառով: Յայտնի է, թէ Եւրոպական միութիւնը քայլեր պիտի առնէ նուազեցնելու համար Չինաստանէն ներածուած պողպատին, ելեկտրական ինքնաշարժներուն ծաւալը: Չինաստանն ալ կրնայ դիմել հակաքայլերու՝ մաքս դնելով ներածուած եւրոպական ապրանքին վրայ:
Եւրոպական միութիւնը որոշեց կալանք հաստատել Ռուսական Դաշնութեան իր մօտ ի պահ դրուած 300 միլիառ ԱՄՆ տոլար գումարին վրայ: Այս գումարէն եկած տարեկան 2-3 միլիառ ԱՄՆ տոլարի եկամուտը պիտի գործածուի Ուքրանիոյ զէնք տրամադրելու համար: 10 առ հարիւրն ալ պիտի գործածուի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու համար այդ երկրին:
ԱՄԵՐԻԿԱ
ԷՔՈՒԱՏՈՐԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Հարաւային Ամերիկայի Էքուատորը կը համարուի աշխարհի ոճիրի ամենավտանգաւոր կէտերէն մէկը: Երկրի Տիւրան քաղաքին մէջ ոճիրին չափը հասած է 148 սպանութեան՝ ամէն 100 հազար քաղաքացիի վրայ: Հիմանական պատճառն է այդ երկրին ծառայելը որպէս դրացի Գոլոմպիոյ արտադրած թմրեցուցիչի դէպի Եւրոպա արտածումի կէտ իր նաւահանգիստները գործածելով: Աղքատութիւնը, ուսումի մակարդակը նաեւ առնչուած են ոճիրի այս բարձր տոկոսին հետ:
ԱՄՆ
ՊԱՐՏՔ ԵՒ ՄԱՔՍ
Ըստ տնտեսագէտներու, ԱՄՆ-ի տնտեսութիւնը կ’ուղղուի դէպի անորոշութիւն պարտքի մեծ ծաւալին պատճառով: Իրերայաջորդ վարչակազմեր յետաձգեցին ամէն բարեկարգում պարտքին չափը նուազեցնելու համար: Խնդիրը ձգեցին յաջորդ վարչակազմին ու այս ձեւով ԱՄՆ մտաւ փապուղի մը, որմէ դուրս ելլելը բաւական դժուար պիտի ըլլայ որդեգրուած տնտեսական քաղաքականութեան պատճառով: Ծախքը պէտք է նուազեցնեն, սակայն այդ քայլը որեւէ վարչակազմ ցարդ չառաւ: Ցած տոկոսը ձեռնտու էր ԱՄՆ-ի վարչակազմին, սակայն սղաճի պատճառով պարտքի տոկոսը բարձրացաւ եւ պարտքին բեռը սկսաւ ծանր կշռել ԱՄՆ-ի վարչակազմին վրայ:
Համաշխարհայնացումի ցած կամ առանց մաքսի համակարգը սկսած է փոխուիլ: Դէմ դնելու համար Չինաստանի արտադրած աժան ապրանքի ներածումի չափին, ԱՄՆ-ի վարչակազմը 100 առ հարիւր մաքս դրաւ Չինաստանէն ներածուած պողպատի, ալիւմինիումի, մետաղներու, ելեկտրական ինքնաշարժներու, համակարգիչի կիսահաղորդիչներու (semiconductors), լիթիում մարտկոցներու (battery) ու արեւի ճառագայթ հաւաքող բջիջներու (solar panels) վրայ: Մաքսը պիտի ազդէ 18 միլիառ տոլար ծաւալ ունեցող ներածուող չինական ապրանքի վրայ:
Որպէս հակադարձութիւն, Չինաստան կրնայ արգիլել պաշտպանութեան մարզին մէջ օգտագործուող մասնաւոր մետաղներու, մաքուր ուժանիւթ արտադրող սարքերու եւ ելեկտրական սարքերու արտածումը դէպի ԱՄՆ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՐԿՓԵՂԿՈՒՄ
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (IMF) փոխտնօրէն Կիթա Կոփինաթ յայտարարեց, թէ Չինաստան-ԱՄՆ աշխարհաքաղաքական բախումը պիտի վնասէ համաշխարհային տնտեսութեան, համագործակցութեան ու պիտի նուազեցնէ համաշխարհային համախառն արդիւնքը:
Ըսֆ Կիփինաթի, Քորոնա համաճարակը եւ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմը Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ամենաժխտական ազդեցութիւն ունեցող դէպքերն էին տնտեսութեան վրայ: Երկիրներ առաջնահերթութիւն կու տան իրենց տնտեսական ու ազգային ապահովութեան ու կը յարաբերին այն երկիրներուն հետ, որոնց հետ յարաբերութիւնը վնաս չի հասցներ իրենց տնտեսական եւ ազգային ապահովութեան: Այս ձեւով աշխարհ կ’ուղղուի դէպի երկբեւեռ համակարգ մը, հեռանալով օրէնքի վրայ հիմնուած համաշխարհային կառոյցներէ: Այս երկբեւեռացումը աշխարհի տնտեսութեան կրնայ պատճառել 0,2 առ հարիւրէն մինչեւ 7 առ հարիւր համախառն արդիւնքի նուազում:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ (Manufacturing)
Արտադրութիւնը կը համարուի պետութեան մը եկամուտ ապահովող ու մարդ աշխատցնող հիմնական հատուածներէն մէկը: Մինչեւ համաշխարհայնացումի սկիզբը երկիրներ կը վստահէին այս հատուածին՝ եկամուտ ապահովելու ու մարդ աշխատցնելու համար: Սակայն, 1980-ական թուականներէն սկսեալ Արեւմուտքը սկսաւ իր արտադրութեան հատուածը փոխադրել Ծայրագոյն Արեւելք: Այս քայլը ընդօրինակուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու կողմէ: Արդիւնքը եղաւ արտադրութեան մարզի յետքայլը, որովհետեւ առանց մաքսի երկիր մտած Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ աժան գինով արտադրուած ապրանքը լեցուց շուկան ու վնաս հասցուց տեղական արտադրութեան: Ներկայիս, համաշխարհայնացումի արձանագրած ձախողութենէն ետք, մանաւանդ Չինաստան-ԱՄՆ քաղաքական պայքարի սկսելէն ետք, տեղայնացումը (localization) սկսած է փոխարինել համաշխարհայնացումը, մաքսը պիտի վերահաստատուի ու արտադրութեան մարզը պիտի վերագրաւէ իր նախկին դիրքը իր բերելիք բարիքով:
Աղբիւրներ՝ «Տը Էքոնոմիսթ», «Ռաշա Թուտէյ», «eurasianet.org» եւ «Ալ Տիյար»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ