Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

 ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՈՐԵՒԷ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԱՅԴ ՇԱՐՔԻՆ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ԴԱՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»

May 21, 2024
in Հայաստան
0
 ՓԱՇԻՆԵԱՆ.  «ՈՐԵՒԷ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԱՅԴ ՇԱՐՔԻՆ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ԴԱՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի ժողովրդագրական ռազմավարութեան նախագիծը:

Որպէս նախորդ քննարկումներու լրացում՝ վարչապետը նշած է, որ այս ընթացքին բաւականին մեծ աշխատանք իրականացուած է եւ յոյս յայտնած է, որ այսօրուայ քննարկումներուն բերումով եզրակացութիւններ պիտի ըլլան: Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է, որ որեւէ ռազմավարութիւն, այդ շարքին՝ ժողովրդագրութեան ռազմավարութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ դատարկութեան մէջ, այսինքն՝ ընդհանուր ծիրի մաս է: Վարչապետը պարզաբանած է, որ ժողովրդագրութիւնը, ըստ էութեան, կը բնորոշուի, բառարանային ձեւակերպմամբ, որպէս գիտութիւն բնակչութեան կամ ազգաբնակչութեան մասին, կ’առնչուի կեանքի եւ ապրելու հայեցակարգի հետ: Ըստ վարչապետին, սա կապ ունի վերջին շրջանին առաջարկուած քաղաքական քննարկման եւ բանավէճի հետ, որովհետեւ ժողովրդագրութեան ռազմավարութեան իրականացման արդիւնաւէտութիւնը քննարկելով կան բազմաթիւ կէտեր, որոնց վերաբերեալ վերաբերմունքը շատ յստակ է եւ դրական, բայց ամէն անգամ այդ կէտերուն հասնելով վստահութիւն չկայ, թէ անոնք որքանով իրատեսական են իրագործել եւ ինչ արդիւնքներու պիտի բերեն:

Վարչապետին խօսքով, ժողովրդագրական ռազմավարութիւնը եւ Հայաստանի ժողովրդագրութեան ընթացիկ իրադրութիւնները քննարկելով հաշուի չեն առնուիր շարք մը ակնյայտ գործօններ, մասնաւորապէս՝ ինչքան մարդ Հայաստանի Հանրապետութենէն արտագաղթած է միայն անոր համար, որ իր երեխան չյայտնուի խրամատին մէջ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ոչ ոք ունի վիճակագրութիւն, թէ այս միխառնութեան առումով Հայաստանի Հանրապետութեան քանի քաղաքացի զրկուած է պատշաճ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն: Մինչդեռ, վարչապետին համոզմամբ, այդ մարդիկ հսկայական ներուժ ունէին, ամենատարբեր ոլորտներու մէջ կրնային շատ մեծ յաջողութիւններու հասնիլ: Ամփոփելով խօսքը՝ վարչապետը ընդգծած է՝ սա չի նշանակեր, որ պէտք է վերանայիլ ռազմավարութիւնը, այլ անհրաժեշտ է զայն դիտել այս լոյսի ներքոյ:

Մանրամասնութիւններ ներկայացուած են ժողովրդագրական ռազմավարութեան հիմնական ազդեցութիւններուն վերաբերեալ: Ըստ այդմ՝ այն պիտի յանգեցնէ բնակչութեան ծերացման աճի նուազման, բնակչութեան երիտասարդացման աճին, պիտի նուազեցնէ եկամուտ-սպառման տարբերութիւնը՝ աւագ սերունդը ներգրաւելով ընկերա-տնտեսական գործունէութեան մէջ, Հայաստանը էապէս պիտի խթանէ իր մարդկային ներուժի զարգացման ցուցակը՝ անով իսկ նուազեցնելով առաջատար երկիրներուն հետ առկայ տարբերութիւնը եւ այլն:

Վարչապետը պատասխանատուներուն յանձնարարած է պատրաստել քննարկումները ամփոփող զեկոյց, որուն հիման վրայ ռազմավարութեան նախագիծը պիտի ներկայացուի կառավարութեան հաստատման եւ պիտի նախանշուին հետագայ քայլերը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ

Next Post

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Next Post
ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.