Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌԱՅԻՍԻ ԵՒ ԱՊՏԸԼԼԱՀԵԱՆ ԱՐԿԱԾԻ ԶՈՀ

May 21, 2024
in Միջազգային
0
ՌԱՅԻՍԻ ԵՒ ԱՊՏԸԼԼԱՀԵԱՆ ԱՐԿԱԾԻ ԶՈՀ

 

Երէկ Իրանի պաշտօնական մամուլը յայտարարեց, թէ Կիրակի երեկոյեան Պավրիզ նահանգին մէջ ինկած ուղղաթիռին մէջ գտնուող բոլոր ճամբորդները եւ անձնակազմը մահացած են: Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի, արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլլահեան եւ երկու այլ անձնաւորութիւններ: Ուղղաթիռը ինկած էր դժուարամատչելի շրջանի մը մէջ, ուր կան խոր ձորեր ու խիտ անտառներ: Այս էր պատճառը որ փրկիչ ջոկատները երկար ժամանակ ետք գտան ինկած ուղղաթիռին կտորները:

Դրացի երկիրներու բոլոր քաղաքական առաջին դէմքերը Իրանի ղեկավարութեան ուղարկեցին ցաւակցական նամակներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ցաւակացագրին մէջ նշեց, թէ կը յայտնէ իր խորազգաց ցաւակցութիւնը նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլլահեանի ցաւալի մահուան առիթով: Այս դժուար ժամանակամիջոցին, Հայաստան պետական եւ ժողովրդային մակարդակներով նեցուկ կը կանգնի Իրանի դրացի եւ բարեկամ ժողովուրդին:

Ցաւակցող բոլոր ղեկավարները յայտնեցին, թէ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի անկեղծ բանակցող մըն էր ու խոստում յարգող: Ան շատ աշխատեցաւ Իրանի համար ու անոր յարաբերութիւնը զարգացուց տարբեր երկիրներու հետ ու Ռուսիոյ հետ մանաւանդ հասցուց ռազմավարական գործընկերոջ մակարդակին: Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ օժանդակեց Ռուսիոյ՝ անոր տրդամադրելով արդիական անօդաչու թռչող սարքեր եւ այլ զէնքեր:

Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետը հրահանգեց քննութիւն բանալ այս ուղղաթիռի արկածին շուրջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Next Post

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ 50 ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Next Post

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ 50 ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.