Շուրջ 450 հանդիսատես,- բանաստեղծներ, գրող ու գրականագէտներ, պատմաբաններ եւ լրագրողներ, համալսարանական ուսանողներ ու աւագ սերունդի պատկառելի դէմքեր, արուեստի ու մշակութային գործիչներ, պետական անձնաւորութիւններ (ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Յակոբ Ասլանեան) ու համահայկական կազմակերպութիւններ (Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հ.Ե.Ը., Հ.Մ.Մ.), քաղաքական կուսակցութիւններու (Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն, Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն եւ ուրիշներ) ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, համատեղուած եւ խիտ շարքերով՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումը վերածեցին գրական-գեղարուեստական յաղթանակի տօնախմբութեան, ուր հայու հպարտութիւնն ունէր անպարտելի հնչեղութիւն՝ սարդարապատեան յաղթաթռիչ ոգիով թեւածող՝ ընդարձակ ու շքեղ սրահէն ներս: Տեղին է յայտնել, բացի Հայաստանի տարբեր քաղաքներէ (Էջմիածին, Կիւմրի եւ այլուր), աշխարհի տարբեր քաղաքներէ՝ Լիբանան, Սուրիա, Պոլիս, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ այլուր, բազմաթիւ հայորդիներ ներկայ եղան միջոցառման:
Ամենայն Հայոց Մշակոյթի Դեսպան Արշակ Չօպանեանի անուամբ հիմնադրուած եւ Չօպանեան Մշակութային Միութեան (ՉՄՄ) բարձր հովանաւորութիւնը վայելող սոյն միջոցառումը, «Աղթամար» եւ «Ծաղիկ» գրական մշակութային թերթերու (արեւմտահայերէն լոյս տեսնող) կազմակերպութեամբ եւ անոնց պատրաստած յայտագրին մասին խօսելով, կազմակերպիչ պատասխանատուները ոչ մէկ ջանք խնայած էին հանդիսութեան տալու որակաւոր ու բազմամարդ եւ բացառապէս մտաւորականներով լեցուն ներկայութիւն:
ՉՄՄ-ի հիմնադիր-նախագահ եւ վերոյիշեալ գրական թերթերու հիմնադիր-խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեանի բացման խօսքը, արդարեւ, տպաւորիչ էր շատերու բնութագրումով. «Առջի օր՝ 20 Ապրիլին լրացաւ ծննդեան 140-ամեակը Հայոց Ցեղասպանութեան մեծ զոհերէն՝ հանճարեղ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի: Անցած 24 Յունուարին նշուեցաւ ծննդեան 100-ամեակը վաղամեռիկ եւ հանճարեղ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի, որ արարեց մեծարժէք երկեր, որոնցմէ գլուխ-գործոցը՝ «Անլռելի Զանգակատուն»ը, նուիրուած էր Մեծ Եղեռնի մեծ զոհերէն՝ Ամենայն Հայոց Երգի Վեհափառ, հանճարեղ Կոմիտաս Վարդապետին, որուն ծննդեան 155-ամեակն է այս տարի: Աւելին, այս տարի ծննդեան 70-ամեակն է Ամենայն Հայոց Մշակոյթի Դեսպան, հանճարեղ գրագէտ ու բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, ազգային մեծ Գաղափարախօս, թարգմանիչ եւ ներհուն գրաքննադատ Արշակ Չօպանեանի, որուն անուամբ ստեղծուած Արշակ Չօպանեան Մշակութային Միութեան հովանաւորութեան ներքոյ է որ այսօր տեղի կ’ունենայ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի սոյն բացառիկ միջոցառումը: Տեղի կ’ունենայ 20-ամեակի տարին «Ծաղիկ» գրական-մշակութային թերթի, որ՝ ինչպէս նշուեցաւ, կազմակերպիչներէն մէկն է սոյն գրական-գեղարուեստական տօնախմբութեան: Մէկ խօսքով՝ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան վառ ապացոյց մը սոյն հանդիսութիւնը: Եւ, արեւմտահայ ու արեւելահայ գրական ոսկեզօծ շղթան քիչ առաջ յիշատակուած յոբելեաններով՝ պատահական չէր որ զօդուեցաւ: Անոնց ներդաշնակ զօդումը Հայոց ցեղասպանութեան սեմին, կ’ուզէ նորէն կրկնել, թէ հայ ժողովուրդը միասնակա՛մ է եւ կը մնա՛յ իր բոլոր հատուածներով աշխարհի տարածքին, կեդրոն ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքամայր Երեւանը, բոլորի՛ս սիրելի ու յաւերժական Երեւանը: Վերջապէս, սոյն միջոցառման նպատակն է՝ ապրելու համար ապրեցնե՛լ եւ մեծարել ազգիս մեծերը, Սեւակներն ու Չօպանեանները, Թէքէեաններն ու Թումանեանները, Իսահակեաններն ու Չարենցները եւ միւս մեծերը…»:
Տիւնեայեան իր բացման խօսքէն ետք ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան յայտագրի մասնակիցներուն՝ Վրէժ Սարուխանեանի, Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի, Յասմիկ Յարութիւնեանի, Դոկտ. Փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեանի եւ Մայեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի արուեստի գործունէութիւներն ու անոնց անցած ուղին, վեր առաւ իւրաքանչիւրին վաստակը գրական եւ արուեստի բնագաւառէն ներս:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ երիտասարդ արուեստագիտուհի, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Սոփրանօ Յասմիկ Յարութիւնեան, որուն կոմիտասեան «Տըլէ եաման» եւ «Կռունկ» երգերու կատարումները՝ երկնաբարձ եւ հոգեթով ձայնային ալիքներով, յիրաւի հոգեգրաւ աղօթք էին՝ ակնդիրները պահելով Կոմիտաս Վարդապետի յուզաշխարհին մէջ: «Իրաւամբ մերօրեայ Լուսինէ Զաքարեանը եւ անոր յուզական պակուցիչ կիրակիներու եկեղեցական մթնոլորտը մեզի պարգեւող զմայլելի ձայն, որ իրաւունք կու տայ մեր ժողովուրդին իրա՛ւ հպարտանք ապրելու», աւելցուց Տիւնեայեան:
Ապա հրաւիրուեցաւ Լիբանանէն յատուկ հրաւիրուած, լիբանանահայ հանրածանօթ, մեծատաղանդ ասմունքող, աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր թէ՛ սփիւռքահայ եւ թէ՛ հայրենի զանգուածներէն սիրուած ու փնտռուած աստղ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանը, որ ասմունքելով Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւններէն՝ մեսմերացուց ակնդիրները: «Բարեւ», «Ընկածները», «Մի Պահ Զղջում Եմ», «Մարդ Էլ Կայ, Մարդ Էլ», «Մօր Ձեռքերը», «Հայաստան» եւ այլ սեւակեան գոհարներով, Անի Եփրեմեան՝ որ հայրենի մեծանուն ասմունքող Վերա Յակոբեանի ասմունքի դպրոցէն է, վերջինի արուեստէն խորապէս ազդուած, կրկի՛ն ապացուցեց, որ Սփիւռքի ե՛ւ Հայաստանի ասմունքի վարպետներէն է, իրաւամբ կոչուելով «Ասմունքի Ասպետը»:
Վաստակաշատ եւ հանրաճանաչ գրող, տաղանդաւոր բանաստեղծ, անուանի հրապարակագիր եւ հրապարակախօս, բազմաթիւ արձակ եւ վիպական երկերու՝ («Էգրանականչ», «Հայրենականչ», «Իմ սիրտը հայ է», «Տագնապներ», «Մառախուղ» (հայերէն եւ ռուսերէն), «Բացառիկը», «Ագռաւաքար», «Հոգի ունենք տալու» եւ տասնեակ ալմանախներու, քրիստոմատեաններու մէջ) հեղինակ, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան անդամ Վրէժ Սարուխանեան՝ հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսը, հրաւիրուեցաւ իր խօսքը արտասանելու Պարոյր Սեւակի մասին: Ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Պարոյր Սեւակը դարձաւ մեր գրականութեան ամենաուժեղ նորարարներից մէկը… Նա ճշմարիտ խօսքի առջեւ բացեց հայոց մտքի ու գրի դարպասները այն համարձակութեամբ, ինչը իրենց ժամանակին արել են Նարեկացին, Չարենցը եւ միւսները: Իր ժամանակի խաւարում նա Լոյսի ճամբորդ դարձաւ, ինքնաայրումով գրեց մասնաւորապէս «Եղիցի լոյս» գիրքը: Ցաւօք, Սեւակը չհասաւ ինքնահաշտութեան, որովհետեւ խաւարը շատ թանձր էր, իսկ Լոյսը՝ անպաշտպան: Իսկ ինքը նահանջել չէր կարող»: Վրէժ Սարուխանեանի շահեկան բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ կու տանք յաջորդ թիւով:
Յաջորդաբար իր սրտի խօսքը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ Լուսինէ Զաքարեանի եւ Խորէն Պալեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէն, Մ. Հերացիի անուան Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պիոէտիկայի ամպիոնի (Հայֆա) հայաստանեան մասնաճիւղի վարիչ Սուսաննա Դաւթեանը, որ հետաքրքրական կենդանի յուշեր պատմեց Պարոյր Սեւակի, Լուսինէ Զաքարեանի, Խորէն Պալեանի եւ իր հետ կապուած մտերմիկ հանդիպումներէն: Փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեան դրուատեց հանդիսութիւնը կազմակերպողներն ու զայն հովանաւորող Չօպանեան Մշակութային Միութեան նուիրական աշխատանքը՝ հանդիսութեան համահայկական սէր ու երանգ շնորհելուն համար, յոյս յայտնելով որ նման միջոցառումներու ծարաւն ունեցող հայրենի եւ սփիւռքահայ մշակութասէր-արուեստասէր հանրութեան համար կրկնուին այսպիսի բարձրորակ յայտագրեր:
Արդարեւ հանդիսութեան համատարած փայլք շնորհեց Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական ազգային երգչախումբը, ներկայութեամբ եւ խմբավարութեամբ բազմավաստակ Մայեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի, որուն ծննդեան 95-ամեակը հանդիսաւոր շուքով նշուած էր անցեալ Դեկտեմբերին, Երեւանի Օփերայի դահլիճէն ներս: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Յակոբ Տիւնեայեան ներկայացնելով արդէն ժողովուրդին ծանօթ Մայեսթրօն՝ որպէս ԽՍՀՄ ժողովրդական արտիստ, պետական բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆեսոր եւ Հայաստանի Ազգային Հերոս, շատերուն համար անակնկալ մը մատուցեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ ծնունդով պոլսահայ Մայեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան 1961-ին վերջնականապէս Երեւան հաստատուելէ առաջ, Փարիզի մէջ ուսանողական տարիներուն եղած էր արեւմտահայ մեծանուն գրող Արշակ Չօպանեանի փայլուն աշակերտներէն մին: Ան Մայեսթրոյէն խնդրեց որ յայտագրի աւարտին յուշեր պատմէ Չօպանեանի մասին իր ուսանողական շրջանէն:
«Սարդարապատ», «Երեւան-Էրեբունի» եւ «Քեզ համար, Հայաստան» երգերու կատարումները պետական երգչախումբի շուրջ 120 անդամ-անդամուհիներու կողմէ՝ խմբավարութեամբ Մայեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի, ոչ միայն արուեստասէր ակնդիրներուն, այլեւ բազմապատկեցին երիտասարդական աւիւնն ու ոգեւորութիւնը նո՛յնինքն Մայեսթրոյին մէջ ալ, որ հուսկ խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Չօպանեան Մշակութային Միութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, ապա իր քանի մը յուշերը պատմեց Չօպանեանի մասին, յայտնելով որ ինք որպէս ականատես եւ պատիւ ունեցող աշակերտներէն մին Մեծն Արշակ Չօպանեանի, կը հաստատէ որ վերջինս ոչ միայն մեծ գրող մըն է, այլեւ մեծ հայագէտ, գրաբարագէտ եւ անխառն հայրենասէր մարդ, գլխատառ ՄԱՐԴ, իր սէրն ու հիացմունքը տածելով անոր հանդէպ:
Այնուհետեւ Տիւնեայեան բեմ հրաւիրեց յայտագրի հինգ մասնակիցները՝ Մայեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանը, Վրէժ Սարուխանեանը, Դոկտ. Փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեանը, Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանն ու Յասմիկ Յարութիւնեանը եւ իւրաքանչիւրին ձօնեց Արշակ Չօպանեան Մշակութային Միութեան յատուկ յուշանուէրները:
Յայտագրէն դուրս, սրտի ամփոփ խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, պատմաբան, գրող, սեւակագէտ եւ բանաստեղծական երկերու հեղինակ Յակոբ Ասլանեան, որ ընդգծելէ ետք՝ Սեւակը որպէս անցած դարու մեծագոյն բանաստեղծներէն եւ ազգի նուիրեալներէն մին, սեւակեան շունչով մատուցեց իր անձնական քերթուածներէն մէկը: Ապա խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ գրականագէտ, ՀՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, գրականագիտական բազմաթիւ երկերու եւ յօդուածներու հեղինակ, դոկտոր, փրոֆեսոր Արծրուն Աւագեան, որ վեր առաւ Պարոյր Սեւակի գրական նկարագրի շեշտ գիծերը: Աւագեան գնահատական խօսքեր արտասանեց միջոցառման կազմակերպիչ յանձնախումբին:
«Անմոռանալի պիտի մնայ անմահ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի սոյն միջոցառումը»: Այսպիսի արտայայտութիւններով յաղթանակի իսկական տօնախմբութիւն սարքած հանդիսականները իրարու շնորհաւորանքներ փոխանցեցին՝ կրկին հանդիպելու փափաքով եւ յոյսով:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
«Աղթամար»-«Ծաղիկ»
Պէյրութ
————–
1)Photo 1.- Յակոբ Տիւնեայեան՝ բացման խօսքով:
2)Photo 2.- Գլխաւոր բանախօս Վրէժ Սարուխանեան:
3)Photo 3.- Ներկայութիւնը…
4)Photo 4.- Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան՝ ասմունքի կատարողութեամբ:
5)Photo 5.- Սոփրանօ Յասմիկ Յարութիւնեան:
6)Photo 6.- Դոկտ. Փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեան:
7)Photo 7.- ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Յակոբ Ասլանեան:
8)Photo 8.- Դոկտ. Փրոֆ. Արծրուն Աւագեան:
9)Photo 9.- Մայեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան՝ ոգեշունչ ճառով:
10)Photo 10.- Յուշանուէրի տուչութիւն Մայեսթրոյին եւ միւս բոլոր մասնակիցներուն…
11)Photo 11.- Պետական ազգային երգչախումբը…
12)Photo 12.- Յակոբ Տիւնեայեան, Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան, Յասմիկ Յարութիւնեան:
——————————————————————