Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

2024-Ի «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ Է ԳՈՆԿՈՑԻ ԲԺԻՇԿ ԵՒ ԻՐԱՒԱՊԱՇՏՊԱՆ ՏԵՆԻՍ ՄՈՒՔՎԵԿԷՆ

May 15, 2024
in Միջազգային
0
2024-Ի «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ Է ԳՈՆԿՈՑԻ ԲԺԻՇԿ ԵՒ ԻՐԱՒԱՊԱՇՏՊԱՆ ՏԵՆԻՍ ՄՈՒՔՎԵԿԷՆ

 

«Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական 8-րդ մրցանակը Լոս Անճելըսի մէջ շնորհուած է Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ գործող իրաւապաշտպան, կնկաբուժ Տենիս Մուքվեկէին:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Մուքվեկէն Գոնկոյի «Փանզի» հիւանդանոցի եւ հիմնադրամի նախագահն է, որ հիմնադրած է 1999-ին՝ մայրական առողջութեան եւ մայրական մահացութեան համակարգային խնդիրը լուծելու նպատակով: Շարունակուող հակամարտութեան եւ պատերազմէն բխող առողջապահական կարիքներու պայմաններուն մէջ՝ հիւանդանոցը դարձած է հակամարտութիւններու ժամանակ սեռային բռնութեան ենթարկուածներու բուժման առաջատար կեդրոններէն մէկը աշխարհի մէջ:

Երեք ժամ տեւած փակ քննարկումէ յետոյ «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովը հրապարակած է իր որոշումը՝ արժանին մատուցելով բժիշկ Մուքվեկէին խիզախ աշխատանքի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրումին համար: Դափնեկիրը կը ստանայ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու բացառիկ հնարաւորութիւն՝ աջակցելով համայնքային առաջնորդներուն, որոնք կ’օգնեն կարիքի մէջ գտնուող մարդոց:

Հիւանդանոցի ստեղծումէն ի վեր բժիշկ Մուքվեկէն եւ անոր խումբը օգնած են Գոնկոյի մէջ սեռային բռնութենէ տուժած աւելի քան 80 հազար մարդու: Հիւանդանոցին մէջ կը բուժեն ոչ միայն անոնց ֆիզիքական վէրքերը, այլեւ կը տրամադրեն իրաւական աջակցութիւն, ընկերա-տնտեսական վերահամարկում եւ ընկերա-հոգեբանական ծառայութիւններ: Մուքվեկէն չէ ընկրկած կանանց պաշտպանութեան եւ սեռային բռնութեան մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու գործին մէջ՝ դէմ դուրս գալով նաեւ Գոնկոյի կառավարութեան եւ Գոնկոյի արեւելեան հատուածը պաշարած զինուած խումբերուն: 2018 թուականին ան արժանացած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի։

Ստեղծուելով Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու անունով՝ ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներու՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը ձգտի լուծելու մարդասիրական խնդիրները աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ՝ օգնելով ամենակարիքաւորներուն: «Աւրորա»-ն արդէն նախաձեռնած է եւ աջակցած աւելի քան 427 նախագիծի 56 երկրի եւ տարածքի մէջ՝ զգալի ազդեցութիւն գործելով խիստ կարիքի մէջ գտնուող մօտաւորապէս 3,2 միլիոն մարդու կեանքին վրայ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄՆ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ.  «ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԵՄ ՈՐՈՇՄԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՄ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌԵԼՈՒ»  

Next Post
ՓԱՇԻՆԵԱՆ.   «ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԵՄ ՈՐՈՇՄԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՄ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌԵԼՈՒ»  

ՓԱՇԻՆԵԱՆ.  «ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԵՄ ՈՐՈՇՄԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՄ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌԵԼՈՒ»  

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.