Կազայի մէջ սկսած պատերազմը սկսելէն եօթը ամիս ետք սկսած են ճեղքեր երեւիլ Իսրայէլի համաձայնական կառավարութեան մէջ: Բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Պենի Կանց յայտարարեց, թէ մինչեւ 8 Յունիս պայմանաժամ պիտի տայ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին՝ յստակ ծրագիր մը ներկայացնելու Կազայի պատերազմին շուրջ: Այս պայմանը չկատարուելու պարագային ան հրաժարական պիտի ներկայացնէ այս կառավարութենէն: Այս պարագային, պիտի աւարտի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վարած համաձայնական կառավարութեան ժամանակաշրջանը ու Նեթանիահու պիտի վարէ իր պաշտօնը երկու տարի եւս, եթէ չպատահին խանգարող դէպքեր: