Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երեք օր սուգ հռչակեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան պատճառով: Պետական հաստատութիւններու դրօշակները պիտի կիսով ծածանին եւ պետական պատկերասփիւռի ու ռատիոկայանի ծրագրերը պիտի փոխուին ներկայացնելու համար պատշաճ ծրագիր:
Լիբանանի տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացուցին իրենց ցաւակցութիւնները այս տխուր առիթով, այցելելով իրանեան դեսպանատուն: