Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դրական արդիւնք արձանագրուած է սահմանազատումի եւ սահմանագծումի հարցերուն մէջ: Ըստ Ալիեւի, ներկայիս մեծ կարելիութիւն կայ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու: Ան աւելցուց, որ համաշխարհային մէկ տագնապ գտաւ իր լուծումը, ըստ իրեն: Ալիեւ այս յայտարարութիւնը կատարեց Լաթվիայի խորհրդարանի նախագահին հետ ժողովէն ետք: