13 Մայիս 2024-ին սկիզբ առաւ Հայկազեան համալսարանի Ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց բաժանմունքին նախաձեռնած մետաղաշերտերու վրայ հայկական զարդանախշեր դրոշմելու դասընթացքը: Ծրագիրը արդիւնքն է Հայաստանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ Հայկազեան համալսարանի հաստատած գործակցութեան: Դասընթացքը կ’իրականացնեն կիւմրեցի ծանօթ դարբին Յովհաննէս Մընոյեանը եւ թանգարանի փոխտնօրէն Գայիանէ Ասլանեանը:
Աշխատանոցը պիտի տեւէ 10 օր, որոնց ընթացքին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ ձեռք պիտի բերեն մետաղի վրայ հայկական զարդանախշեր դրոշմելու փորձառութիւն:
Աշխատանոցին կը մասնակցին Ազգային Միացեալ, Հայ Աւետ. Գոլէճ, Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան, Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձր., Հայ Աւետ. Այնճարի, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ, ՀԲԸՄ, Վահան Թէքէեան, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարաններու, ինչպէս նաեւ ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց ու ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճներու, Համազգայինի Մ. եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի, ու Այնճարի Համազգային Ռ. Նագեան արուեստից դպրոցի շուրջ 400 աշակերտներ: