Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ.  «ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԵՄ ՈՐՈՇՄԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՄ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌԵԼՈՒ»  

May 15, 2024
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ.   «ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԵՄ ՈՐՈՇՄԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՄ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌԵԼՈՒ»  

 

Հայաստանի իշխանութիւնները յոյսով են, որ Երեւանը աջակցութիւն պիտի ստանայ Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն, «Քոփընհակընի ժողովրդավարութեան գագաթաժողովի» ընթացքին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Ան Դանիայի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցէր Հայաստանի ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան թեմայով քննարկման։

«Մենք հիմա կը սպասենք Եւրոմիութեան որոշման՝ Հայաստանին Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամին մէջ ներառելու համար»,- ըսաւ Փաշինեան:

«Politico»-ի խմբագիրի հարցումին՝ արդեօք Երեւանը կ’ակնկալէ՞, որ Եւրոմիութիւնը պիտի լրացնէ Մոսկուայի բացը, Փաշինեանը ուղիղ չպատասխանեց, բայց նշեց՝ Երեւանի քաղաքականութիւնն է բոլոր ոլորտներուն մէջ արտաքին յարաբերութիւններու բազմազանեցումը։

«Հիմա մենք անվտանգութեան դաշտին մէջ կը գործակցինք Հնդկաստանի, Ֆրանսայի եւ միւս երկիրներուն հետ։ Եւ հիմա մենք նմանատիպ գործակցութիւն ունինք Եւրոմիութեան հետ»,- ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեան յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը։ «Ի հարկէ, այդ քաղաքացիական առաքելութիւն է, բայց միւս կողմէ ալ՝ այն նոր գործօն է մեր տարածաշրջանի անվտանգութեան համար։ Առաջին անգամն է, որ ԵՄ-ն որոշ կերպով կերպ ներգրաւուի Հայաստանի անվտանգային օրակարգին մէջ»,- ընդգծեց վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցին։ Յայտարարեց, որ ռազմական կառոյցէն Երեւանի դուրս գալը հետագայ քննարկումներու թեմա է։

Share61Tweet38
Previous Post

2024-Ի «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ Է ԳՈՆԿՈՑԻ ԲԺԻՇԿ ԵՒ ԻՐԱՒԱՊԱՇՏՊԱՆ ՏԵՆԻՍ ՄՈՒՔՎԵԿԷՆ

Next Post

ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՍՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ. ԶԱԽԱՐՈՎԱՆ ՊԱՐԶԱԲԱՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՌՈՒՍ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ԴՈՒՐՍԲԵՐՄԱՆ ՀԱՐՑԸ

Next Post
ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՍՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ.  ԶԱԽԱՐՈՎԱՆ ՊԱՐԶԱԲԱՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՌՈՒՍ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ԴՈՒՐՍԲԵՐՄԱՆ ՀԱՐՑԸ

ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՍՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ. ԶԱԽԱՐՈՎԱՆ ՊԱՐԶԱԲԱՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՌՈՒՍ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ԴՈՒՐՍԲԵՐՄԱՆ ՀԱՐՑԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.