Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԵՌ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ ՉԷ՛ ՊԱՏԱՀԱԾ

May 16, 2024
in Յօդուածներ
0

 

Մարդկային կեանքի ժամանակահատուածին սահմանափակ ըլլալուն մասին միշտ տարբեր տեսակէտեր կ՛արտայայտեն գիտնականներ: Սկսելու համար Աստուածաշունչէն, կը տեսնենք, որ անոր մէջ յիշուած վեց հարիւր տարեկան մարդոց համար մեկնաբանները յայտնած են արդէն, որ ատիկա այդ ցեղապետերուն ընտանեկան կազմին հաւաքական տարիքն է, եւ ո՛չ թէ միայն տուեալ ցեղապետին: Ուրեմն, շատ հաւանաբար հարիւր, մինչեւ իսկ առաւելագոյնը` հարիւր երեսուն տարի, արձանագրուած է կեանքը մարդ էակին համար այս աշխարհին մէջ:

Պատանեկան տարիքէն մինչեւ երիտասարդութեան աւարտը, մարդիկ կեանքը շա՜տ երկարատեւ կը համարեն: Անոնք մինչեւ իսկ մահուան մասին չեն մտածեր: Յատկապէս ծաղրական մօտեցում ունեցող երիտասարդութեան կեցուածքը` միջին տարիքը լրացուցած եւ հիւանդագին մարդոց նկատմամբ, անսահմանափակ ժամանակամիջոց ունենալու անտեղի վստահութեան հետեւանք է, մինչդեռ գիտակիցները յարգալից մօտեցումով կը մեծարեն զանոնք, առնուազն մխիթարելու համար:

Յոյսի գոյութիւնը իւրաքանչիւր անձի հոգիին մէջ լաւագոյն զօրութիւնն է, որ մարդ էակը կը պարսպապատէ այս կեանքի վտանգներէն: Վերիվայրումները, ֆիզիքական դժուարութիւնները, հոգեկան տագնապներն ու տնտեսական կորուստները մեծ դեր կը խաղան իւրաքանչիւր մարդու կեանքի օրերուն:

Յիշողութիւնը մեծ դեր ունի մարդու կեանքի ընթացքին, որովհետեւ անցեալը, իր յուշերով, արձանագրուած դէպքերով եւ դրական ու ժխտական կեցուածքներով, իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ իւրաքանչիւր ենթակային համար: Օրական մտածումները, մտահոգութիւնները, առօրեայի ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերը, կրնան խորապէս ազդել մարդոց վրայ:

Մեր բոլորին համար ներկան մեծագոյն ուժը ունի, որովհետեւ անոր զօրութիւնը ուղղակի կը տպաւորէ մեզ, կ՛ազդէ մեր վրայ, մինչդեռ անցեալը արդէն յիշողութեան վարագոյրով ծածկուած, եւ երբեմն երազային ամպամածութեամբ յիշուող իրողութեան վերածուած կ՛ըլլայ. իսկ ապագա՞ն, շատ աւելի վախազդու եւ երբեմն շփոթեցնող բնոյթ ունի:

Կեանքի յիսնամեակը բոլորած անձեր քաջատեղեակ կը դառնան, որ իրենց լաւագոյն ժամանակները բոլորած են արդէն: Մեծագոյն սխալն է այս, որովհետեւ փորձառութեամբ հարստացած, աշխատանքի միջոցով վարկ ու վաստակ շահած անձեր, նոր սպասումներով հզօրացած, կեանքի ընթացքին ազդեցիկ անդամներ կը դառնան, անակնկալներ դիմաւորելու ակնկալիքներ ունենալով:

Մանկութենէ մինչեւ երիտասարդութիւն տեւած ճանապարհորդութիւնը շատ աւելի կարճ ժամանակահատուած է, քան յիսնամեակէ մը ետք մինչեւ մահուան օրը, որովհետեւ փորձառութիւնը շատ աւելի լայն ժամանակ կը տրամադրէ իւրաքանչիւր օրուան, քան պատանեկութեան կամ երիտասարդութեան օրերը, որոնք նախապատրաստութեամբ անցնող եւ երկար թուացող օրեր են:

Մարդու ֆիզիքականը լաւագոյն օրինակն է վերոյիշեալ մտածումներուն: Նորածին երեխան շատ շուտով փոփոխութեան կ՛ենթարկուի…: Տակաւին իր մօր գրկին մէջ կաթնկեր նորածինը մի քանի օր յետոյ դիմագծային փոփոխութեան հետ, մարմնական աճում կը ստանայ: Յիսնամեակը աւարտած եւ դէպի վաթսունամեակ դիմող անձին արտաքինը մեծ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի՞: Բնականաբար ոչ, եթէ ֆիզիքական հիւանդութեան մը զոհը չդառնայ ան:

Ծերունազարդ անձի մը կտակած խօսքերէն մէկն էր հետեւեալը. «Արեւը չծագած եւ նոր օրը չբացուած, ինչե՜ր կրնան պատահիլ»: Պատանին կամ երիտասարդը նման փորձառութիւն չի՛ կրնար ունենալ, որովհետեւ ատիկա միայն անցեալ ունեցող մարդոց ուղեղին մէջ խմորուող մտածում մըն է: Ասոնց համար անցեալը իր դէպքերով ու ժամանակահատուածով, սեփական փորձառութեան մը շրջագծին մէջ ամփոփուած իրողութիւններ են: Մինչդեռ պատանիներուն ու երիտասարդներուն համար ապագայի երազները, իրենց տեսիլքներն ու հեռանկարները, նոր պատկերացումներ են, որոնցմով զբաղիլը մեծագոյն ժամանակը կը խլէ իրենցմէ:

Դեռ լաւագոյնը չէ՛ պատահած: Այս համոզումը ներքին զօրութեան աղբիւր է եւ իւրաքանչիւր մարդու համար ինքնաքննութեան առաջնորդող մտածում մըն է: Եթէ չես գիտեր, որ կեանքիդ ընթացքին լաւագոյնը դեռ չէ՛ պատահած, ուրեմն աստուածապարգեւ կեանքը դեռ չե՛ս ճանչցած, այլ ինքնախաբէութեամբ ապրած ես միայն…:

Դժբախտութեամբ համակուած որոշ դէպքերու ազդեցութիւնները, մարդս տկարացնող բնոյթ ունին, սակայն հզօրութեան աղբիւրներ չեն, այլ ինքնախաբէութեան միջոցներ: Դժբախտութիւնները յաղթահարելու ճամբաներ ինքնագիտակցութեամբ որոնելու հնարաւորութիւններ տուած է Աստուած, որ հիմնական տարբերութիւնը պէտք է համարել, քան բնազդով ստեղծուած կենդանական աշխարհը: Անոնց սահմանափակ գիտութիւնը եւ բնութեան ենթարկուած ըլլալու իրավիճակը, մեծապէս տարբեր է ինքնորոշման իրաւունք ունեցող մարդ էակէն: Վերջինը տէրն է աստուածապարգեւ կեանքին, սահմանագծումներէն անդին անցնելու գիտակցութիւնը բանեցնելու կարողութեամբ:

Դեռ լաւագոյնը չէ՛ պատահած կեանքիդ ընթացքին: Ասկէ աւելի ինքնավստահութիւն չկայ, որովհետեւ ասիկա է ապագայ կերտող ուժը, հորիզոններուն վրայ նոր լոյս արձակող երկնային զօրութիւնը, եւ մանաւանդ Աստուծոյ վրայ հաւատք ունենալու սեփական համոզումը:

Այո՛, դեռ լաւագոյնը չէ՛ պատահած կեանքիդ ընթացքին: Յիշարժան դէպքերը, ուրախութեան պահերը, երջանկութեան առիթները, անցեալ-կատարեալ ժամանակահատուածի պատկերացումով միայն յիշատակելի առիթներ են: Սակայն դեռ պատահելիք դէպքերը, փորձառութեան արժէքաւոր կեանքի արգասիքը եղող հարստութեամբ, ինքնագիտակից մարդիկը երջանկացնելու միջոցներ են, որոնք անպայման արդիւնաբերութիւն պիտի համարուին մարդկային կեանքին:

Կեանքի ժամանակը, ինչքան ալ սահմանափակ նկատուի, սխալ արտայայտութիւն է, որովհետեւ արժէքաւոր կեանքով ապրած մարդը, միշտ կուշտ կը հեռանայ այս աշխարհէն…: Ճիշդ է, որ մարդ էակը ամէն գործ չի կրնար աւարտել այս աշխարհէն առյաւէտ մեկնելէ առաջ: Մարդկային միտքը միշտ նոր ծրագրեր կազմելու շնորհքով օժտուած է: Հարիւրամեայ մարդն անգամ յաջորդ օրուան համար աշխատանքային նոր ծրագրեր կը մշակէ, առանց հաշիւ ընելու, որ առաւօտը չբացուած կրնայ վերջ գտած ըլլալ իր կեանքը…: Ուրեմն, աւելորդ է մահացողին համար ըսել, որ այս կամ այն ծրագրերը ունէր տակաւին, որոնք անկատար մնացին: Ընդհակառակը, ծրագրերը վերջ չունին, որովհետեւ մարդկային միտքը բնաւ չի դադրիր ծրագրեր մշակելէ:

Վերեւ նշուածները մեծ յոյսի վերածած, ընթերցողին ընծայելու համար ըսենք, որ լաւագոյնը չէ՛ պատահած դեռ ձեր կեանքին ընթացքին: Իւրաքանչիւր սպասում յոյսի նոր դուռ պիտի բանայ, մինչեւ լաւագոյնին պատահիլը…:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՉԿԱՅ ԵՒ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ. ԵՊՀ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ ՄԵՏԱՂԱՇԵՐՏԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԱՐԴԱՆԱԽՇԵՐ ԴՐՈՇՄԵԼՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Next Post
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ     ՄԵՏԱՂԱՇԵՐՏԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԱՐԴԱՆԱԽՇԵՐ ԴՐՈՇՄԵԼՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ ՄԵՏԱՂԱՇԵՐՏԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԱՐԴԱՆԱԽՇԵՐ ԴՐՈՇՄԵԼՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.