Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՐԱՆԱԳԷՏԸ ՀԱՅ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԷԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԻ ԿԱՆԽԱՏԵՍԵՐ ԻՊՐԱՀԻՄ ՌԱՅԻՍԻԻ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՄԱՀԷՆ ՅԵՏՈՅ

May 21, 2024
in Միջազգային
0
ԻՐԱՆԱԳԷՏԸ ՀԱՅ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԷԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԻ ԿԱՆԽԱՏԵՍԵՐ ԻՊՐԱՀԻՄ ՌԱՅԻՍԻԻ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՄԱՀԷՆ ՅԵՏՈՅ

 

Չնայած այն հանգամանքին, որ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կառավարման շրջանին հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն մէջ կողմերը ունեցած են շատ աւելի խոր համագործակցութիւն՝ Իրանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը կը մշակուի երկրի հոգեւոր առաջնորդին համաձայնութեամբ եւ թոյլտուութեամբ. այսինքն՝ երկրին նախագահը զանոնք կ՛իրականացնէ լաւագոյն տարբերակով։ Հետեւաբար, կարելի է ենթադրել, որ հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն մէջ էական փոփոխութիւններ պիտի չըլլան։

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին նման կարծիքը յայտնեց իրանագէտ Գոհար Իսկանդարեանը՝ բնութագրելով հայ-իրանեան յարաբերութիւնները Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կառավարման շրջանին եւ խօսելով երկու երկիրներունմիջեւ յարաբերութիւններու հետագայ հնարաւոր զարգացումներու եւ սպասելիքներուն վերաբերեալ այն բանէն յետոյ, երբ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով զոհուած են Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ արտաքին գործերու նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը։

Իրանագէտը անհրաժեշտ համարեց արձանագրել, որ նախագահ Ռայիսիին բաժին հասած էր տարածաշրջանային անվտանգութեան առումով ամենածանր ժամանակահատուածը։

«Արցախեան վերջին պատերազմէն յետոյ ան լուծուեցաւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ամրագրելու, հայկական եւ նաեւ իրանեան շահերը բարձրաձայնելու գործին, որոնք համընկած էին. այդ շահերը յամառօրէն պաշտպանելու շրջան էր։ Մենք շատ լաւ կը յիշենք, որ Իպրահիմ Ռայիսին, Իրանի հոգեւոր առաջնորդը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործերու նախարար Ապտոլլահեանն էին, որոնք յստակ նշեցին, որ Իրանի եւ Հայաստանի սահմանը պատմական սահման է, եւ ատիկա իրենց համար (խմբ. Իրանի) կարմիր գիծ է, եւ այդ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն անոնք պիտի չհանդուրժեն»,- ընդգծեց Գոհար Իսկանդարեանը։

Ան ցաւով արձանագրեց, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին չայցելեց Հայաստան՝ յիշեցնելով, որ այդուհանդերձ, տարբեր միջազգային հարթակներու մէջ քանի մը անգամ հանդիպած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որոնց ընթացքին իրանեան կողմը բազմիցս նշած է իր քաղաքականութեան հաւատարիմ մնալու յանձնառութիւնը։

«Այստեղ պէտք է արձանագրենք նաեւ մէկ շատ կարեւոր բան, որ Ռայիսիի կառավարման շրջանին էականօրէն զարգացաւ հայ-իրանեան տնտեսական համագործակցութիւնը։ Այսինքն՝ նախապէս եղած շեմէն մենք բարձրացում ունեցանք, եւ աշխուժօրէն համագործակցութիւն կար Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական ոլորտին մէջ։ Յայտնի դարձաւ, որ նաեւ երկրորդ կամուրջը կը կառուցուի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ, որպէսզի կողմերը մեծցնեն առեւտրաշրջանառութիւնը։ Ռայիսիի կառավարման շրջանին էր, որ նոր թափ ստացաւ Հիւսիս-հարաւ ծրագրին Հայաստանի միանալու քաղաքականութիւնը»,- ընդգծեց իրանագէտը՝ խօսելով հայ-իրանեան տնտեսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։

Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն կարեւոր հանգամանքին վրայ, որ Իրանի կողմէ բազմիցս նշուած է, որ Հայաստանը առանցքային դերակատարութիւն պէտք է ունենայ ինչպէս Հիւսիս-հարաւ ծրագրի, այնպէս ալ Պարսից ծոցը Սեւ ծովին կապելու ծրագրին մէջ։

«Մենք յստակ կը տեսնէինք, որ Իրանի գործող կառավարութիւնը շատ լաւ կը հասկնար՝ արցախեան վերջին պատերազմէն յետոյ տարածաշրջանին մէջ տեղի կ՛ունենան փոփոխութիւններ, եւ փորձ կը կատարուի տարածաշրջանին մէջ նուազեցնել ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ Հայաստանի դիրքերը՝ շրջանցելով երկու երկիրներուն հետաքրքրութիւնները։ Ուստի, շատ սթափ գնահատելով իրավիճակը, որոշում կայացուած էր աւելի սերտացնել հայ-իրանեան յարաբերութիւնները»,- ըսաւ Իսկանդարեանը։

Անդրադառնալով Իպրահիմ Ռայիսիի ողբերգական մահէն յետոյ Իրանի մէջ սպասուող ներքաղաքական գործընթացներուն՝ իրանագէտը մանրամասնեց, որ համաձայն Իրանի սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածին, որ նախատեսուած է Իրանի նախագահի մահուան կամ անոր երկարատեւ հիւանդութեան պարագային՝ երկրի կառավարման գործընթացը իր ձեռքը կը վերցնէ առաջին փոխնախագահը։

«Այսօր այդ հարցը արդէն քննարկման դրուած է, եւ փոխնախագահը՝ Մոհամմատ Մոհպերը, այս գործընթացը պէտք է իրականացնէ։ Ասկէ զատ, ըստ սահմանադրութեան, առաջին փոխնախագահը, Մեճլիսի նախագահը եւ դատական համակարգին ղեկավարը 50-օրեայ ժամկէտի մէջ միասին պէտք է Իրանի մէջ նոր նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպեն։ Եւ այս ժամանակ ընտրուած նախագահը պէտք է հաստատուի նաեւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդին կողմէ եւ անցնի իր լիարժէք աշխատանքներուն»,- ըսաւ իրանագէտը։

Share61Tweet38
Previous Post

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Next Post

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱԾՈՒԵՑԱՒ ԳՐԱԿԱՆ-ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ     ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱԾՈՒԵՑԱՒ ԳՐԱԿԱՆ-ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱԾՈՒԵՑԱՒ ԳՐԱԿԱՆ-ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.