Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտարարած է, որ իրականութեան չի համապատասխաներ այն ենթադրութիւնը, որ ռուսական կողմը, իբր, առաջարկած է ամբողջութեամբ դուրս հանել իր սահմանապահները Հայաստանի տարածքէն։
Զախարովան այս մասին ըսած է ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ։
«Բազմաթիւ շահարկումներ կան Հայաստանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներուն՝ 8 Մայիսին կայացած հանդիպման վերաբերեալ»,- ըսած է Մարիա Զախարովան։
Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը պարզաբանած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներու հանդիպման ժամանակ հայկական կողմին խնդրանքով քննարկուած է ընդամէնը Ռուսաստանի սահմանապահներու դուրսբերումը Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանակից շարք մը մարզերէ։